ԼԱ ՔՐԵՍԵՆԹԱ.- ՀՄԸՄի Շրջանային վարչութիւնը Շաբաթ, 2 Յունիսին, իր կեդրոնի «Անտոնեան» սրահին մէջ կազմակերպած էր արի-արենուշներու համար դաստիարակչական դասընթացք մը, որուն մասնակցեցան սկաուտական վկայեալ կարգի շուրջ 35 թեկնածուներ։ Մէկ օր տեւած դասընթացքը ունէր նաեւ ազգային-կրօնական դասախօսութեան բաժին։
Ընդառաջելով Շրջանային վարչութեան խնդրանքին եւ տնօրինութեամբ Արեւմտեան թեմի առաջնորդ Մուշեղ արք. Մարտիրոսեանի՝ Վազգէն Ա. քհնյ. Աթմաճեան ներկայացուց կրօնական նիւթը, որ կ՛ընդգրկէր մեր եկեղեցւոյ պատմութիւնը, նուիրապետական Աթոռները, հայկական յարանուանութիւնները, կրօնական դաստիարակութեան կարեւորութիւնը եւ աղանդները։