ԱԲՕ ՊՈՂԻԿԵԱՆ
Ժողովրդավարական շարժումի եւ երկրին մէջ արդարութիւն ստեղծելու ճիգերու յաջողութեան համար որոշ հարցեր պէտք է լուծուին՝ կարելի արագութեամբ:
Այդ հարցերու շարքին, Հայաստանը պէտք է ձերբազատել տարիներու ընթացքին կուտակուած՝ Համաշխարհային դրամատան ու միջազգային վարկատու այլ կառոյցներու յատկացումներէն գոյացած պարտքերէն:
Միջազգային այս կառոյցները տարիներով առատաձեռն վարկեր տուին Հայաստանի կառավարութեան, որ իր կարգին, փոխանակ այդ վարկերը օգտագործելու իրենց ճիշդ նպատակին՝ երկրի տնտեսութեան նպաստող ենթակառոյցներու ստեղծման եւ այդ ճամբով ժողովրդավարական կարգերու ամրապնդման, անոնց մեծագոյն մասը թալանելով զբաղեցաւ:
Միջազգային այս կառոյցներուն համար եթէ Հայաստանի մէջ ժողովրդավարական կարգերու ստեղծումը կարեւոր է, ապա ուրեմն անոնք պէտք է սատարեն տնտեսական բոլորովին անբարենպաստ պայմաններու մէջ գտնուող այս երկրէն ներս արդարութիւն հաստատելու յանդուգն նախաձեռնութիւններուն։
Գուրգուրանքի ամէնէն նշանակալի արտայայտութիւնը կ՛ըլլայ շօշափելիօրէն օժանդակելը Հայաստանին՝ ներելով անոր այն պարտքերը, որոնք փոշիացած են կաշառակեր պաշտօնատարներու թալանին պատճառով:
Այս կառոյցները իրենք իրենց նախաձեռնութեամբ նման քայլի չեն դիմեր: Պէտք է յուշե՛նք զանոնք, պէտք է թէ՛ Հայաստանի պետութեան արտաքին գերատեսչութեան եւ թէ Սփիւռքի քաղաքական՝ յատկապէս Ամերիկայի եւ Եւրոպայի ՀՅԴ Հայ Դատի յանձնախումբերուն ուշադրութիւնը կեդրոնանայ այդ կառոյցներու ղեկավարութեան, անոնց վրայ ազդող երկիրներու օրէնսդիր եւ գործադիր մարմիններուն վրայ, որպէսզի անոնք համապատասխան քայլեր առնեն՝ անմիջապէս սառեցնելով վարկերու մարման եւ տոկոսներու վճարումները: Անհրաժեշտ է զօրաշարժի ենթարկել մեր ուժերը՝ այս կուտակուած անբարոյական պարտքերու ջնջումը ապահովելու համար: