ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- Հայաստանի Ազգային անվտանգութեան ծառայութիւնը (ԱԱԾ), շարունակելով հետեւողական պայքարը վարչական կաշառակերութեան ու տնտեսական բնոյթի յանցագործութիւններուն դէմ՝ բացայայտեց տուրքերու վճարումէն խուսափելու աղմկայարոյց դէպք մը, որ կ՛առնչուի հայաստանեան մեծագոյն ընկերութիւններէն մէկուն՝ Լֆիկ Սամօ ծածկանունով ծանօթ երեսփոխան Սամուէլ Ալեքսանեանին պատկանող «Երեւան Սիթի» հանրախանութներու ցանցին։
Ի յայտ եկած է, որ երկար տարիներէ ի վեր այս հանրախանութներու ցանցէն ներս գործած է յատուկ «մեքենայականութիւն» մը, որուն իրագործման համար գործածուած են հարիւրաւոր հայաստանցիներու անունով հիմնուած անհատական ընկերութիւններ, որոնք միայն անունով գոյութիւն ունեցած են։
Արդարեւ, ԱԱԾի մամլոյ կեդրոնին համաձայն, սկզբնական տուեալներով՝ Սամուէլ Ալեքսանեանին պատկանող «Ալեքս Հոլտինկ» ընկերութիւնը, երկար տարիներէ ի վեր «Երեւան Սիթի» հանրախանութներու ցանցին մէջ գիւղատնտեսական ապրանքներու համար պետութեան տուրք չվճարելու նպատակով իրականացուցած է զեղծարար մեծ գործունէութիւն մը. արդարեւ, հարիւրաւոր հայաստանցիներու անունով ընկերութիւններ բացուած են եւ իբրեւ թէ այդ ընկերութիւնները պետութեան 2 տոկոսի շահ վճարելու պայմանով՝ իրենց գիւղատնտեսական մթերքները վաճառելու համար տեղեր վարձած են «Երեւան Սիթի» հանրախանութներուն մէջ։ Սկզբնական հաշուարկներու համաձայն, 460 անհատական ընկերութիւններով ընդհանուր վաճառքի շրջանառութիւնը կազմած է աւելի քան 40 միլիառ դրամ, որմէ պետութեան վճարուած է միայն 2 տոկոս շրջանառութեան տուրքը, մինչդեռ օրինական գործունէութիւն տանելու պարագային՝ «Ալեքս Հոլտինկ» ընկերութիւնը այդ գումարէն պէտք էր 20 տոկոս տուրք վճարէր պետութեան։
Պետութեան պատճառուած վնասին ճշգրիտ չափը պիտի հաշուարկուի դատական-հաշուապահական փորձաքննութեամբ։ Բացի ատկէ, առկայ հաւաստի տուեալներու համաձայն՝ վերոյիշեալ եղանակով գործունէութիւն տանելու կարելիութիւն ընծայուած է նաեւ 11 այլ մեծ կազմակերպութիւններու, որոնք դարձեալ հանրախանութներու ցանցային առեւտուրով կը զբաղին։ Այսպիսի գործունէութեան իբրեւ հետեւանք, ակնյայտօրէն անբարենպաստ ու անհաւասար մրցակցային պայմաններ ստեղծուած են այն ընկերութիւններուն համար, որոնք գիւղատնտեսական մթերքներ կը վաճառեն։
Նախաքննութիւնը կը շարունակուի։