ԵՐԵՒԱՆ.- Գործադիրի Ուրբաթ օրուան նիստին հաստատուեցաւ «Ռազմատեխնիկական գիտահետազօտական ինստիտուտ (հիմնարկ)» պետական ոչ առեւտրական կազմակերպութիւն հիմնելու մասին կառավարութեան որոշման նախագիծը:
Պաշտպանութեան փոխնախարար Դաւիթ Փախչանեան, ներկայացնելով նախագիծը՝ նշեց, որ կը նախատեսուի Հայաստանի պաշտպանութեան ենթակայութեամբ ստեղծել ռազմական արհեստագիտութեան գիտահետազօտական հիմնարկ մը, որուն նպատակը պիտի ըլլայ ապահովել արհեստագիտական մշակումներու հարցերու իրականացումը եւ հայրենական արտադրութեան ռազմական նշանակութեան արտադրանքի արտաքին շուկաներու մէջ իրացնելու նախադրեալներու ստեղծումը:
Լուսաբանական հարցում-պատասխանէ ետք, Փաշինեան նշեց, որ փաստօրէն ասով պիտի ստեղծուի ռազմաարդիւնաբերական համալիրի ուղեղային կեդրոն, որ պիտի որոշէ առաջնահերթութիւնները, կարիքները եւ պիտի ձեւակերպէ այն պահանջարկը, զոր երկարաժամկէտ ու կարճաժամկէտ առումով ունինք: