ԵՐԵՒԱՆ, «Ակունք».- Եւրոմիութեան հետախուզական կեդրոնին կողմէ պատրաստուած զեկոյց մը հասած է այն եզրակացութեան, որ «2015ի Հոկտեմբեր 10ին, Անգարայի մէջ տեղի ունեցած ահաբեկչութիւնը իրականացուած է «Իսլամական պետութիւն» ահաբեկչական կազմակերպութեան զինեալներուն կողմէ, որոնց սոյն յանձնարարութիւնը տուած է Թուրքիոյ իշխող Արդարութիւն եւ բարգաւաճում կուսակցութիւնը»:
Կեդրոնին կողմէ «խիստ գաղտնի» նշումով յղուած սոյն զեկոյցը անցած է «Ահվալ» լրատու գործակալութեան ձեռքը, որ կը յիշեցնէ, թէ քրտամէտ եւ ձախակողմեան գործիչներու կողմէ կազմակերպուած՝ խաղաղութեան ի նպաստ ցոյցին դէմ կատարուած այս անձնասպանական յարձակումը աւելի քան 120 զոհ խլած էր։
Օրին, քրտամէտ Ժողովուրդներու ժողովրդավարական կուսակցութեան համանախագահ Սալահետտին Տեմիրթաշ ըսած էր, որ նշաններ կան, թէ այս յարձակումը գործուած է «Իսլամական պետութեան» կողմէ՝ աւելցնելով. ««Իսլամական պետութիւն»ը չի կրնար նման բան մը ընել, եթէ պետութեան մէջ իրեն զօրակցողներ չըլլան», այսպիսով՝ կառավարութիւնը ուղղակի պատասխանատու համարելով։