ՆԻՒ ԵՈՐՔ.- Հիւսիսային Ամերիկայի Արեւելեան թեմը ընտրեց իր նոր առաջնորդը։ Ուրբաթ, 4 Մայիսին, Նիւ Եորքի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ մէջ գումարուեցաւ թեմի 116րդ կրօնական ժողովը, որ նոր առաջնորդ ընտրեց Դանիէլ Ծ. վրդ. Ֆընտըքեանը։
Ընտրութիւնը Գարեգին Բ. Ամենայն Հայոց կաթողիկոսին կողմէ վաւերացուելէ ետք՝ Ֆընտըքեան հայր սուրբը պիտի ստանձնէ իր պաշտօնը իբրեւ 12րդ առաջնորդը, իսկ 120 տարուան պատմութեան մէջ՝ առաջին առաջնորդը, որ ծնած է Ամերիկա։
Նորընտիր առաջնորդը պիտի յաջորդէ Խաժակ արք. Պարսամեանին, որ իբրեւ առաջնորդ պաշտօնավարած է 28 տարի։
Միւս երկու թեկնածուներն էին Վիգէն արք. Այքազեան եւ Օշական Ծ. վրդ. Կիւլկիւլեան։ Առաջին քուէարկութեամբ թեկնածուներէն ո՛չ մէկը կրցաւ մեծամասնութիւն ապահովել, իսկ երկրորդ քուէարկութեամբ ընտրուեցաւ Ֆընտըքեան հայր սուրբը։
Ընտրեալ առաջնորդը ծնած է Թեքսասի Ֆորթ Ուըրթ քաղաքը եւ յաճախած Ս. Ներսէս Շնորհալի Ճեմարանը: Ան ցարդ կը վարէր Գրիգոր եւ Գլարա Զօհրապի անուան տեղեկատուական կեդրոնի տնօրէնութեան պաշտօնը։