Սարդարապատի հերոսամարտի եւ Թաւշեայ յեղափոխութեան յաղթանակներուն շունչով Շա-բաթ, 9 Յունիսին Կլետէյլի Հայ երիտասարդական կեդրոնին մէջ տեղի ունեցաւ Կլենտէյլի ՀՕՄի «Սիփան» մասնաճիւղի «Ս. Հացպանեան» շաբաթօրեայ վարժարանի ամավերջի հանդէսը:
Վարժարանի աշակերտութիւնը եւ ուսուցչական կազմը զինուորական զգեստներով հանդէս եկան՝ ներկայացնելու Հայաստանի Ա. Հանրապետութեան 100ամեակին նուիրուած պատշաճ յայտագիր մը՝ երգերով, ոտանաւորներով եւ թատերախաղով:
Յայտագիրի սկիզբը վարժարանի կրտսեր եւ երէց աշակերտները ոտանաւորներ արտասանեցին եւ Լուսինէ Մելիքսէթեանի ղեկավարութեամբ երգեցին սիրուած հայկական մանկական, ժողովրդական եւ ազգային երգեր: Ապա երէց դասարանի աշակերտները ներկայացուցին թատերախաղ մը՝ նիւթ ունենալով Սարդարապատի ճակատամարտը:
Յայտագիրը մեծ շուքով փակուեցաւ երբ աշակերտները լման կազմով դէպի սրահ տողանցեցին Սարդարապատի քայլերգով եւ եռագոյն դռօշով:
Յայտագիրի աւարտին, աւանդութիւն դարձած Թաթայի «Վերջին Զանգը» երգով ուսուցչական կազմը բեմ բարձրացաւ, իսկ վարչութեան ատենապետուհի Ժարմէն Միրզախանեան որպէս գնահատանք եւ շնորհակալութիւն՝ վարդեր նուիրեց իւրաքանչիւր ուսուցչուհիի:
Խանդավառութիւնը շատ աւելի բարձրացաւ, երբ յայտագիրի աւարտին, մեծ ժողովրդականութիւն շահած «Դուխով» երգը հնչեց եւ աշակերները, ուսուցչուհիներն ու ներկաներ պարեցին եւ իրարու բարի արձակուրդ մաղթելով եւ նոր տարեշրջանին վերադառնալու մտադրութեամբ՝ մեկնեցան իրենց ամառնային արձակուրդին:
«Ս. Հացպանեան» շաբաթօրեայ վարժարանը կը գործէ Կլենտէյլի Հայ երիտասարդական կեդրոնին մէջ, Օգոստոսէն Յունիս երկարող ամիսներուն ընթացքին, առաւօտեան ժամը 10էն կ.ե. ժամը 1: Կ՛ընդունուին չորս տարեկանէն սկսեալ աշակերտներ: Վարժարանին մէջ կը դասաւանդուին հայերէն, հայոց պատմութիւն, հայկական երաժշտութիւն եւ հայկական պար: Կը նշուին հայկական աւանդական տօները եւ աշակերտութիւնը բեմ կը բարձրանայ տարեկան երեք հանդէսներով:
Վարժարանի 2018-2019 տարեշրջանի արձանագրութիւնները կը սկսին 18 Օգոստոսին, իսկ դասաւանդութիւնները՝ 25 Օգոստոսին:
Յաւելեալ մանրամասնութիւններու համար կարելի դիմել ՀՕՄի գրասենեակ, հետեւեալ թիւով՝ 818-500-1343:
(Թղթակցութիւնը վարժարանէն)