ԵՐԵՒԱՆ.- Կիրակի, 10 Յունիսի վաղ առաւօտեան, ամէնամեայ «Օրորա» մրցանակի երրորդ դափնեկիր ճանչցուեցաւ իրաւաբան եւ գործիչ Չօ Լա Աունը՝ մեծարանքի արժանանալով այն նուիրումին համար, որմով ան, հակառակ բոլոր բռնաճնշումներուն, հետապնդումներուն եւ հալածանքներուն, պայքարած է Միանմարի ռոհինճա ժողովուրդին հաւասարութեան, կրթութեան եւ մարդու իրաւունքներուն համար:
Անոր անունը՝ իբրեւ դափնեկիր, յայտարարուեցաւ Հայաստանի մէջ՝ արեւածագին, Արարատ լերան ստուերին տակ տեղի ունեցած հանդիսութեան ընթացքին:
«Օրորա» մրցանակը կը շնորհէ «Օրորա» մարդասիրական նախաձեռնութիւնը Հայոց Ցեղասպանութեան վերապրողներու անունով՝ իբրեւ երախտագիտութիւն զիրենք փրկողներուն: Չօ Լա Աուն «Օրորայ» մրցանակի 2018ի դափնեկիր ընտրուեցաւ 115 երկիրներէ առաջադրուած 750 թեկնածութիւններու ցանկէն:
«Օրորա» մարդասիրական նախաձեռնութեան համահիմնադիր եւ մրցանակի Ընտրող յանձնաժողովի անդամ Վարդան Գրեգորեան Չօ Լա Աունի մասին դրուատանքի իր խօսքին մէջ ըսաւ. «Յիշելով, թէ Ցեղասպանութեան ընթացքին բռնի տեղահանութեան ճանապարհներուն հայերը, յատկապէս կանայք ու երեխաները, ինչպիսի սարսափներու եւ վայրագութիւններու ենթարկուեցան, մենք մեծագոյն պատասխանատւութեամբ այժմ ոտքի կանգնած ենք՝ աջակցելու Չօ Լա Աունի մարդապաշտպան գործին, որ օր մը պիտի յանգեցնէ այն բանին, որ գործի դրուին պետական եւ միջազգային օրէնքներ՝ կոչուած պաշտպանելու մարդոց խոցելի խումբերը: Իր սեփական կեանքին մեծագոյն սպառնալիքի պայմաններու տակ, Չօ Լա Աուն կը կատարէ վիթխարի աշխատանք՝ օրինակ դառնալով այն հեռահար ազդեցութեան, զոր կրնայ ունենալ մէկ անհատը՝ սկիզբ դնելով մեծ շարժման եւ օգնելով մարդոց՝ վերափոխելու իրենց կեանքը»:
Իբրեւ «Օրորա» մրցանակի 2018ի դափնեկիր՝ Չօ Լա Աուն պիտի ստանայ 100,000 տոլար պարգեւ, ինչպէս նաեւ նուիրատուութեան շղթան շարունակելու հնարաւորութիւն՝ մրցանակի 1,000,000 տոլարի մրցանակը իր ընտրութեամբ նուիրելով հետեւեալ երեք միջազգային կազմակերպութիւններուն, որոնք Միանմարի մէջ բժշկական օգնութիւն եւ օժանդակութիւն կը տրամադրեն փախստականներուն.
– «Բժիշկներ առանց սահմաններու», Լոնտոն (Medecins Sans Frontieres)
– MERCY Մալայզիական բժշկական նպաստամատոյց, Մալիզիա (Malaysian Medical Relief – MERCY Malaysia)
– Գաղթականութեան միջազգային կաթոլիկ յանձնաժողով, Զուիցերիա, Միացեալ Նահանգներ (ICMC – International Catholic Migration Commission)
Չօ Լա Աուն տասնամեակներ շարունակ մեծ նուիրումով գործած է՝ իրաւապաշտպանի իր հմտութիւնները ի սպաս դնելով քաղաքացիութենէ զրկուած ռոհինկա ժողովուրդի մարդու հիմնարար իրաւունքներուն համար մղած պայքարին: Անոր նուիրումը Միանմարի կառավարութեան կողմէ հետապնդուող հարիւր հազարաւոր իսլամ փախստականներու եւ կրթութենէ զրկուած երեխաներու իրաւունքներու եւ արդարութեան պայքարին զօրեղ է, քան երբեւէ: Ստանձնած առաքելութեան հետեւանքով՝ իր կեանքէն 12 տարիններ ան անցուցած է բանտարկութեան մէջ՝ ծանրագոյն զրկանքներու ենթարկելով անոր սեփական ընտանիքին:
«Օրորա» մրցանակի 2018ի դափնեկիր հռչակուելուն վերաբերեալ՝ Չօ Լա Աուն ըսաւ. «Իմ ժողովուրդը կ՛ենթարկուի դաժան սահմանափակումներու, եւ արդէն կորսնցուցած է իր խիզախութիւնն ու սեփական ուժերուն հանդէպ հաւատքը, դարձած անգրագէտ, նաեւ՝ ընչազուրկ: «Օրորա» մրցանակի աջակցութիւնը կարեւոր ճանաչում կը բերէ մարդու իրաւունքներու խախտումներու ենթարկուած բոլոր իսլամներուն, եւ ռոհինկա ժողովուրդին թշուառ կացութիւնը օրէ օր աւելի նկատելի կը դառնայ միջազգային հանրութեան»:
Նշենք, որ «Օրորա» մրցանակի 2018ի դափնեկիրը պատուելու համար Հայաստան ժամանած են միջազգային մարդասիրական հանրութեան առաջատար ներկայացուցիչներ, ինչպէս նաեւ «Օրորա» մրցանակի Ընտրող յանձնաժողովի անդամներ, որոնց մէջ են Նոպէլեան մրցանակի դափնեկիր Շիրին Էպատի, Իրլանտայի նախկին նախագահ Մերի Ռոպինսըն, Աւստրալիոյ արտաքին գործոց նախկին նախարար եւ Միջազգային ճգնաժամային խումբի նախագահ ու գործադիր տնօրէն Կարեթ Էվընզ, Մեքսիքոյի նախկին նախագահ Էռնեսթօ Սետիլէօ, «Բժիշկներ առանց սահմաններու» կազմակերպութեան հիմնադիր եւ Ֆրանսայի արտաքին գործոց նախկին նախարար Պերնարտ Քուշներ, Լոնտոնի կայսերական քոլեճին կից Համաշխարհային առողջապահական նորարարութիւններու ուսումնարանի տնօրէն Արա Տարզի եւ ՄԱԿի մօտ նախկին մշտական ներկայացուցիչ Սամանթա Փաուըր:«Աւրորա» Մարդասիրական Մրցանակի Ձեռնարկ