ԿԼԵՆՏԷՅԼ.- «Yes, We Have» մատենաշարը, որ լուսարձակի տակ կ՛առնէ ամերիկահայերուն ունեցած յատկանշական իրագործումները Միացեալ Նահանգներու պատմութեան մէջ, պիտի ունենայ նաեւ ամերիկահայ քաղաքական գործիչներու, հանրային սպասարկուներու եւ զինուորականներու նուիրուած հատոր մը։
Հայկական արուեստներ կազմակերպութիւնը, որ նախաձեռնած է այս ծրագիրին, կոչ կ՛ընէ հանրութեան, որ նման անձաւորութիւններու կենսագրութիւններն ու լուսանկարները տրամադրեն, նկատի առնուելու համար այս հաւաքածոյին մէջ։
Տեղեկութիւնները կարելի է յղել info@ArmenianArts.com կամ Armenian Arts, P.O. Box 287, Glendale, CA 91209 հասցէներուն։
Յաւելեալ տեղեկութեանց համար դիմել Ստեփան Փարթամեանին՝ (818) 244-2468 թիւով։