ԱՆԳԱՐԱ.- Թրքական զօրքերը 26 քիլոմեթր յառաջացած են իրաքեան հողերէն ներս, կը հաղորդէ «ՌԻԱ Նովոսթի» լրատուական գործակալութիւնը՝ վկայակոչելով Թուրքիոյ ներքին գործոց նախարար Սոլէյման Սոյլուն:
«Մեր զինուորները 26-27 քիլոմեթր յառաջացած են Իրաքի հիւսիսը: Քանտիլ (Կորդուաց լեռներ) հասնելու քիչ մնացած է. մենք հանգիստ պիտի չձգենք այդ դաւաճան կառոյցը», ըսած է Սոյլու՝ ակնարկելով այդ շրջանին մէջ գործող եւ Թուրքիոյ մէջ արգիլուած Քիւրտիստանի բանուորական կուսակցութեան: