ՊԷՅՐՈՒԹ.- Սփիւռքի միակ հայկական բարձրագոյն կրթական հաստատութիւնը՝ Հայկազեան համալսարանը, 121 շրջանաւարտներու նոր հունձք մը տուաւ հանդիսաւոր արարողութեամբ, Շաբաթ, 26 Մայիսի երեկոյեան, համալսարանի շրջափակին մէջ:
Պաշտօնական հանդիսութեան ներկայ էր Լիբանանի զբօսաշրջութեան նախարար Աւետիս Կիտանեան, որ կը ներկայացնէր Լիբանանի Հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աունը եւ վարչապետ Սաատ Հարիրին, երեսփոխան Յակոբ Բագրատունին, որ կը ներկայացնէր խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրին, երեսփոխան վեր. Էտկար Թրապուլսին, Լիբանանի ուժեր կուսակցութիւնը կը ներկայացնէր երեսփոխան Ժան Թալուզեանը, Հայաստանի Հանրապետութեան արտակարգ եւ լիազօր դեսպան Սամուէլ Մկրտչեան, բանակի հրամանատարի ներկայացուցիչը, Սուրիոյ Հայ Աւետարանական եկեղեցւոյ համայնգապետ վեր. Յարութիւն Սելիմեան, Լիբանանի Հայոց թեմի առաջնորդ Շահէ եպս. Փանոսեան, Հայ Կաթողիկէ եկեղեցւոյ պատրիարքական թեմի օգնական եպիսկոպոս Գէորգ եպս. Ասատուրեան, Սուրիոյ եւ Լիբանանի Աւետարանական համայնքի նախագահ վեր. Սելիմ Սահիունին, Մամլոյ սենտիքայի նախագահ Իլիաս Աունը, Պուրճ Համուտի քաղաքապետ Մարտիկ Պողօսեան, Հայկազեան համալսարանի խնամակալութեան ատենապետ Միացեալ Նահանգներէն Յասմիկ Պարան, հոգաբարձութեան անդամներ, հայկական եւ լիբանանեան քաղաքական կուսակցութիւններու ներկայացուցիչներ, կրթական հաստատութիւններու ներկայացուցիչներ, ծնողներ եւ բարեկամներ:
Շրջանաւարտները դասախօսական կազմին հետ հանդիսաւոր թափորով մը ուղղուեցան բեմ, որմէ ետք հնչեց Լիբանանի քայլերգը, որուն յաջորդեց համալսարանի հոգեւոր տեսուչ վեր. Ուիլպըրթ Վան Սանի բացման աղօթքը:
Այնուհետեւ խօսք առաւ Հայկազեան համալսարանի նախագահ վեր. դոկտ. Փօլ Հայտոսթեան: Ան ըսաւ, որ մեր տօնական մթնոլորտին հաստատ զարկ կու տան այս շաբաթ նշուող Հայաստանի առաջին Հանրապետութեան հարիւրամեակի տօնին, մեր նոր օրերու Հայաստանի Հանրապետութեան օրհնութիւնները եւ խթանման հնարաւորութիւնները: Միաժամանակ, տօնական մեր երթին մէջ գոհունակութեամբ կը յիշենք Ամերիկահայ Աւետարանչական ընկերակցութեան հարիւրամեակը, եւ անոր նպաստը մեր աշխարհացրիւ ժողովուրդին եւ Հայկազեան համալսարանին երկար տարիներ շարունակ: Ան իր խօսքին մէջ նշեց, որ ամեակները պատմութեան չեն վերաբերիր միայն, ապա նաեւ մեր այսօրուան ու վաղուան յուսալիութեան: Եթէ պատմութիւնը դպրոց է, ամեակները քննութեան պահ են: Եթէ կայ մէկ յաւելեալ խօսք այս երեկոյ այս բեմէն, այդ ալ պիտի ըլլար կոչ մը մեր ամեակներուն առիթով քննելու, թէ վաղուան հայերը ինչպիսի կրթական, մշակութային, հասարակական դարբ-նոցներու մէջ պիտի պատրաստուին, ինչպիսի դարբիններու կողմէն:
Աւարտին, Հայկազեան համալսարանի նախագահ վեր. դոկտ. Փօլ Հայտոսթեան, տեսուչներ՝ դոկտ. Ֆատի Ասրաուի եւ դոկտ. Արտա Էքմէքճի վկայականներ յանձնեցին շրջանաւարտներուն եւ յուշանուէրներ՝ գերազանց ուսանողներուն:
Շրջանաւարտներու անունով խօսք առաւ ուսանող Սուզանա Սաատատտի: Ան ըսաւ, որ այս համալսարանէն սորվեցանք սէր, համագործակցութիւն, հարազատութիւն, կարգապահութիւն, անկեղծութիւն, պատասխանատու-ութեան գիտակցութիւն եւ պարտականութիւններու կատարեալ կատարում: Ինչքան ալ զարգանանք ու առաջ երթանք, միշտ պիտի յիշենք անոնց, որոնք պատճառ եղան մեր յաջողութեան եւ մեր ձեռքէն բռնեցին յարատեւելու համար:
Ապա խօսք առաւ ուսանող Յակոբ Գարամեան, որ խօսքը ուղղելով շրջանաւարտներուն ըսաւ. «Եկէք համարձակօրէն սկսինք ճանապարհորդութիւններու, ուր կը ձգտինք յաջողութիւններու եւ դրական փոփոխութիւններու: Կասկած չկայ, որ ապագան շատ մեծ անորոշութիւններ ունի, եւ ճանապարհը լեցուն է խոչընդոտներով: Բայց «Հայկազեան»ի մէջ դժուարութիւններ չկայի՞ն: Մենք պէտք է լաւ անուն ձգենք, ճշմարտութեամբ, ազատութեամբ եւ ծառայութեամբ նուաճենք նոր բարձունքներ եւ բարձրացնենք ուրիշները մեզի հետ»:
Հանդիսութիւնը փակուեցաւ ՄԱՀԱԵՄի նախագահ վեր. Մկրտիչ Գարակէօզեանի օրհնութեան աղօթքով: