ԱԲՕ ՊՈՂԻԿԵԱՆ
Պատերազմական վիճակին պարտադրած բոլոր ծանր պարտաւորութիւնները, թալանուած տնտեսութեան մը հսկայական բեռը, տակաւին՝ ամէն քայլ խոչընդոտելու պատրաստ խորհրդարանական մեծամասնութեան մը առկայութեամբ սահմանադրութիւնը յարգելով աշխատելու վարքագիծը, կրնան յուսահատութեան մատնել Նոր Հայաստանի ղեկավարութենէն արագ կշռոյթով արժանապատիւ կեանքի պայմաններ ակնկալողները:
Այսուհանդերձ, ժողովուրդի ցաւերուն, կարիքներուն, երազներուն հաղորդ ղեկավարի մը մարմնաւորումը հանդիսանալու Նիկոլ Փաշինեանի գիտակից ճիգը կրնայ քանդել յուսահատութեան տրամադրութիւնները եւ երկրի տնտեսական թռիչքին համար անհրաժեշտ մթնոլորտ ստեղծել: Ի վերջոյ, կեանքի պայմաններու արագ բարելաւում ակնկալող խաւը, իր համբերութեամբ, իր հասկացողութեամբ, զրկանքներուն քիչ մը եւս դիմանալու պատրաստակամութեամբ՝ կրնայ ժամանակ տալ Փաշինեանին ու իր խումբին, որ կարենան նախ տիրապետել իրավիճակին, ապա արդէն անցնիլ արագ գործողութիւններու:
Ժողովրդային այդ լայն խարիսխի վստահութեան եւ բարոյական աջակցութեան վրայ մշտապէս յենուելով եւ բաց, թափանցիկ գործելակերպի միջոցով այդ խարիսխը քայլ առ քայլ իրազեկ դարձնելով ձեռնարկուած աշխատանքներուն մասին՝ Փաշինեան կրնայ չէզոքացնել իր գործը խոչընդոտելու բացայայտ թէ թաքուն փորձերը, երկրի նորոգութեան այս ամբողջ գործընթացին մէջ ներառելով նոյնիսկ այդ խոչընդոտողները, որոնք իրենք իրենց նախկին մենաշնորհեալ վիճակին վերադառնալու յոյսերը պիտի կորսնցնեն:
Յոյսը հսկայ դրամագլուխի վերածելու ամէնէն անմիջական քայլը պիտի ըլլան արդար երկիր կառուցելու ուղղութեամբ առնուած շօշափելի քայլերը, որոնք պիտի արտայայտուին առաջին հերթին պաշտօնեաներու նշանակումներով եւ անոնց առաջ դրուած խնդիրներու յստակ բանաձեւումով:
Նոր Հայաստան կերտելու գործին հաւատքո՛վ ու վճռակամութեա՛մբ պիտի լծուինք, բոլո՛րս, եւ այդ լայն ընդգրկումը ինքնին գործի յաջողութեան երաշխիք է:
Յոյսով սպասում ենք: Տենանք: