ԽՄԲԱԳՐԱԿԱՆ «ԳԱՆՁԱՍԱՐ»Ի
Հայաստանի Հանրապետութեան 100ամեակին համահայկական տարողութեամբ ու մէկտեղուած ճիգերով յիշատակումը հայրենիքի եւ յատկապէս Սփիւռքի մէջ, ազգային մեր կեանքը նոր որակով օժտելու եւ տարակարծութիւններն ու գաղափարական տարբերութիւնները հարստացուցիչ եւ ոչ թէ պառակտիչ ազդակ դարձնելու գործնական ոստումի մը մասին կը խօսի:
Ողջունելի են յատկապէս անկախութեան 100ամեակին նուիրուած գիտաժողովները, որոնք կը միտին սերտել պատմութիւնը իր բազմակողմանի երեսներով ու նորահաս սերունդներուն ներկայացնելու 600 տարուան ստրկութենէն դուրս գալով պետութիւն կերտելու մեր ժողովուրդին փշոտ, բայց հպարտութիւն առթող ճամբան, ու այդ բոլորին լոյսին տակ արժեւորել մեր ներկան, ուրուագծել մեր ժողովուրդին ու պետութեան դիմագրաւած մարտահրաւէրները:
… Սփիւռքահայ սերունդներ տարիներ շարունակ պայքարած են ոչ միայն իրենց գոյութիւնը պահպանելու, այլեւ պայծառ օր մը, անկախ ու ամբողջական իրենց հայրենիքին մէջ, արդար ու ժողովրդավար պետութեան հովանիին ներքեւ համախմբուելու համար:
Պետութիւնը, սակայն, միայն հող ու տարածք չէ, պետութիւնը քաղաքակրթութիւն է նաեւ, ժողովուրդ ու զինք կենսունակ պահող ազգային մշակոյթ:
Հողը պահելը առաջնային հարց է բնականաբար: Առանց հողի, առանց շօշափելի հայրենիքի մը գոյութեան, ինքնուրոյն, ինքնիշխան ապրելու կարելիութիւն չունին նոյնիսկ դարերու կեանք ունեցող ազգերը:
Հայրենիքն ու անկախ պետութիւնը, սակայն, ժողովուրդի տարբեր խաւերուն՝ մշակին, բանուորին, ռանչպարին ճիգերով, անոնց թափած արիւնով, քրտինքով կը բարգաւաճին: Առանց ժողովուրդին ու անոր աջակցութեան, պետութիւնը կը նմանի անգլուխ գլխարկի մը, որ չի կրնար հովանիի իր դերը լիովին կատարել:
Ահա թէ ինչո՛ւ պետութեան առաջնահերթ հրամայականները ժողովուրդի բնականոն զարգացման պայմաններու ստեղծումն ու ընկերային արդարութեան հաստատումը կը հանդիսանան, որպէսզի մեր ժողովուրդի զաւակները չլքեն հայրենի հողը, գաղթի չդիմեն ու չպարպեն երկիրը:
Իսկ ազգային դիմագիծ, մշակոյթ չունեցող ժողովուրդները, ժամանակի ընթացքին կը կորսնցնեն իրենց հաւաքական գոյութեան իմաստն ու ազգային շահերու գիտակցութիւնը:
Ազգային մշակոյթին շուրջ կը բոլորուին նաեւ սփիւռքահայ համայնքները ու այդ մշակոյթին շնորհիւ կը պահպանեն իրենց հայեցի դիմագիծը:
Ուստի տրամաբանական չէ հանդէս գալ ազգային շահերու պաշտպանութեան դիրքերէ, առանց գուրգուրանք տածելու ազգային մշակոյթին, լեզուին, քաղաքակրթութեան ու ազգային մեր բոլոր խորհրդանիշներուն հանդէպ:
28 Մայիսը եւ անոր յաջորդող փուլերը, ներառեալ՝ Հայաստանի քաղաքական ներկայ զարգացումները, կը շեշտադրեն ներդաշնակ զարգացումը անքակտելի այս երեք արժէքներուն՝ հողին, ժողովուրդին եւ ազգային մշակոյթին: