17 Օգոստոսին, յետմիջօրէի ժամը 15էն սկսեալ, Գերմանիոյ Մարք Պրանտենպուրկի ամենահին տան մէջ (1409) պիտի ցուցադրուին Ճոնաթան Շփանկենպերկի գեղարուեստական նկարները:
Ցուցահանդէսին պիտի ներկայացուի Ճոնաթանի մանկութեան եւ Այնճարին առընչուող շուրջ 40 նոր աշխատանքներ:
Ցուցահանդէսը պիտի շարունակուի մինչեւ 15 Հոկտեմբեր:
Հրաւիրուած են բոլորը:
Նշենք, որ Ճոնաթան Շփանկենպերկ ծնած է Գերմանիա, 1983ին: 1984-2004 ապրած է Լիբանանի Այնճար հայաւանին մէջ, 2004ին ուսանելու նպատակով վերադարձած է Գերմանիա: 2008ին կեանքի ճանապարհը զինք տեղափոխած է Հայաստան, այնուհետեւ՝ 2010ին, Հիւսիսային Ափրիկէ եւ 2013ին դարձեալ Լըվանդ: Այս «պտոյտ»ին ընթացքին, 2009ին, սկսած է նկարչութեամբ զբաղելու:
Նկարներն ու անոնց հետ կապուած պատմութիւնները, որոնք պիտի ներկայացուին Levantine Childhood խորագիրը կրող ցուցահանդէսին, ստեղծուած են Պրանտենպուրկի մէջ, ուր ան կ՛ապրի 2015էն ի վեր: