Հինգշաբթի, 31 Մայիսին, Ուաթըրթաունի Հայ կրթական եւ մշակութային կեդրոնի սրահին մէջ տեղի ունեցաւ իւրայատուկ ձեռնարկ մը, նուիրուած՝ Հայաստանի Անկախութեան 100ամեակին: Ձեռնարկին իւրայատկութիւնը կը կայանար 1918 թուականին անկախացած Հանրապետութեան պաշտօնական արխիւներէն նմոյշներ ցուցադրելուն մէջ, որոնց շարքին էր նաեւ այն գլխաւոր փաստաթուղթը, որ աւետած էր հայկական անկախ պետութեան հիմնադրութեան մասին՝ Հայաստանի Հանրապետութեան անկախութեան հռչակագիրը:
Օգտուելով այն պատեհութենէն, որ Անկախ Հայաստանի արխիւներուն պատկառելի մասը կը գտնուի «Հայրենիք» հաստատութեան շէնքին մէջ, կազմակերպողները յատուկ խնամքով այցելուներուն առջեւ ցուցադրած էին տասնեակէ մը աւելի նմոյշներ, որոնք կը վերաբերէին նորանկախ Հանրապետութեան զինուորական, դիւանագիտական, տն-տեսական, ընկերային եւ այլ բնագաւառներու: Անոնց ընդմէջէն փոքրիկ պատկեր մը կը տրուէր այն բազում դժուարութիւններէն, զորս դիմագրաւած էր աւերակներէ ծնունդ առած հայոց պետութիւնը:
Իւրաքանչիւր նմոյշի վրայ զետեղուած էր նաեւ անգլերէն կարճ բացատրութիւն մը տուեալ փաստաթուղթին մասին:
Համազգայինի Պոսթընի մասնաճիւղի վարչութեան կազմակերպութեամբ եւ գաղութի այլ միութիւններու ներկայացուցիչներու աջակցութեամբ կայացած սոյն երեկոյի երկրորդ բաժինով ցուցադրուեցաւ հայրենի «Երկիր Մեդիա» պատկերասփիւռին պատրաստած Արթուր Մկրտչեանի հեղինակային վաւերագրական Ժապաւէնի անգլերէն տարբերակը, որ կը կրէ «Պետութիւն՝ Վերջին Հողակտորին Վրայ» (State on the Last Piece of Land) խորագիրը: Ժապաւէնը Համազգայինի Պոսթընի մասնաճիւղին կողմէ ամբողջութեամբ թարգմանուած է անգլերէնի եւ վերակերտուած այս անգլերէն օրինակը:
Ժապաւէնի ցուցադրութեան նախորդեց վարչութեան անդամ Վազրիկ Չիլոյեանի բացման խօսքը, ուր ան ընդգծեց անկախ պետութիւն կերտելու այն շղթան, որ կ՛երկարի Մայիսեան հերոսամարտերէն մինչեւ Արցախեան պայքար ու Հայաստանի վերջին ժողովրդային շարժումը: Չիլոյեան իր ամփոփ խօսքը եզրափակեց՝ ըսելով. «Մայիս 28ը կը շարունակէ ըլլալ աւելին՝ քան անցեալի յիշատակում: Անիկա մեր ժողովուրդի ապագային հանդէպ յանձնառութիւն է»:
Ներկաները ուշադիր հետեւեցան շուրջ կէս ժամ տեւողութեամն ժապաւէնին, որմէ ետք խումբ մը ՀԵԴականներ ու ՀՄԸՄի սկա-ուտներ կատարեցին «Սարդարապատ» եւ «Քաջ Դրօ» երգերը: