ԵՐԵՒԱՆ.- Ուրբաթ, 18 Մայիսին, սփիւռքի նախարար Մխիթար Հայրապետեան ընդունեց Կիպրոսի Մելգոնեան կրթական հաստատութեան նախկին շրջանաւարտներու պատուիրակութիւնը, որուն կազմի մէջ էին Բիւզանդ եւ Մարի Ագբաշեաններ (Պոլիս), Գրիգոր Մարոնեան (Մոնթրէալ), Մանուկ Եդըզեան (Կիպրոս) եւ Գէորգ Մարաշլեան (Ուաշինկթըն):
Մելգոնեանցիները նախարարին ներկայացուցին իրենց խնդրանքը՝ աջակցելու Կիպրոսի Մելգոնեան վարժարանի վերաբացման, նշելով, որ կրթական հաստատութեան տարբեր տարիներու հարիւրաւոր շրջանաւարտներ պատրաստ են նիւթական, մտաւոր եւ բարոյական ներդրում ունենալու համազգային հնչեղութիւն ունեցող այդ հարցի լուծման գործին:
Անոնք յայտնեցին նաեւ, որ իրենք կը հովանաւորեն Մասիսի թիւ 2 վարժարանը. իրենց հանգանակած 120 հազար տոլարը յատկացուցած են 900 աշակերտ ունեցող դպրոցի վերանորոգման:
Սփիւռքի նախարարը, ընդգծելով Մելգոնեան վարժարանի վերաբացման հարցի կարեւորութիւնը, հաւաստիացուց, որ հարցը համակողմանի կ՛ուսումնասիրուի եւ համատեղ լուծումներ կը գտնուին:
«Հայապահպանութեանը միտուած խնդիրներն անպայման կը լուծուեն, միայն ժամանակ է պէտք: Պիտի արդարացնենք միլիոնաւոր հայերի սպասելիքները», աւելցուց նախարարը: