ՎԻԳԷՆ ՅՈՎՍԷՓԵԱՆ
Այսօր Հայաստանը անգամ մը եւս ժողովրդավարութեան դասեր կ՛արձանագրէ պատմութեան էջերուն մէջ:
Ասկէ 100 տարիներ առաջ, կարճատեւ Հայաստանի Հանրապետութիւնը, իր ժողովրդավար բարձր չափանիշներով հպարտառիթ էջ մը բացաւ հայ ազգի պատմութեան մէջ: Քաղաքական կեանքէն ներս իգական սեռի ներգործօն մասնակցութեամբ (երբ ինքզինք ժողովրդավարութեան փարոս նկատող ԱՄՆ տակաւին իր կին քաղաքացիներուն քուէարկելու իրաւունքն անգամ չէր տուած), եզիտի եւ այլ փոքրամասնութեանց հանդէպ ցուցաբերած իր հանդուրժողութեամբ, ինչպէս նաեւ անվճար կրթութեան եւ առողջապահական ծառայութիւններու օրէնքներով, պատմութեան ա՛յդ դժուարին օրերուն, Հայաստանը հասարակական եւ ընկերային արդարութեան հզօր օրինակ մը արձանագրեց:
Եւ հիմա, այդ օրերէն ուղիղ 100 տարի անց եւ յաչս մարդկութեան, Հայաստանը ժողովրդավարութեան մէկ այլ փայլուն օրինակ մը շնորհելու ընթացքի մէջ է, մանաւանդ եթէ սկսուած գործընթացը իր հանգրուանային աւարտին հասնի եւ տեղի ունենան Ազգային ժողովի ազատ ու արդար ընտրութիւններ: Ասով մեծապէ՛ս հպարտ պէտք է ըլլայ իւրաքանչիւր հայ:
Իրօ՛ք, համաժողովրդային բողոքի ալիքը, որ կը խոստանայ Հայաստանի կեանքը յեղափոխող ուժի վերածուիլ՝ առանց լուրջ արիւնահեղութեան, սահմանադրական գործընթացներու ընդմէջէն կու գայ հասնելու նոր օր եւ մեզ հասցնելու Նոր Հայաստան: Քանի՞ պատմական օրինակներ կրնաք մտաբերել, երբ այսքա՛ն կարճ ժամանակի մէջ ժողովրդային ժայթքած հրաբուխը հանդարտ եւ խաղաղ կերպով հունաւորուի դէպի սահմանադրական, բայց եւ արմատական լուծումներու տարածք:
Այսօր, անառարկելիօրէն պարզ ու յստակ է, թէ հայ ժողովուրդը փոփոխութիւն կը պահանջէ, եւ այդ՝ ո՛չ միայն քաղաքական իրականութեան մէջ: Դատելով ժողովուրդին եւ յատկապէ՛ս երիտասարդութեան հաստատակամ ու լայնամասշտապ պահանջատիրութենէն՝ պարզ է, որ ուզուածը հիմնական ու խորաթափանց փոփոխութիւն է՝ համակարգայի՛ն փոփոխութիւն, մինչեւ իսկ քաղաքահասարակական մշակոյթի յեղափոխութիւն:
Հոս, մակերեսայինը եւ միջակութիւնը ընդունելի չե՛ն այլեւս, տեղ չ՛ունին անոնք: Ահա ա՛յս է արդէն մեր սիրտերը յոյսով եւ հպարտութեամբ լեցնողը ու մեզ համոզողը: Ա՛յս է, որ հպարտութիւն կը ներշնչէ՝ հանդէպ մեր հայրենաբնակ ժողովուրդի նոր երթին:
Հետեւաբար, թող ո՛չ ոք յոյս փայփայէ փոփոխութեան ներուժը կասեցնելու կամ նոյնիսկ անոր ալիքը մեղմացնելու ուղղութեամբ: Այն հզօր թափով եւ լայն ծաւալներով, որոնցմով ժողովուրդը կը շարժի այսօր, աներեւակայելի՛ է որ կացութիւնը վերադառնայ ասկէ երկու շաբաթ առաջուան իրավիճակին, պարզ այն պատճառով, որ իրադրութիւններէ աւելի՝ հոգինե՛րն են որ ալեկոծած են, ու միտքերն են որ թռիչք առած են։
Պարզ է թէ ժողովուրդը աւելի յախուռն կերպով սկսած է յուսալու, սկսած է յոյսերու գրաւը կապելու Հայաստանի հետ ու վաղուան գալիքին, այլ ոչ թէ՝ արտագաղթին: Չէ՞ք հաւատար. նայեցէ՛ք հայ աչքերուն մէջ, տեսէ՛ք ժողովուրդին ուրախութիւնը: Արդէն ա՛յս է Նիկոլ Փաշինեանին եւ իր գործակիցներուն ամէնէն մեծ իրագործումը. այն, որ իրենք յաջողեցան ժողովուրդին տալ համարձակութիւնը յուսալու՝ առանց անհեթեթ զգալու: Անոնք յաջողեցան մեր նմաններուն հասկցնել, թէ Հայաստանի անմիջական ապագային հետ վառ յոյսեր կապելը՝ «հէրիֆ»ութիւն չէ, ո՛չ ալ մանկամտութիւն:
Իսկ եթէ սայթաքին Նիկոլենք ու սխալինք մենք բոլորս, ապա ի՛նչ խօսք, որ անխնայ կ՛ըլլան ժողովուրդն ու պատմութեան էջերը ո՛չ միայն պրն. Փաշինեանի հանդէպ, այլ մեր բոլորին հանդէպ, որ տեսանք՝ բայց չհասկցանք:
Պէտք է ուրեմն յուսալ, որ մեր հաւաքական նաւը, որ ի պատիւ ժողովուրդին, ի պատիւ բոլոր քաղաքական դերակատարներուն՝ փոթորկոտ ծովերէ խաղաղ ջուրեր արդէն հասած է, շարունակէ՛ իր ընթացքը մինչեւ նաւահանգիստ, որ այս պարագային կը նշանակէ՝ ազատ եւ արդար ընտրութիւններ: Հո՛ն է, որ սկիզբ պէտք է առնէ իսկական գործը հայրենակերտումի, ներգաղթի, բարգաւաճումի եւ հզօրացման:
Մի՛շտ ալ գոյութիւն պիտի ունենայ անվստահութիւն՝ անորոշութեան պայմաններու մէջ, եւ բնական է, որ մեզմէ ոմանք զգուշաւորութեամբ մօտենան առագընթաց կատարուածին: Լա՛ւ է որ այդպէս ալ ըլլայ, այնքան ատեն, որ զգուշաւորութիւնը չ՛առաջնորդեր հոգիներ կրծող ցինիսիզմի, ու հաւաքական յոյսը չի խամրիր: Սա յո՛յսն է, որ մինչեւ վերջերս մեռած կը թուէր ըլլալ, եւ որ իր կարգին կը մեռցնէր ստեղծագործութեան ոգին, երկրի իսկական բարգաւաճումը ու մարդոց նախաձեռնութեան ոգին: Բռնապետական որեւէ ճիգ, մեռած յոյսերու աւազանին մէջ է որ կը հզօրանայ:
Փոքր ազգերու համար, կամ՝ լինելութեան պայքար տանողին համար, հացի եւ ջուրի չափ կարեւոր է յոյսը: Որքա՛ն մեծ ըլլայ յուսալու առիթն ու կարողութիւնը, այնքա՛ն մեծ կ՛ըլլայ նախաձեռնութեան ոգին, նուիրումի պատրաստակամութիւնը: Այն ժողովուրդը, որ հաւաքական յոյս եւ տեսլական կը փայփայէ, դժուա՛ր է կամ նոյնիսկ՝ անհնա՛ր զայն կասեցնել:
Վկայ՝ Մայիս 1918ի սերունդը, եւ վկայ՝ անհաւասար կռիւի մէջ անոր ցուցաբերած արիութիւնն ու հանճարեղութիւնը:
Այսօրուան պայմաններուն մէջ, միայն արտաքին ճակատներէ եկող կամ ներքին անկարգութիւններու միջոցաւ սադրանքներն են, որոնք կրնան խոչընդոտել ժողովուրդի երթը: Նման ճիգ թշնամիէն կրնայ գալ միայն: Նման ճիգ յոյսի թշնամիներէն կրնայ գալ միայն եւ դաւաճանութեա՛ն համազօր է:
Հայաստանի ժողովուրդը սկսած է շնչելու, սկսած է զինք հիւծող, կրծող խոր թերահաւատութենէն ձերբազատուելու եւ անցնելու երազանքի տարածք: Հո՛ս է ահա, որ ժողովուրդին իտէալիզմը կու գայ հանդիպելու կարելիին ու իրականութեան: Հո՛ս է, այս տարածքին մէջ է, որ վերջապէս եւ էապէս ՀայրենիքևՍփիւռք պիտի գրկախառնուին: Հո՛ս է, որ Հայաստանի տնտեսական զարգացումը կարելիին արուեստը պիտի դառնայ, եւ այնքան ուշացած դէպի երկիր ներգաղթը՝ ազգային պարտականութենէ կամ անձնազոհութեան դրսեւորումէ պիտի վերածուի հաճելի եւ ինքնաբուխ հրամայականի:
Ի սէր Աստուծոյ եւ յանուն մեր ազգի գալիք յաղթանակներուն, փայփայե՛նք յոյսը եւ ուժ տանք անոր: Ժամանակը չէ՛ թերահաւատութեան, յանուն զգուշաւորութեան եղած մտմտանքներու: Այս ոսկի առիթը, որ ստեղծուած է, մարտահրաւէ՛ր է մեզմէ իւրաքանչիւրին՝ մաքրուելու մեր մէջ տեղ դրած ցինիսիզմէն, թերահաւատութենէն եւ ձախողութեան գուշակը ըլլալու բարդոյթէն:
Այսօրուան օրը խիզախութեան օր է եւ պայծառին ուղղութեամբ յանձնառութիւն վերցնելու օր:
Այսօրուան օրը (վերջապէ՛ս) քաղաքականացած երիտասարդութեան եւ իտէալին ձգտող հայերուն օրն է:
Այսօրուան օրը ազգասէր յեղափոխականներու օրն է, արդար պետութիւն կերտողներու օրը, այնպէս ինչպէս որ էր պարագան 100 տարիներ առաջ՝ 1918ի Մայիսին: