ՓԱՍԱՏԻՆԱ.- Հայոց Ցեղասպանութեան Փասատինայի յուշարձանի յանձնախումբը կը տեղեկացնէ, թէ Շաբաթ, Ապրիլ 21ի երեկոյեան տեղի ունեցած է Քալիֆորնիոյ թիւ 210 ազատուղիի Ֆեր Օքս պողոտայի ելքերուն վրայ՝ Հայոց Ցեղասպանութեան Փասատինայի յուշարձանին վայրը մատնանշող չորս ցուցանակներու բացման պաշտօնական արարողութիւնը, որուն ներկայ եղած են բազմաթիւ հայորդիներ, կրօնական եւ քաղաքային ղեկավարներ, սկաուտներ եւ աշակերտներ:
Քալիֆորնիոյ նահանգային Ծերակոյտի անդամ Էնթընի Փորթանթինօ, որ նախապէս եղած էր Հայոց Ցեղասպանութեան Փասատինայի յուշարձանի յանձնախումբի անդամ, անցեալ տարի ներկայացուցած էր թիւ 25 բանաձեւը՝ յուշարձանը ազատուղիին վրայ ծանուցելու միտումով։ Բանաձեւը աւելի ուշ վաւերացուած էր նահանգի օրէնսդիր մարմինին կողմէ:
Փորթանթինօ ուրախութիւն յայտնած է, որ Հայոց Ցեղասպանութեան իրազեկուածութիւնը ընդարձակող այս յուշարձանի կառուցման եւ ցուցանակներու զետեղման նախաձեռնութիւնները կարելի եղած է իրականացնել՝ առիթ ընծայելով համայնքին, որ արժանի յարգանքի տուրքը մատուցէ Հայոց Ցեղասպանութեան 1.5 միլիոն զոհերուն։
Ձեռնարկի գլխաւոր բանախօսը եղած է Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբի ատենապետ Ռաֆֆի Համբարեան՝ դրուատելով Հայոց Ցեղասպանութեան Փասատինայի յուշարձանին ծրագիրը իրականացուցած կազմակերպութիւններն ու անհատները, միաժամանակ դատապարտելով Ցեղասպանութիւնը ուրանալու ջանքերը։
Յիշեցնենք, որ Փասատինայի «Մեմորիըլ» զբօսայգիի հիւսիս-արեւելեան բաժինը գտնուող Հայոց Ցեղասպանութեան Փասատինայի յուշարձանին պաշտօնական բացումը տեղի ունեցած էր Ցեղասպանութեան հարիւրամեակին՝ 2015ի Ապրիլին: