Ս. ՄԱՀՍԷՐԷՃԵԱՆ
Չորեքշաբթի, 30 Մայիսի երեկոյեան իր լրատուութեան մէջ, «Պի.Պի.Սի.»ի լրագրող հաղորդավարը խօսեցաւ հիւսիսային քորէացի բարձրաստիճան պաշտօնատարի մը՝ Քիմ Եոնկ Չոլի, Միացեալ Նահանգներ այցելութեան ու արտաքին գործոց նախարար Մայք Փոմփէոյի հետ հանդիպումին մասին, հաւաստելով, որ բանակցութիւնները դրական մթնոլորտի մէջ կ՛անցնին եւ որ երկու ներկայացուցիչները կրնան նոյն երեկոյ միասին ընթրել։ Լրագրողը աւելցուց, որ մթնոլորտը դրական է, որովհետեւ սեղանի վրայ դրուած են երկու երկիրներուն միջեւ տնտեսական-առեւտրական գործակցութեան ծրագիրներ, ապա ընդհանրականի բառամթերքէն անդին անցնելով՝ իբրեւ օրինակ յիշատակեց, թէ կարելի է գործակցութիւն ստեղծել… հէմպըրկըրի վաճառքի մարզին մէջ։
Հը՜մ… Ուրեմն ամիսներէ ի վեր Ուաշինկթընի եւ Փիոնկեանկի միջեւ տագնապը ուրիշ բան չէ եղեր, եթէ ոչ՝ պիզնեսի կռիւ։ Կը յիշէ՞ք… Հիւսիսային Քորէան, Քիմ Ուն Ճունի գլխաւորութեամբ, հեռահաս հրթիռներ փորձեց, սպառնաց կորիզային ռումբերով հարուածել ամերիկեան քաղաքներ, իսկ Թրամփ զայն որակեց «հրթիռներու մարդ», յայտարարեց, որ Միացեալ Նահանգները ունի շատ աւելի մեծ թիւով ու շատ աւելի մեծ կորիզային հրթիռներ եւ սպառնաց Հիւսիսային Քորէան ոչնչացնել…։ Այլ խօսքով, աշխարհը կորիզային պատերազմի մը «զբօսավայրերուն» մէջ շրջագայութեան հանող փոխադարձ սպառնալիքները կարճ ատեն ետք հրապարակ բերին նոր խառ մը՝ Թրամփ-Քիմ գերաստիճանը «պիտի գումարուի-պիտի չգումարուի» յայտարարութիւնները։ Այդ բոլորը, ուրեմն, միայն ու միայն «պարապ վախտի խաղալիք» են եղեր։ Հիմա, մեր աչքերուն առջեւէն մարախուղը կը փարատի արդէն եւ անգամ մը եւս կրնանք համոզուիլ, որ հակադրութեանց, հակամարտութեանց եւ պատերազմի սպառնալիքներուն ետին կան միայն ու միայն պիզնեսի հաշիւներ, այսինքն՝ այսօրուան աշխարհին տիրապետող՝ շահո՛ւ տրամաբանութիւնը։ Վկա՛յ՝ Չինաստանի եւ Եւրոպական Միութեան հետ «առեւտուրի պատերազմ»ի նշանները։ Հիւսիսային քորէացի ներկայացուցիչին հետ Թրամփի տեսակցութիւնն ու յառաջիկայ բանակցութիւնները ա՛լ կրնան մնալ ընդհանրական տեղեկութիւններու ոլորտին մէջ, Ճոն Պոլթընի կողմէ Քիմի ուղղուած քօղարկուած սպառնալիքն ու Թրամփը Նոպէլեան մրցանակով մը օժտելու եւ նման խօսքերը կրնան վերածուիլ ստորակէտի, որովհետեւ «Պի.Պի.Սի.»ին բացած փոքր պատուհանը ճաշակ մը կու տայ էութեան մասին։
…«Պի.Պի.Սի.»ի լրագրողը չըսաւ, թէ Փոմփէօ եւ Քիմ Եոնկ Չոլ իրենց ընթրիքին արդեօք հէմպըրկը՞ր կերած են, կամ թէ՝ Հիւսիսային Քորէայի ու Միացեալ Նահանգներու միջեւ բանակցութիւնները պէտք է դնել «հէմպըրկըրի դիւանագիտութի՞ւն» խորագիրին տակ։
Աստուած հոգին լուսաւորէ Ռիչըրտ Նիքսընի, որ աւելի քան 45 տարի առաջ, Չինաստանի հետ «մարզական ոգի»ով մշակեց փինկ-փոնկի դիւանագիտութիւնը։ Այսօրուան աշխարհի ուղեղները ստամոքսներուն մէջ տեղադրուած են…
31 Մայիս 2018