ՊԷՅՐՈՒԹ, «Ազդակ».- Կիրակի, 6 Մայիսին, շուրջ տասնամեակ մը տեւած սպասումէ ետք այդ օրը լիբանանցի քաղաքացիները կարելիութիւն ունեցան ընտրելու երեսփոխանական թեկնածուներ, որոնք իրենց ներկայացուցիչները պիտի ըլլան խորհրդարանին մէջ:
Այս ընտրութիւններուն, բնականաբար, հայութիւնը եւս բերաւ իր աշխոյժ եւ տիրական մասնակցութիւնը, որովհետեւ լիբանանահայութեան իսկական եւ արժանաւոր ներկայացուցչութեան խնդիր գոյութիւն ունէր: ՀՅԴի կողմէ առաջադրուած էին չորս թեկնածուներ՝ ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչ, երեսփոխան Յակոբ Բագրատունի, Յակոբ Թերզեան, Սերժ Չուխատարեան եւ Ալեքսանտր Մաթոսեան:
Կիրակի օր, շուրջ կէս գիշերին, արդէն իսկ յստակ դարձան ընտրութիւններուն նախնական արդիւնքները, որոնց համաձայն, ՀՅԴի առաջադրած չորս թեկնածուներէն երեքը՝ Յակոբ Բագրատունի, Յակոբ Թերզեան եւ Ալեքսանտր Մաթոսեան, ընտրուած էին երեսփոխան:
ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչ, երեսփոխան Յակոբ Բագրատունի երեկոյեան «Էմ.Թի.Վի.» պատկերասփիւռի կայանին հետ իր ունեցած հարցազրոյցին ընթացքին յայտնեց, որ Դաշնակցութեան ընտրազանգուածը, ըստ սովորականին, իր մասնակցութիւնը բերաւ երեսփոխանական ընտրութիւններուն՝ աւելցնելով, որ ընտրական նոր օրէնքին լոյսին տակ երեսփոխանական ընտրութիւնները կատարուեցան:
Յ. Բագրատունի նշեց, որ հակառակ անոր որ Մեթնի պարագային ՀՅԴն որոշեց երեսփոխան Միշել Մըրի չքուէարկել, ոմանք շարունակեցին Մըրի անձին ի նպաստ քուէարկութիւնները:
«ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէն Մըրի հետ սիրով համաձայնած էր այս ընտրութիւններուն ընթացքին իրարմէ բաժնուիլ՝ նկատի ունենալով օրէնքին դրութիւնը: Հետեւաբար ՀՅԴի համակիրները չքուէարկեցին անոր, այլ մեծ թիւով հայեր, որոնք հիմնականին մէջ Հնչակեան կուսակցութեան եւ Բարեգործական միութեան անդամներն էին», ըսաւ ան:
Ընտրական օրէնքին մասին հարցումի մը պատասխանելով՝ Յ. Բագրատունի շեշտեց, որ ընտրական այս նոր օրէնքին կը տրուէր «Շինիչ անորոշութիւն» որակումը, «սակայն փորձելէ ետք ընտրական այս նոր օրէնքը, կարելի է ըսել, թէ անիկա «Ոչ շինիչ անորոշութեան» օրէնքն է: Համոզուած եմ, որ ընտրական օրէնքի գործադրութեան գործիքակազմը հապճեպով որոշուած է եւ արդիւնաւորուած անտրամաբանական դաշինքներով, նոյնիսկ մրցակցութիւն յառաջացնելով նոյն կուսակցութեան շարքերուն միջեւ», ըսաւ Յ. Բագրատունի:
Ան դատապարտեց ընտրական նոր օրէնքը՝ նկատի ունենալով ընտրակաշառքի դրութիւնը, որ եկաւ խեղդելու քաղաքացիներուն ազատ ու ժողովրդավար իրաւունքը, իրենց քուէն վաճառող քաղաքացիներուն համար ճշդելու սակ մը:
Յ. Բագրատունի աւելցուց, որ ընտրական այս օրէնքով լիբանանեան քաղաքական բոլոր կողմերը տուժած դուրս պիտի գան՝ նշելով հաւանաբար, որ այդ էր հետապնդուած նպատակը:
Երեսփոխան Բագրատունի յայտնեց նաեւ, որ ութ տարուան աշխատանքէ եւ ընտրական օրէնքի մշակումին մաս կազմելէ ետք, ինք այդ յանձնախումբէն դուրս մնացած է, եւ ուրիշներ չափած են ու ձեւած ընտրական նոր օրէնքը:
Երեկոյեան ժամը 10:30ի տուեալներով Մեթնի եւ Պէյրութի Ա. ընտրաշրջանին մէջ տիրող թուային պատկերը ներկայացնելէ ետք, Յ. Բագրատունի շեշտեց, որ Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութիւնը գոհ է արդիւնքներէն:
Երեսփոխան Բագրատունի յայտնեց, որ Պէյրութ Ա.ի մէջ հայութեան քուէարկութեան համեմատութիւնը աւելի բարձր է, քան՝ քաղաքական այլ ուժերու քուէարկութեան մասնակցութեան համեմատութիւնը:
Ինը տարի ետք, Լիբանանի մէջ ի վերջոյ կատարուեցան երեսփոխանական ընտրութիւններ, համաձայն ընտրական նոր օրէնքին, այլ խօսքով՝ համամասնական եւ նախընտրութեան քուէի դրութեամբ օժտուած ընտրական օրէնքին:
Ընտրութիւններուն ընթացքին ընդհանրապէս տիրեց խաղաղ մթնոլորտ, բացի կարգ մը շրջաններէ, ուր արձանագրուեցան ապահովական խախտումներ Զահլէի, Շուէյֆաթի, Թարիք Ժտիտէի եւ Պարժայի մէջ:
Արձանագրուեցան նաեւ ընտրական օրինական խախտումներ, իսկ տիրական ներկայութիւն դարձաւ եւ երեսփոխանական ընտրութիւններու արդիւնքներուն դիմագիծը փոփոխութեան ենթարկեց ընտրակաշառքը կամ քաղաքական նպատակներու համար օգտագործուող գումարը:
Առաւօտեան կանուխ ժամերէն սկսեալ Լիբանանը կազմ ու պատրաստ էր կայացնելու երեսփոխանական ընտրութիւնները: Առաւօտեան ժամը 7ին քուէարկութեան կեդրոնները սկսան դիմաւորելու քուէարկող քաղաքացիները, որոնք ուղղուեցան կատարելու իրենց քաղաքացիական պարտականութիւնը:
Քուէարկութեան հոլովոյթը ամբողջ Լիբանանի տարածքին հեզասահ ընթացաւ՝ նկատի ունենալով ներքին գործոց նախարարութեան կազմակերպուած աշխատանքը: Արձանագրուեցան կարգ մը վարչական եւ թեքնիք հարցեր, որոնց լուծումը կարելի եղաւ անմիջապէս տրամադրել:
Նախքան քուէատուփերուն փակումը, քաղաքական որոշ ուժեր առաջարկեցին քուէարկութիւնը երկու ժամով երկարաձգել, սակայն այդ երկարաձգումը անկարելի դարձաւ:
Նշենք, որ քաղաքական մեծ թիւով ուժեր քննադատեցին ընտրական նոր օրէնքը՝ հաստատելով զայն բարեկարգումի ենթարկելու անհրաժեշտութիւնը:
Նշենք նաեւ, որ Լիբանանի խորհրդարան մտան նաեւ երկու այլ հայ թեկնածուներ՝ Փօլա Եագուպեան, (քաղաքացիական հասարակութիւն-հայ առաքելական), բանակի նախկին սպայ Ժան Թալլուզեան (հայ կաթողիկէ, անկախ)։
Ուղղակի հարցում մը – երբ կ’ըսուի Միշել Մըրի ընդհանրապէս հնչակեաններ եւ ռամկավարներ քուէարկեցին, արդեօք անոնք նաեւ ՀՅԴ թեկնածուի՞ն ալ դէմ քուէարկեցին թէ մաիյն Մըրի համար: