ՄԱՐՕ ՔԷՇԻՇԵԱՆ
Կիրակի, 29 Ապրիլ 2018ի երեկոյեան, Մոնթեպելլոյի Բաղրամեան սրահը արտասովոր եռուզեռի մէջ էր. հոն փութացած էին աւելի քան 280 հայորդիներ, իրենց գնահատանքը արձանագրելու համար շրջանէն ներս ոգի ի բռին գործող ՀՕՄի «Նայիրի» մասնաճիւղին, որ յիսուն տարիներ ծառայեց շրջանի հայութեան եւ բոլոր անոնց, որոնք դիմեցին իրեն:
Կարեւոր այս յոբելեանին ներկայ գտնուելու եւ իրենց յարգանքը մատուցելու համար սրահ ներկայացած էին թեմիս առաջնորդ Մուշեղ արք. Մարտիրոսեան, Մոնթեպելլոյի Ս. Խաչ տաճարի հոգեւոր տեսուչ Միւրոն Ծ. վրդ. Ազնիկեան, ՀՕՄի Կեդրոնական վարչութեան անդամ Ռիթա Հինդլեան, ՀՕՄի Շրջանային վարչութեան ատենապետ Սիլվա Փօլատեան եւ անդամներ, ՀՅԴ Կեդրոնական կոմիտէի անդամ իրաւաբան Լեւոն Կիրակոսեան, Ազգային վարչութեան անդամ Անդրանիկ Գասպարեան, Նահանգային Խորհուրդի անդամ Իան Գալտերոնի ներկայացուցիչ Լեռնա Շիրինեան, Մոնթեպելլոյի քաղաքապետ Վընեսա Տելկաթօ, քաղաքապետական խորհուրդի անդամներ Ճաք Հաճինեան եւ քաղաքապետարանի գանձապահ Աշոտ Մուրատեան, ՀՅԴ «Դրօ» կոմիտէի հերթապահ Պօղոս Սասունեան եւ անդամներ, Մեսրոպեան Ազգ. վարժարանի տնօրէն Դաւիթ Ղուկասեան, բարերար Հայկոյշ Քոհլըր, LAUP-ի խորհրդատու եւ երեխաներու իրաւունքներու պաշտպան Սելիա Այալա, ՀՕՄի 16 քոյր մասնաճիւղերու ներկայացուցիչներ, համակիրներ եւ բազմաթիւ հիւրեր:
Ձեռնարկի հանդիսավարութիւնը հպարտանքով կատարեցին մասնաճիւղի երկարամեայ վաստակաշատ ընկերուհիներ Խաթուն Բագրատունի (հայերէն) եւ Ռիթա Թօփալեան (անգլերէն): Ձեռնարկի բացումը կատարուեցաւ մասնաճիւղի անդամներէն՝ երգչուհի Հեղինէ Հարպոյեանի կողմէ Ամերիկայի, Հայաստանի եւ ՀՕՄի քայլերգներու մեներգումով, որմէ ետք, ձեռնարկի հանդիսավարներէն Ռիթա Թօփալեան, կազմակերպիչ յանձնախումբին անունով բարի գալուստ մաղթեց ներկաներուն, ներկայացուց օրուան պաշտօնական հիւրերը եւ շնորհակալութիւն յայտնեց բոլորին՝ իրենց քաջալերական ներկայութեան համար։
Մասնաճիւղի վարչութեան պատգամը փոխանցեց ատենապետ Սոնա Ֆնտըքեան, որ անդրադառնալով մասնաճիւղի հիմնադրութեան տարիներուն եւ այնուհետեւ շարունակուող հինգ տասնամեակներու գործունէութեան՝ ինքնավստահութեամբ ընդգծեց, թէ «Օգնութեան, գութի եւ հայապահպանման մեր գործերը 50 տարի է որ կը խօսին, սիրելի՛ ներկաներ, յաղթահարելով ամէն դժուարութիւն, յոյս եւ լոյս սփռելով ամէնուրեք: Մէկ ափով մեր հաւաքած դրամը, երկու ափով բաժնած ենք մեր ժողովուրդին»:
Մասնաճիւղի մանրամասն գործունէութեան ծանօթանալու համար, ընկերուհին խնդրեց ներկաներէն թղթատել իրենց սեղաններուն վրայ գտնուող գրքոյկը, ապա շարունակեց ըսելով. «Չենք վախնար. գիտե՛նք, որ դուք մեր կողքին էք: Բախտաւոր եղած ենք, որովհետեւ ունինք ընկերուհիներ, որոնք ԵՍ-ը միշտ ստորադասած են ՄԵՆՔ-ին: Այս շարքին մաս կը կազմեն ոչ միայն անոնք, որոնք աւելի տեսանելի են իրենց գործունէութեան ընթացքին, ոչ միայն անոնք, որոնք բեմերէն կը խօսին, այլ այդ անանուն եւ համեստ ընկերուհիները, որոնց նուիրաբերումը մեր զօրութիւնը կը պայմանաւորէ եւ մեր կազմակերպութեան յարատեւումը կ՛ապահովէ»:
Ֆնտըքեանի գեղեցիկ պատգամէն ետք, Մոնթեպելլոյի քաղաքապետ Վընեսա Տելկաթօ, ընկերակցութեամբ Քաղաքապետական խորհուրդի անդամ Ճաք Հաճինեանի եւ Նահանգային խորհուրդի անդամ Իան Գալտերոնի ներկայացուցիչ Լեռնա Շիրինեանի՝ գնահատագիրներ յանձնեց մասնաճիւղին, Մոնթեպելլոյի համայնքին կէս դար շարունակ մարդասիրական գնահատելի ծառայութիւն մատուցելուն համար: Ներկայացուցիչներու տան անդամ Լինտա Սանչեզ նախապէս ուղարկած էր իր գնահատագիրը:
Սեղաններու օրհնութիւնը կատարեց եւ մասնաճիւղի յիսնամեակը շնորհաւորեց Միւռոն Ծ. վարդապետ Ազնիկեան։ Ճաշի դադարէն ետք, հանդիսավարութիւնը շարունակելով՝ Խաթուն Բագրատունի անդրադարձաւ 28 Մայիս 1968ին 20 ընկերուհիներով հիմնուած սոյն մասնաճիւղի նուաճումներուն. անիկա գլխաւորաբար կեդրոնանալով հայեցի դաստիարակութեան վրայ՝ առաջին հերթին բացած էր իր շաբաթօրեայ վարժարանը, որ 37 տարիներէ ի վեր սերունդներ կը դաստիարակէ, երկրորդը՝ ՀՕՄի Նայիրի բարձրորակ մանկամսուրն էր, որ 20 տարուան վաստակով այսօր կը ներկայանայ հանրութեան, իսկ երրորդը՝ մասնաճիւղի գուրգուրանքին արժանացած Մեսրոպեան Ազգ. վարժարանն է, որուն ցարդ աւելի քան 500,000ով օժանդակած է մասնաճիւղը: Ընկերուհին նաեւ փոխանցեց, թէ մասնաճիւղը միշտ արձագանգած է ՀՕՄի Շրջանային եւ Կեդրոնական վարչութեանց ծրագիրներուն, իր ազգային պարտականութիւնը կատարած է տեղւոյն համայնքին, Հայաստանին, Արցախին եւ Ջաւախքին:
«Գալիք ամիս պիտի տօնենք Հայաստանի Հանրապետութեան հարիւրամեակը: Մեզի համար հպարտութեան առիթ է, որ աւելի քան 20 տարի, ներկայ Հայաստանի Հանրապետութեան եւ ժողովուրդին օժանդակած ենք: Հայաստանի ահաւոր երկրաշարժէն սկսեալ՝ որբախնամի ծրագիրին, Արցախի եւ Ջաւախքի վերելքին նպաստող ՀՕՄի բոլոր ծրագիրներուն նիւթապէս մասնակցած ենք», եզրակացուց ընկերուհին:
Այնուհետեւ յայտագիրը առաւել հետաքրքրական դարձնելով՝ մասնաճիւղի վարչութիւնը բարձր գնահատեց ընկերուհիներ Նայիրի Ուզունեանի եւ Լիլիթ Բարսեղեանի 20ամեայ կրթական մշակի զոհողութիւնները՝ հայ մանուկը հայկականութեամբ տոգորելու, անոնց մեր մայրենի լեզուն եւ հայկական մշակոյթը սորվեցնելու անձնազոհ ծառայութիւնը: Երկու ընկերուհիներն ալ յատուկ յուշատախտակներ ստացան՝ Նայիրի Ուզունեանը՝ իբրեւ մասնաճիւղի շաբաթօրեայ վարժարանի տնօրէնուհի, իսկ Լիլիթ Բարսեղեանը՝ ՀՕՄի Նայիրի մանկամսուրի տնօրէնուհի: Աւելի՛ն, Խաթուն Բագրատունի յայտարարեց նաեւ, թէ Նայիրի Ուզունեանը, նոյն նպատակով, ՀՀ սփիւռքի նախարարութեան «Մայրենի Դեսպան» շքանշանին արժանացած է:
ՀՕՄի Շրջանային վարչութեան պատգամը փոխանցեց ատենապետ Սիլվա Փօլատեան, որ ողջունելէ ետք ներկաները՝ ըսաւ. «Ամէն անգամ, երբ ամեակ մը կը նշուի շրջանի ՀՕՄի իրականութեան մէջ, բոլորիս սրտերը ուրախութեամբ կը լեցուին, որովհետեւ անգամ մը եւս յաջողութեամբ կը փակենք հարուստ հանգրուան մը ՀՕՄի պատմութեան մէջ եւ նորանոր նուաճումներու էջ մը կը բանանք մեր առաջ»: Փօլատեան բոլորին ուշադրութեան յանձնեց նաեւ Հայաստանի Ա. Հանրապետութեան ստեղծման օրը հիմնուած ՀՕՄի «Նայիրի» մասնաճիւղը, ինչ որ «ինքնին արդէն կը ներկայացնէ պատմութիւն մը, ուր արձանագրուած է հայկականութիւն, ազգասիրութիւն, զոհողութիւն, ծառայութիւն եւ նուիրում: Այս բառերը պարզ արտայայտութիւններ չեն: Այս բառերը կը ներկայացնեն մասնաճիւղ մը, որ ամբողջ յիսուն տարիներ օժանդակեց ոչ միայն իր անմիջական շրջապատին, այլեւ իր սահմաններէն դուրս բոլոր անոնց, որոնք օգնութեան կարիքը ունեցան. Լիբանան-Սուրիայէն մինչեւ Հայաստան, Արցախ եւ Ջաւախք»:
Ապա, հպանցիկ ակնարկ մը նետելով մասնաճիւղի ստեղծման, 37 տարիներու շաբաթօրեայ վարժարանին եւ հինգ աստղանի մանկամսուրին վրայ՝ ատենապետուհին վստահեցուց, որ մասնաճիւղը, առանց վարանումի, նո՛յն ոգիով պիտի շարունակէ ազգային իր այս պարտականութիւնը:
«Բնական է, որ այս բոլորը իրականացան շնորհիւ մասնաճիւղի նուիրեալ անդամներուն, ղեկավարներուն եւ համակիրներուն, որոնք հաւատալով ՀՕՄի «Ժողովուրդիս հետ, Ժողովուրդիս համար» կարգախօսին՝ նուիրումով գործեցին եւ երբեք չզլացան իրենց նիւթական եւ բարոյական օժանդակութիւնը հանդէպ մասնաճիւղին», ընդգծեց Փօլատեան եւ մաղթեց, որ արեւը միշտ շողայ այս մասնաճիւղին վրայ, որպէսզի անիկա առաւել գօտեպնդուած շարունակէ նուիրական իր ծառայութիւնը հայ ժողովուրդին:
Փօլատեանի ոգեւորիչ պատգամէն ետք, հայրական իր օրհնութիւնները փոխանցեց Մուշեղ արք. Մարտիրոսեան, որ նկատի ունենալով այս տարուան ընթացքին նշուող ՀՕՄի մասնաճիւղերու տարեդարձներու շարքը՝ 2018 տարին ՀՕՄի համար յոբելենական տարի մը որակեց: Ապա անդրադառնալով «Նայիրի» մասնաճիւղի 50ամեայ ծառայութեան՝ ան ըսաւ. «Օրհնութիւն եւ պատիւ բոլո՛ր նուիրեալներուն, բոլոր ծառայողներուն, որոնք գործեցին ու անցան: Օրհնա՛նք բարի յիշատակին անոնց, որոնք այժմ կը ննջեն իրենց երկնային խաղաղութեան մէջ: Իսկ բոլոր անոնք, որոնք կը վայելեն այս տօնախմբութիւնը, իրենց կ՛ըսենք՝ բի՜ւր օրհնութիւն, վարձքերնիդ կատար, վերանորոգ յանձնառութեամբ ծառայութեան շարունակութիւն եւ յաջողութենէ յաջողութիւն, վերելքէ վերելք, ձեր բոլոր ծրագիրներուն ամբողջական եւ կատարեալ յաջողութիւն»: Եւ շնորհաւորելով մասնաճիւղի 50ամեակը՝ առաջնորդը յատուկ օրհնագիր մը յանձնեց մասնաճիւղին:
Նաեւ, Շրջանային վարչութեան անունով Սիլվա Փօլատեան, մասնաճիւղին մօտ Շրջանային վարչութեան կապ Անիթա Ալթունեանի ընկերակցութեամբ՝ գնահատագիր մը յանձնեց մասնաճիւղին, առ ի երախտագիտութիւն անոր 50ամեայ բարենպաստ գործունէութեան:
Գնահատագիրներու յանձնումի արարողութիւնը մեծ ոգեւորութեամբ շարունակուելով՝ Սեդա Պաղոյեան, Օլկա Կիրակոսեան, Արփի Նաճարեան, Ռուբինա Բագրատունի եւ Ռիթա Թօփալեան, հայ ժողովուրդի բարօրութեան յօգուտ կատարած իրենց յիսուն եւ աւելի տարիներու գործունէութեան, նուիրումին ու ծառայութեան առ ի երախտագիտութիւն, ՀՕՄի Կեդրոնական վարչութեան կողմէ ՀՕՄի Պատուոյ գնահատագիրներով պարգեւատրուեցան՝ ձեռամբ Ռիթա Հինդլեանի, իսկ Սիլվա Փօլատեանէն ստացան ՀՕՄի Շրջանային վարչութեան ոսկեզօծ խորհրդանիշը: Այս առիթով սրտի իր խօսքը փոխանցելով՝ Անիթա Ալթունեան ընդգծեց, թէ ՀՕՄի մէջ առաջին իր քայլերը առած է «Նայիրի» մասնաճիւղէն ներս, ինչի համար ալ իր երախտագիտութիւնը յայտնեց մասնաճիւղի վաստակաշատ ընկերուհիներուն, որոնցմէ մեծ փորձառութիւն ձեռք ձգած է:
Նաեւ, Օլկա Կիրակոսեանը մեծապէս գնահատուեցաւ իբրեւ մասնաճիւղի հիմնադիր, ինչպէս նաեւ ՀՕՄի շարքերէն ներս եւ շրջանի հայութեան 50 տարի նուիրումով ծառայած ըլլալուն համար, եւ այդ առիթով, Սոնա Ֆնտըքեան մասնաճիւղի վարչութեան կողմէ երախտագիտական յուշատախտակ մը նուիրեց անոր:
Բոլոր պարգեւատրուող ընկերուհիները շնորհակալութիւն յայտնեցին իրենց ընծայուած պատիւին համար եւ առաւել գօտեպնդուած՝ իրենց աշխատանքը շարունակելու պատրաստակամութիւն յայտնեցին: Այնուհետեւ, օրուան հանդիսավարները յայտարարեցին մասնաճիւղի յիսուն տարիներու կարեւորութիւնը յատկանշող մոմավառներու անունները, որոնք մէկ առ մէկ վառեցին իրենց մոմերը՝ լուսաւորելով խորհրդաւոր մթութեան մէջ գտնուող սրահը:
Տպաւորիչ այս մոմավառութեան յաջորդեց մասնաճիւղի 50ամեակի կարկանդակի հատումը, որուն նախապատուութիւնը տրուեցաւ վաստակաշատ ՀՕՄուհի ղեկավարներ Ռիթա Հինդլեանին, Սիլվա Փօլատեանին, Անիթա Ալթունեանին, Սոնա Ֆնտըքեանին եւ Խաթուն Բագրատունիին:
Պաշտօնական յայտագիրի աւարտէն ետք, երեկոն խանդավառեցին Հօշարեան եղբայրներու նուագախումբն ու երգչուհի Այլինը: Անոնք իրենց հրամցուցած հայկական ժողովրդային երգերով եւ նուագներով ոտքի հանեցին ներկաները, որոնք մեծ ոգեւորութեամբ խմբային եւ շուրջպարերով վայելեցին ստեղծուած զուարթ մթնոլորտը: Տպաւորիչ էր յատկապէս Սաւոյեան ընտանիքի երկու սերունդներու ներկայացուցիչներ՝ մայր ու երկու որդիներու՝ հայկական աւանդական «Շալախօ» պարի ներկայացումը, որ մեծ ոգեւորութիւն ստեղծեց սրահէն ներս:
Ուշ երեկոյեան ներկաները մեկնեցան տուն, մեծապէս տպաւորուած ՀՕՄի «Նայիրի» մասնաճիւղի գոյութեամբ եւ իր շրջապատին ընծայած ծառայութեամբ: