ԵՐԵՒԱՆ.- 7-9 Յունիսին, Հայաստանի Գիտութիւններու ազգային ակադեմիոյ Արեւելագիտութեան հիմնարկին կողմէ կը կազմակերպուի միջազգային գիտաժողով մը՝ նուիրուած օսմանեան եւ ռուսական դիւանագիտական ասպարէզի ամենայայտնի դէմքերէն մէկուն՝ Մանուկ Պէյ Միրզայեանի ծննդեան 250ամեակին։ Գիտաժողովը, որ կը կազմակերպուի պատմական գիտութիւններու ու հայատառ թրքերէն գրականութեան մարզերու մասնագէտ փրոֆ. Յասմիկ Ստեփանեանի առաջարկով, պիտի գումարուի Հայաստանէն եւ եօթը այլ երկիրներէ գիտնականներու մասնակցութեամբ։
Հայաստան պիտի երթայ Մանուկ Պէյի վերանորոգեալ ապարանքի տնօրէնը։
Մանուկ Պէյ Միրզայեան նոյն ատեն եղած է Օսմանեան կայսրութեան ու Ռուսիոյ հպատակ, յարգուած հիւր՝ աւստրիացի եւ ռուս տիրակալներու պալատներէն ներս։ Ան ունեցած է մետաքսի, բուրդի, բամպակի, ծխախոտի, համեմներու եւ մեղրամոմի վաճառքի մենաշնորհ։ Իր հայրը ծնունդով Հայաստանի Աշտարակ շրջանի Կարբի գիւղէն էր, իսկ Մանուկ Պէյ Միրզայեան ծնած էր Պուլկարիոյ Ռուսչուք բնակավայրին մէջ։
Մանուկ Պէյ Միրզայեանի եւ Յարութիւն Ամիրա Պէզճեանի անուններուն հետ կը կապուի ռուս-թրքական պատերազմի օրերուն Մահմուտ Բ. Սուլթանը ծայրայեղ ծանր վիճակէն հանելու եղելութիւնը։ Մանուկ Պէյն էր նաեւ որ աջակցած էր Օսմանեան կայսրութեան մէջ ենիչէրիներու հզօր ու երկրին համար չափազանց վտանգաւոր դարձած վարչակարգը տապալելու գործին։
Գիտաժողովի երրորդ օրը Աշտարակի Կարբի գիւղին մէջ պիտի կատարուի Մանուկ Պէյ Միրզայեանի անուան հրապարակի բացումը։