Զօրավար Մովսէս Յակոբեան կը զրկուի Հայաստանի զինուած ուժերու (ԶՈՒ) գլխաւոր շտապի պետի պաշտօնէն: Ըստ «Արմէնփրէս»ի՝ կառավարութեան նիստին, մինչ օրակարգային հարցերուն անցնիլը, վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան յայտնեց, որ Հայաստանի նախագահին առաջարկած է աշխատանքէն ազատել Զու գլխաւոր շտապի պետը՝ այլ աշխատանքի անցնելու համար: Զօրավար Յակոբեան նշա-նակուած է ռազմական տեսուչ:
«Որոշումը կայացուած է փոխադարձ համաձայնութեան մթնոլորտի մէջ: Վաղը գլխաւոր շտապի նոր պետը պիտի ներկայացուի Զինուած ուժերուն», ըսաւ Փաշինեան:
Մովսէս Յակոբեան Հայաստանի Հանրապետութեան զինուած ուժերու գլխաւոր շտապի պետ նշանակուած էր Հայաստանի նախագահի 3 Հոկտեմբեր 2016ի հրամանագիրով: