Հայաստանի Ա. Հանրապետութեան հիմնադրութեան 100-ամեակին առիթով, Կիրակի, 27 Մայիս 2018-ին, Թեմիս բարեխնամ Առաջնորդ Բարձր. Տ. Մուշեղ Արք. Մարտիրոսեանի տնօրինումով, Թեմիս բոլոր եկեղեցիներուն մէջ Հանրապետական Մաղթանք եւ Եռագոյն դրօշի օրհնութիւն պիտի կատարուի։ Ս. Պատարագի աւարտին, հոգեհանգստեան աղօթք պիտի բարձրացուի Սարդարապատի, Ղարաքիլիսէի, Բաշ Ապարանի եւ այլ ճակատամարտներուն ինկած հերոսներուն հոգիներուն համար։
Առաջնորդ Սրբազանը Ս. Պատարագ պիտի մատուցանէ Էնսինոյի Ս. Նահատակաց եկեղեցւոյ մէջ, Հանրապետական Մաղթանքի արարողութեան ընթացքին պիտի կատարէ Եռագոյն Դրօշի օրհնութիւնը եւ պիտի փոխանցէ օրուան խորհուրդէն բխող իր պատգամը։
Առաջնորդական Փոխանորդ Գերշ. Տ. Թորգոմ Եպս. Տօնոյեան իր եպիսկոպոսական անդրանիկ Ս. Պատարագ պիտի մատուցանէ եւ պիտի քարոզէ Հոլիվուտի Ս. Կարապետ Մայր եկեղեցւոյ մէջ։
Սիրով կը հրաւիրենք մեր հաւատացեալ ժողովուրդը ներկայ գտնուելու հոգեպարար արարողութեանց, լսելու օրուան պատգամը, աղօթելու Հայաստանի պետականութեան պահպանման ու համայն հայ ժողովուրդի անվտանգութեան համար եւ վերանորոգելու անկախութեան սերունդի կտակին հաւատարմութեան մեր ուխտը։