
ՄՈՆԹՐԷԱԼ.- Արցախեան շարժման երեսնամեակի առթիւ Գանատայի խորհրդարանէն ներս հնչեցին շարք մը աննախադէպ յայտարարութիւններ, որոնցմով ըննդիմադիր երկու կուսակցութեանց՝ Պահպանողականին եւ Նոր Ժողովրդավարականին ներկայացուցիչները կոչ ուղղեցին Գանատայի կառավարութեան՝ պաշտպանելու եւ ճանչնալու Արցախի ինքնորոշման իրաւունքը:
Գանատայի Նոր Ժողովրդավարական կուսակցութեան անդամ երսփոխան Տան Տէյվիս խորհրդարանէն ներս հնչեցուցած իր յայտարարութեան մէջ ըսաւ, թէ Արցախի ազատագրական շարժման երեսնամեակը համազգային հնչեղութիւն ունեցող իրադարձութիւն մըն է հայ ժողովուրդին համար: Ան հակիրճ կերպով ներկայանցնելէ ետք Արցախի ժողովուրդի ազատութեան եւ լիիրաւ իրաւունքներու ապահովման կապակցութեամբ տարուող քաղաքական եւ իրաւական պայքարի մանրամասնութիւնները՝ կոչ ուղեց Գանատայի կառավարութեան, որ պաշտպան հանդիսանայ մարդկային իրաւանց եւ գործէ ի սպաս այս հարցին խաղաղ կարգաւորման, մշտապէս հիմք ունենալով միջազգային օրէնքն ու Արցախի ինքնորոշման իրաւունքի անժխտելիութիւնը:
Տէյվիսի յայտարարութեան յաջորդեց Պահպանողական կուսակցութեան անդամ եւ Գանատա-Հայաստան խորհրդարանական խմբակցութեան փոխատենապետ երեսփոխան Հարոլտ Ալպրեխթի յայտարարութիւնը: Ալպրեխթ եւս, ներկայացնելէ ետք հայ ժողովուրդին առաջնորդած դարաւոր պայքարը՝ յանուն Արցախի ազատագրման եւ անկախութեան, նշեց, թէ դժբախտութի՛ւն է, որ Ատրպէյճան ցարդ կը շարունակէ անտեսել Արցախի ժողովուրդին օրէնքով ձեռք բերած իրաւունքները եւ շարունակաբար կը խոչընդոտէ հարցին խաղաղ լուծումին: Ան եւս կոչ ուղղեց կառավարութեան, որ պաշտպան կանգնի Արցախի ինքնորոշման իրաւունքին եւ իր գործօն մասնակցութիւնը բերէ միջազգային հանրութեան կողմէ այս հարցին խաղաղ կարգաւորման ուղղութեամբ տարուող ջանքերուն:
ՀՅԴ Գանատայի Հայ Դատի յանձնախումբը, ողջունելով զոյգ երեսփոխաններուն յայտարարութիւնները՝ բարձրօրէն գնահատեց անոնց վեհանձն եւ սկզբունքային կեցուածքը եւ հաստատեց, որ հաւաքական ջանքերը պիտի շարունակուին ի սպաս դրուիլ Արցախի հարցին վերաբերեալ յաւելեալ հայանպաստ յառաջխաղացք ապահովելու եւ Գանատայի կեցուածքը մշտապէս արդարացի պահելու ուղղութեամբ:
Յանձնախումբը իր կարգին եւս կոչ ուղղեց կառավարութեան հետեւելու համայնքին եւ զոյգ երեսփոխաններուն կոչին: