Ս. ՄԱՀՍԷՐԷՃԵԱՆ
100 տարի առաջ ծնունդ առած՝ Հայաստանի անկախ Հանրապետութեան մասին շատ բան ըսուած է, ծովածաւալ գնահատականներ արձանագրուած են, ուսումնասիրական հատորներ մատուցուած են հանրութեան եւ դարաշրջանին ծալքերով հետաքրքրուող հետազօտողներուն, վստահաբար շատ բան ալ պիտի գրուի հետագային, որովհետեւ Սարդարապատն ու Մայիս 28ը ունին այնպիսի վիթխարի արժէք, որ անսպառ նիւթ կը տրամադրեն ու ներշնչում կ՛առթեն իրերայաջորդ սերունդներու, գրողներու, պատմագէտներու, նաեւ քաղաքական կեանքի մէջ դեր վերցնել յանձն առնողներու, անգա՛մ արուեստի սպասարկուներու (յիշենք «Երբ չի մնում ելք ու ճառ»ին հեղինակը)։
Մայիս 28 թուականը, ինքնին, կը խտացնէ դէպքերու եւ խիզախումներու ստուար պատմութիւն մը, որուն հերոսները, մեծ մասամբ երիտասարդներ, կը պատկանին մեր ժողովուրդի բոլոր դասակարգերուն, բոլոր ասպարէզներու մարդոց։ Այդ օրերու պատմութիւնը կարդացողին աչքերուն առջեւէն կը տողանցեն ականաւոր դէմքեր՝ մարտիկներ, մտաւորականներ, քաղաքական գործիչներ, հոգեւորականներ եւ այլ լուսաւոր տիտաններ, եւ գաղտնիք չէ, որ անոնք հարազատ ներկայացուցչներն են մեր ամբողջ ազգին, հայութեան ու հայրենիքի ճակատագիրին տնօրինման բոլոր մասնակիցներուն, որոնք պաշտելիի պատուանդանին բարձրացած են եւ մեր դիմաց կը կանգնին իբրեւ մէկական խոր-հրդանիշ։ Տալու համար միայն մէկ օրինակ, յիշատակենք Արամ Մանուկեանի անունը, որ իր մէջ կը խտցնէ մեր պայքարը, ժողովուրդը, պատմութեան մէկ ճակատագրական հատուածը։ Պէտք չունինք թուելու այլ անուններ, որովհետեւ Արամը նաեւ խտացումն է իր սերունդի տղոց՝ ֆետայիներու, մտաւորականներու, քաղաքական գործիչներու, զինուորական հրամանատարներու ու հետեւակներու։
Անոնք կը կազմեն Մայիս 28ի սերունդը։
***
Մայիս 28ը կերտած սերունդը մէկ օրուան կամ քանի մը տարուան ծնունդ չէր, այլ կը կազմէր բարձրակէտ մը սերունդներու լեռնաշխարհին մէջ, նաեւ՝ նախակարապետը յաջորդ սերունդներուն, ինչպէս որ Սարդարապատն ու Բաշ Ապարանը եղան գագաթնակէտ՝ մեր բազում հերոսամարտերուն եւ ուղեցոյց՝ մինչեւ մեր օրերը շարունակուող ինքնապաշտպանական ճակատումներուն։
Մայիս 28ը ստեղծող սերունդը իր մէջ կուտակեց մեր նորագոյն պատմութեան բազմերես պայքարներն ու նոյնինքն՝ ազգային զարթօնքը։ Այդ սերունդը կազմաւորուելու սկսաւ 1918էն աւելի քան կէս դար առաջ, հոս-հոն խմորուող շարժումներով, որոնք թափ ու աւելի կազմակերպ ընթացք ստացան 19րդ դարու վերջին տասնամեակներուն, որոնք մեր պատմութեան մէջ արձանագրուած են Զարթօնքի շրջան անունով։ Սա այն շրջանն էր, երբ հայն ալ, ժամանակակից այլ ժողովուրդներու պէս, հասկցաւ, որ օտարի բռնատիրութիւնը երկնատուր «պարգեւ» մը չէ, որուն պէտք է հպատակիլ գլխիկոր ու գետնատարած։ Գիրի-ուսման տարածումը, հին դարերու փառքի շրջաններու ծանօթացումն ու անոնց բերած ինքնագիտակցութիւնը, միաժամանակ՝ արդարութեան, մարդու տարրական իրաւունքներու, հաւասարութեան ու նման ազնիւ գաղափարներու հետ ուղղակի շփումը կազմաւորեցին այն ենթահողը, որուն վրայ շուտով ծնունդ առին կազմակերպ միաւորներ, ճամբայ բացին ազգային կուսակցութեանց։ Մայիս 28ը, այլ խօսքով, արդիւնքն էր այն սերմերուն, որոնք մեր ժողովուրդի կեանքին մէջ ցանուեցան Արմենական, Հնչակեան ու մանաւանդ Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան մշակներուն կողմէ, իսկ Դաշնակցութիւնը, ինչպէս ծանօթ է, ծնունդ առաւ իբրեւ յեղափոխական ու ազգայնաշունչ բոլոր կազմակերպութիւնները համախմբելու նպատակով՝ «Հայ Յեղափոխականների Դաշնակցութիւն» անունով։ Մնացեալը պատմութիւն է։
Ճիշդ է, որ մեր կուսակցութիւնները ծնունդ չառին անկախ պետութիւն ստեղծելու անմիջական նպատակով, սակայն ի վերջոյ ո՞ւր կրնար յանգիլ տարրական իրաւունքներու, ինչքի, կեանքի ապահովութեան, ստացուածքի ու տանելի ապրուստի հետամտութիւնը, եթէ ոչ՝ սեփական հողի վրայ ինքնիշխան, ապա նաեւ անկախ պետութիւն ունենալու վախճանական տեսլականին իրականացման…։ Յիշեալ տասնամեակներուն, ինքնիշխան անցեալի մոռցուած յիշատակներուն վերականգնումը՝ դպրոցներու եւ առաջնորդող դաստիարակներու շնորհիւ, իր անփոխարինելի դերը ունեցաւ Մայիս 28ը նախապատրաստող սերունդի կազմաւորման մէջ։
Այլ խօսքով, Մայիս 28ի սերունդը ուռճացումն էր ու ահագնացումը այն ձիւնագնդակին, որ սկսաւ սարն ի վար թաւալելու 19րդ դարու վերջին տասնամեակներուն, ձիւնագնդակ՝ որուն թափ տուին անհատ առաջնորդներ ու յառաջատուական ձեւով կազմաւորուող քաղաքական միաւորներ։ Այդ ձիւնագնդակը «կպչուն» էր։ Թաւալման հետ, անիկա իր շուրջ հաւաքեց հայ մտաւորականը, ազգի պատիւն ու ինքնիշխանութիւնը ամէն բանէ վեր դասող երիտասարդութիւնը, «եարի փոխան զէնք» գրկողը։ Խաւ առ խաւ «թանձրացող» ալիքը ներգրաւեց հայ գրողը, խմբագիրը, հոգեւորականներէն որոշ դաս մը, ֆետայիներու զոհաբերող փաղանգներ, գիւղացիներ ու քաղաքացիներ, մէկ խօսքով՝ ժողովուրդի բոլոր խաւերու ներկայացուցիչները։ Անիկա ինքզինք չբանտարկեց փղոսկրեայ աշտարակներու մէջ, չդասեց վերնախաւ, այլ արժանիքը ունեցաւ թափանցելու ժողովուրդի բոլոր խաւերուն մէջ, տարհամոզելու վերապահներն ու երկչոտները, մինչեւ իսկ որոշ պահպանողականներ, հասարակութեան ներշնչելով սեփական գլուխէն ու կեանքէն աւելի՛ թանկարժէք ու մնայուն իրաւունքներու գիտակցութիւնը՝ հայրենիք ու ինքնիշխան վիճակ հասկացութիւնները։ Այս ճշմարտութիւնն է որ կը բացատրէ անհաւասար կռիւներու մէջ անսակարկ ու անվարան նետուելու եւ յաղթակա՛ն դուրս գալու Մայիս 28ի սերունդին խիզախումը, որ իբրեւ ժառանգ փոխանցուեցաւ յաջորդներուն, հասած է մեզի։
Ուրեմն, 100 տարի առաջ մեր պատմութեան մէջ արձանագրուած Մայիս 28ը եւ զայն կերտող սերունդը խորքին մէջ գումարն էին նախընթաց տասնամեակներու լայնածիր ցանքին, իսկ արդիւնքը ի զօրու է ու հայութեան կը բաշխուի նաեւ այսօր, հակառակ Ցեղասպանութեան ու յաջորդ տասնամեակներու տաք ու պաղ հոսանքներուն բացասական ազդեցութեանց։
***
Հայաստանի հանրապետութեան ու կարճատեւ կեանքին պատմութիւնը ծանօթ է բաւականաչափ կերպով, սակայն կ՛արժէ վերահաստատել, որ Սարդարապատի ու զուգահեռ ճակատամարտերու մէջ շահուած յաղթանակներէն ծնած հանրապետութիւնը եղաւ արդիւնքը վիթխարի զոհաբերութիւններ յանձն առած սերունդի մը բազմաճիւղ պայքարին։ Ոմանք չհասան տեսնելու իրենց ճիգերուն արդիւնաւորումը, սակայն անոնց ոգին մնաց ու կը մնայ անկորնչելի։
Մայիս 28ի սերունդը բառացիօրէն ոչինչէն ստեղծեց հանրապերութիւն, կազմաւորեց բանակ, կառավարական վարչամեքենայ, հիմնեց համալսարան, անկախ հայրենիքի մէջ սկզբնաւորեց մշակոյթ, որքան որ կ՛արտօնէր թրքական ու համայնավար սպառնալիքներու դիմաց կուրծք տալու մթնոլորտը։ Այդ սերունդը եղաւ հայրենիքին ու ժողովուրդին լիարժէք ծառայողը, քաոսին մէջ հրաշքներու ձգտողը, եղաւ ՂԵԿԱՎԱՐ, եւ ոչ թէ ԻՇԽԱՆԱՒՈՐ։ Այդ բոլորը կատարուեցան հազիւ 2.5-3 տարուան ժամանակամիջոցին, զերոյէն ստեղծելով քիչ մը նիւթական, բայց առաւելաբար բարոյակա՛ն այնպիսի դրամագլուխ, որ իբրեւ շաղախ գոյատեւեց մինչեւ իսկ համայնավար իշխանութիւններու տարիներուն։ Հիմնականին մէջ Դաշնակցութեան առաջնորդութեամբ հիմնուած ու ապրած Հայաստանի հանրապետութիւնը եղաւ շեշտակիօրէն ազգային նկարագիրով երկիր-պետութիւն, Դաշնակցութեան ընկերային գաղափարներուն իրականացման առաջին փորձադաշտ, առանց յարելու ցեղապաշտական ու ազգայնամոլական հոսանքներու, որոնք այլապէս կրնային բնական հետեւանքը ըլլալ Ցեղասպանութենէ վերապրած ու դարաւոր հալածաքներէ ու տառապանքներէ վերապրած ժողովուրդի մը համար։ Տակաւին, Հայաստանի հանրապետութիւնը շրջանին մէջ եղաւ իսկական ժողովրդավարութեան գործօն կենսափորձ մը, մինչդեռ մեր կարգ մը դրացիները մինչեւ այսօր ալ խրած կը մնան բռնապետական եւ մենատիրական տիղմերուն մէջ…
Հանրապետութեան օրերուն շօշափելի զարգացում ապրած ազգային շահերու ու արժէքներու գիտակցութիւնը շուտով ներգրաւեց նա՛եւ խորհրդայնացած Հայաստանի վարիչներէն շատերը, որոնք իրենց կեանքով վճարեցին իրենց «դաշնակցականութեան» ու ազգային մտածողութեան գինը։ Խորհրդային տարիները շատ բան աղարտեցին մեր հայրենիքին մէջ, Հանրապետութեան օրերուն ամրագրուած նկարագրային կարգ մը գիծեր, սակայն Մայիս 28ի սերունդին աւանդը չկորսուեցաւ, եւ օր մըն ալ վերականգնեցաւ՝ շնորհիւ 30 տարի առաջ ծայր առած Արցախեան Շարժումին ու Հայաստանի անկախ հանրապետութեան վերականգնումին։
***
Անկախութեան վերականգնումէն ասդին, երկու մտածում յաճախ հրապարակ նետուած է՝ ոչ անպայման իբրեւ իրարու հակադիր գիծեր. առաջինը կ՛ըսէ, թէ 28 Մայիսի հանրապետութիւնն ու զայն կերտող սերունդը պէտք է նկատի ունենալ իբրեւ տիպար ու առաջնորդուիլ անոր ժառանգ թողած արժէքներով, երկրորդը կ՛ըսէ, որ այսօրուան աշխարհը տարբեր է, մտածողութիւնը, առարկայական տուեալներն ու նկարագիրները փոխուած են քաղաքական-դիւանագիտական տրամաբանութեան փոփոխութեան չափով, հետեւաբար, անցեալը իտէալականացնելն ու անոր արժէքներուն վերականգնումի փորձը ի սկզբանէ պիտի ձախողի, որովհետեւ պիտի ըլլայ երազանք, անիրական բաներու հետամտութիւն, զգացականութիւն եւ վիպապաշտութիւն, հասկացութիւններ՝ որոնց դարաշրջանը անցած է։
Իրապաշտութիւնը կը թելադրէ, որ ճիշդ մօտեցում չէ պատմական որեւէ ժամանակաշրջան բաղդատել-համեմատել այլ շրջանի մը հետ, որքան ալ մօտիկ ըլլան նմանութիւնները, կամ հեռու՝ տարբերութիւնները։ Սակայն նաեւ պէտք չէ մոռնալ, որ կան համամարդկային արժէքներ, սկզ-բունքներ եւ կիրարկումներ, որոնք ճիշդ են ու կիրարկելի՝ պատմական որեւէ ժամանակաշրջանի, հոգ չէ թէ տարբեր պայմաններու մէջ կիրարկման ձեւերը կրնան տարբեր ըլլալ։ Օրինակ, Ժողովրդավարութիւն հասկացութիւնը ընդհանրական ու անժամանցելի արժէք է ու անփոխարինելի պահանջ, հակառակ անոր, որ ժողովրդավարութեան իմաստն ու կիրարկումը այսօր տարբեր է աշխարհի այս կամ այն երկիրին մէջ, եւ ի՜նչ խօսք, որ անիկա ինչպիսի՛ եղափոխութիւն ու զարգացում ապրած է հին Հռոմէն ասդին, անցնելով սահմանադրական միապետական դրոյթներէ, մինչեւ արդի ժամանակները նախապատրաստող դարաշրջանները։ Այլ անփոփոխելի հրամայական է մերժումը գողութեան, կաշառակերութեան, պաշտօնի չարաշահութեան եւ մասնակի շահերը ընդհանրականէն գերադաս նկատելու ընթացքներուն, որոնց ուղղակի հետեւանքը կþըլլայ արդարութեան ու տրամաբանական հաւասարութեան՝ մարդկային ընկերութեան տարբեր խմբաւորումներուն միջեւ համաչափութեան խախտումը, կորուստն ու անոնցմէ բխող հակամարտութիւնները, աւերիչ չարիքները։ Ու եթէ այս ու նմանօրինակ նկատառումներով դիտենք 100 տարի առաջ գոյութեան իրաւունք շահած մեր անկախ հանրապետութիւնը եւ զայն արարող սքանչելի սերունդի կեանքի օրինակը, պիտի տեսնենք, որ ուսանելի շատ բան կայ հոն, ու այդ շատ բանը միայն անցեալին չի պատկանիր, չի կրնար պատմութեան էջերուն մէջ բանտարկուիլ իբրեւ թանգարանային արժէք, այլ այդ սերունդը մեր դիմաց կը կանգնի իբրեւ մշուշն ու խաւարը փարատող փարոս, իբրեւ նուիրումի, զոհաբերութեան, ժողովուրդի կեանքի՛ն մասնակից ըլլալու եւ անոր կողքին կանգնած՝ զայն առաջնորդելու ՂԵԿԱՎԱՐԵԼՈՒ օրինակ, սերունդ՝ որ կեանքի բազմաթիւ ճիւղերը՝ քաղաքականութիւն, գիտութիւն ու արուեստ, զէնք ու գրիչ ներդաշնակելու բնական ունակութիւնը ունէր, որովհետեւ, ինչպէս նշեցինք, թրծուած էր բազմաճիւղ հնոցներու մէջ, Ապրահամ Լինքըլնէն առաջ իսկ կիրարկած՝ ժողովուրդին հետ, ժողովուրդին համար սկզբունքը…
