ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- Վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան Երեքշաբթի, 8 Մայիսին, հանդիպեցաւ ելեւմուտքի նախարարի պաշտօնակատար Վարդան Արամեանի, պետական եկամուտներու կոմիտէի նախագահ Վարդան Յարութիւնեանի եւ ելեւմուտքի նախարարի առաջին տեղակալ Ատոմ Ջանջուղազեանի հետ:
Հանդիպման ընթացքին վարչապետին զեկուցուեցաւ պետական պիւտճէի եկամուտներու եւ ծախսերու կատարման ընթացքը եւ 2018ի առաջին չորս ամիսներու ցուցանիշները:
Նիկոլ Փաշինեան այս փուլի հրատապ հարցերէն մէկը համարեց պետական պիւտճէի եկամուտներու եւ ծախսերու պատշաճ կատարումը եւ պատասխանատուներէն խնդրեց մինչ կառավարութեան նոր կազմի ձեւաւորումը շարունակել այդ ուղղութեամբ ջանքերը: