ԵՐԵՒԱՆ.- Հայաստանի Հանրապետութեան գիւղատնտեսութեան նախարար Արթուր Խաչատրեան 8 Յունիսին ընդունեց Ասիական զարգացման դրամատան (ԱԶԴ) հայաստանեան գրասենեակի տնօրէն Շէյն Ռոզենթալի գլխաւորած պատուիրակութիւնը:
Նախարարը ողջունելով հիւրերը՝ գոհունակութեամբ յայտնեց, որ ԱԶԴը հետաքրքրութիւն կը դրսեւորէ գիւղատնտեսութեան եւ գիւղամթերքի վերամշակման ոլորտներուն մէջ: Շէյն Ռոզենթալ նախարարին ներկայացուց Հայաստանի մէջ ԱԶԴի կողմէ իրականացուող շարք մը ծրագիրներ, ինչպէս նաեւ տեղեկացուց, որ Ասիական զարգացման դրամատան վարկային պաշտօնէութեան վարկերուն զուգահեռ կը զարգանան նաեւ մասնաւոր հատուածին տրամադրուող վարկերու ծաւալը:
Ներկայացնելով Հայաստանի գիւղատնտեսութեան ոլորտի ներկայ առաջնահերթութիւնները եւ պետական աջակցութեամբ իրականացուող նոր ծրագիրները՝ նախարար Արթուր Խաչատրեան ընդգծեց, որ Հայաստանի կառավարութեան թիրախը կը հանդիսանան ներկայիս երկրին մէջ մեծամասնութիւն կազմող փոքր գիւղացիական տնտեսութիւնները եւ Հայաստանի գիւղատնտեսութեան նախարարութեան յառաջիկայ քաղաքականութիւնը ուղղուած պիտի ըլլայ փոքր հողագործներու աջակցութեան: Գիւղատնտեսութեան հետագայ զարգացման համար նախարար Արթուր Խաչատրեան կարեւոր համարեց նաեւ գիւղացիական տնտեսութիւններու միաւորումը եւ համագործակցութեան խթանումը:
Առանձին անդրադարձ կատարուեցաւ ոռոգման ժամանակակից համակարգերու եւ կարկտապաշտպան ցանցերու ներդրումին, գիւղամթերքի ամբողջական արժեշղթայի ձեւաւորումին եւ շուկայահանումին, գիւղատնտեսական ապահովագրութեան, կենդանիներու հաշուառման եւ երկուստեք հետաքրքրութիւն ներկայացնող այլ հարցերու: