ԼԱՍ ՎԵԿԱՍ.- Լաս Վեկասի Ս. Կարապետ եկեղեցին Շաբաթ, 9 եւ Կիրակի, 10 Յունիսին պիտի տօնէ իր օծման 5րդ տարեդարձը։ Այս առիթով, Արեւմտեան թեմի առաջնորդ Մուշեղ արք. Մարտիրոսեան պիտի այցելէ Լաս Վեկաս, հովանաւորելու համար տարեդարձի տօնախմբութիւնը եւ Ս. պատարագ մատուցելու եկեղեցւոյ մէջ։ Լաս Վեկաս պիտի գտնուին նաեւ Ազգային վարչութեան ատենապետ Կարօ Էշկիեանն ու այլ անդամներ։
Շաբաթ, 9 Յունիսի երեկոյեան տեղի պիտի ունենայ տարեդարձի ճաշկերոյթը՝ մասնակցութեամբ առաջնորդ սրբազանին ու ժողովականութեան անդամներուն։ Իսկ Կիրակի, 10 Յունիսին, առաջնորդը պատարագ պիտի մատուցանէ եւ իր պատգամը պիտի ուղղէ Ս. Կարապետ եկեղեցւոյ մէջ։
Սրբազանին եւ Ազգային վարչութեան անդամներուն այցելութիւնը նաեւ առիթ պիտի ընծայէ, որ անոնք հանդիպում ունենան եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւին՝ Արսէն քհնյ. Գասապեանին ու ծխական մարմինին հետ, գնահատումը կատարելու համար անցեալ տարիներու իրագործումներուն, ինչպէս նաեւ՝ խորհրդակցելու ապագայի ծրագիրներուն մասին։