ԵՐԵՒԱՆ, «Արմռադիօ».- Վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի որոշումով, Դաւիթ Փախչանեան նշանակուեցաւ պաշտպանութեան նախարարի տեղակալ:
Փախչանեան նախապէս կը վարէր Հայաստանի Հանրապետութեան պաշտպանութեան նախարարի տեղակալ-պաշտպանութեան նախարարութեան ռազմարդիւնաբերութեան պետական կոմիտէի նախագահի պաշտօնը
Նշենք, որ վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի որոշումով, Երկուշաբթի, 11 Յունիսին, իր պաշտօնէն հեռացուեցաւ կրթութեան եւ գիտութեան նախարարի տեղակալ Մանուկ Մկրտչեան:
Վարչապետի մէկ այլ որոշումով, Լուսինէ Առաքելեան նշանակուեցաւ կրթութեան եւ գիտութեան նախարարի տեղակալ:
Նաեւ նշենք, որ վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի որոշումով, Աշոտ Յովակիմեան նշանակուեցաւ արտաքին գործոց նախարարի տեղակալ: