ՄՈՍԿՈՒԱ, «Ռոյթըրզ».- Այս տարուան աշխարհի ֆութպոլի ախոյեանութեան աւարտախաղերու մեկնարկէն մէկ օր առաջ՝ Յունիս 13ին, ՖԻՖԱն որոշեց 2026ի աւարտախաղերու կազմակերպման առիթը շնորհել Հիւսիսային Ամերիկային։
Արդարեւ, Մեքսիքայի, Գանատայի եւ Միացեալ Նահանգներու կողմէ ներկայացուած միացեալ առաջարկը ստացաւ քուէներուն 67 տոկոսը՝ պարտութեան մատնելով Մարոքի դիմումը։
Նշենք, որ 2026ի աւարտախաղերուն, առաջին անգամ ըլլալով պիտի մասնակցին 48 խումբեր՝ ներկայի 32 խումբերուն փոխարէն։