***
Ժողովուրդին մէջ թափանցելու, անոր հետ քայլ պահելու եւ անոր բարձրացուցած ալիքը առաջնորդելու իմաստով, Հայաստանի Ապրիլ-Մայիսեան իրադարձութիւնները տուին նորագոյն ապացոյցը։ Հայաստանի 100ամեակի տարուան ընթացքին, մեր հայրենիքն ու անոր ուղղուած ողջ հայութիւնը այս շարժումը դիտեց ու կը շարունակէ դիտել անձերէն անդին, զայն գրկաբաց դիմաւորած է իբրեւ փտածութեան, մենաշնորհներու, մասնակի շահերու եւ շինծու ժողովրդավարութեան մերժումի քայլ։ Այս շարժումը կը կարօտի քաղաքական հասունացումի. կը կարօտի դուրս գալու զգացականութեամբ պարուրուելու փուլէն ու ոտքերը դնելու գետին, որովհետեւ երկիր, պետութիւն ու ժողովուրդ ՂԵԿԱՎԱՐԵԼՈՒ համար, բողոքի արդար եւ անկեղծ ցոյցերէն շատ աւելիին պէտք ունինք։ «Ժողովուրդը այսպէս կ՛ուզէ», «ժողովուրդի իշխանութիւնը» եւ ժողովուրդի անունով արտայայտութիւններ վստահաբար հրապարակ չեն նետուած այն տրամաբանութեամբ, որուն պատմութիւնը ականատես ու ականջալուր ըրած է մեզ՝ 1917ի համայնավարական յեղափոխութեան օրերուն, կամ՝ Հայաստանը նուաճող կարմիր իշխանաւորներու օրերուն, երբ ժողովուրդի անունով… ժողովուրդը կողոպտուեցաւ, հալածանքի ենթարկուեցաւ, այդ ժողովուրդէն զանգուածներ տասնամեակներ շարունակ «ժողովուրդի թշնամի» ամբաստանութեամբ Սիպերիա քշուեցան իբրեւ նորագոյն նոխազ։
Ահա թէ ո՛ւր պէտք է տեսնել Մայիս 28ի սերունդին տիտանեան դերն ու վիթխարի ժառանգութիւնը՝ այսօրուան ու վաղուան մեր հայրենիքին ու մեր ժողովուրդի կեանքին մէջ։ Ամէն բանէ առաջ, պարտաւոր ենք վերարժեւորելու հայութիւնը յեղափոխականացնելու եւ սեփական ճակատագիրին տէրը զգալու այդ սերունդին Ղեկավարի՛ դերակատարութիւնը։ Եւ այս բոլորին մէջ պէտք չէ տեսնել զգացականութիւն, այդ սերունդը պէտք չէ դիտել իբրեւ անցեալի ալպոմներուն մէջէն շենշող լուսանկարներ, այլ իբերւ այսօ՛ր ալ ապրող, այսօ՛ր ալ մեզ ներշնչող տիպարներ, անկախ անկէ, թէ կը գտնուինք պետական-կուսակցական դիրքերու, սահմանային խրամատներու, տնտեսական-ընկերային ոլորտներու, դպրոցական գրասեղաններու թէ ժողովուրդի փաղանգներու շարքերուն մէջ։
Կոչուած ենք մնալու հարազատ ժառանգորդը Մայիս 28ի սերունդին։
ԱՅՍ ԹԻՒԻ ՀՈՎԱՆԱՒՈՐՆԵՐԷՆ
Հիւսիսային Սան Ֆերնանտօ Հովիտ
ՀՅԴ «Արշաւիր Շիրակեան» Կոմիտէ
ՀՕՄի «Լոռի» Մասնաճիւղ
Համազգայինի «Լեւոն Շանթ» Մասնաճիւղ
ՀԵԴ «Արցախ» Ուխտ
ՀՅԴ «Հրայր Մարուխեան» Պատանեկան Միութիւն
Հայ Դատի Յանձնախումբ
Հիւսիսային Հովիտի Երէցներու Համախմբում
Հոլիվուտի Ս. Կարապետ Մայր Եկեղեցի
Ռոզ եւ Ալէք Փիլիպոս Ազգ. Վարժարան
ՀՕՄի «Մարի Փոսթոյեան» Մանկամսուր
ՀՄԸՄի Լոս Անճելըսի Մասնաճիւղ
ՀՕՄի Հոլիվուտի «Մայր» Մասնաճիւղ
ՀՅԴ «Գարեգին Նժդեհ» Կոմիտէ
ՀԵԴ «Մուսա Լեռ» Ուխտ
ՀԵԴ «Թեհլիրեան» Պատանեկան Միութիւն
Հոլիվուտի Հայ Դատի Յանձնախումբ