ԱՍՊԵՏ Պ.
Ազգային կառոյցներու մէջ աշխատողները բարերարներու հետ յարաբերելու տարբեր փորձառութիւններէ անցած են, վստահաբա՛ր: Մեզի հասած են ամէն տեսակի պատմութիւններ, թէ որքա՛ն պահանջկոտ կ՛ըլլան ամէնէն փոքր գումար նուիրողներ, թէ ինչպէ՛ս յարգանք ու պատիւ կ՛ակնկալեն, կը պահանջեն, իսկ եթէ իրենց ակնկալածը չստանան՝ կը սպառնան այսուհետեւ մերժել իրենց կատարուած բոլոր դիմումները:
«Ասպարէզ»ի խմբագրութիւնը կրնայ վստահաբար վկայել, թէ ազգային մեր կառոյցներու պարագային, աւելի մեծ է հաւանականութիւնը հանդիպելու ա՛յն տեսակի բարերարներու, որոնք համեստութեամբ կը փայլին, որոնք ոչ մէկ ակնկալութիւն կամ պահանջ կ՛ունենան, եւ որոնք ծանր չեն նստիր շունչիդ վրայ:
Այս բարերարներու ազնուագոյն խումբին կը պատկանին Մհեր եւ Սաթիկ Տէր Օհաննէսեանները, որոնք վերջերս դարձան Լա Քրեսենթայի Հայ կեդրոնի բարերարներ: Կեդրոնի անուանակոչութեան ձեռնարկի կազմակերպիչ յանձնախումբի անդամներուն հետ խօսելով՝ մենք զգացինք այն հիացումը, զոր անոնք կը դրսեւորէին Տէր Օհաննէսեաններուն հանդէպ, եւ իրենց երախտագիտական արտայայտութեանց ի տես բարերարներուն ամօթխած հակազդեցութիւնները:
Ձեռնարկէն ետք, ահաւասիկ բարերարները որոշեցին պատուել ու գնահատել կազմակերպիչ յանձնախումբը ու կեդրոնի ղեկավարութիւնը՝ զանոնք հրաւիրելով ընթրիքի, որուն հրաւիրուեցաւ նաեւ «Ասպարէզ»ի խմբագրական կազմը:
Հաճելի երեկոյ մըն էր, որուն ընթացքին փոխանակուեցան ջերմ խօսքեր ու գնահատականներ, որոնց ընդմէջէն ի յայտ եկաւ Տէր Օհաննէսեան ամոլին երկարատեւ կապը Լա Քրեսենթայի հայ կեդրոնին ու անոր շուրջ հաւաքուած համայնքին հետ: Այդ սերտ կապն էր, հաւանաբար, որ հարազատութիւնը կը խորացնէր բարերարներուն ու կազմակեպութեան անդամներուն միջեւ: Այդ սերտ կապն էր, հաւանաբար, որ հասկնալի կը դարձնէր ո՛չ պաշտօնականութիւնն ու մտերմութիւնը «երախտապարտ» բարերարներուն եւ համայնքի գործիչներուն միջեւ:
Արեւմտեան Ամերիկայի Հայոց Առաքելական եկեղեցւոյ Ազգային վարչութեան անդամ, նուիրեալ հասարակական գործիչ, գրեթէ բոլոր ազգային հաստատութիւններուն (ներառեալ՝ «Ասպարէզ»ին) իր կատարած նուիրատուութիւններով յայտնի Մհեր Տէր Օհաննէսեան, խօսելով նաեւ իր կեանքի ընկերոջ՝ Սաթիկի անունով, որ Լա Քրեսենթայի ՀՕՄի հիմնադիր անդամներէն է, ընթրիքին ընթացքին շնորհակալութիւն եւ երախտագիտութիւն յայտնեց, որ իրեն առիթ ընծայուած է բարերարութիւն կատարելու Հայ կեդրոնին:
Սիրո՛վ՝ Մհեր եւ Սաթիկ: Սիրո՛վ՝ Տէր Օհաննէսեան ընտանիք: