ԼՈՍ ԱՆՃԵԼԸՍ.- Հայոց Ցեղասպանութեան համագաղութային յանձնախումբին կազմակերպութեամբ, Երեքշաբթի, Ապրիլ 24ի յետմիջօրէին տեղի ունեցաւ Արդարութեան քայլարշաւը, որուն մասնակիցները «ՓենՓըսիֆիք» զբօսայգիէն քալելով՝ հասան մինչեւ Լոս Անճելըսի Թուրքիոյ հիւպատոսարան, դատապարտելով Հայոց Ցեղասպանութիւնը ուրանալու Անգարայի քաղաքականութիւնը եւ անյապաղ վնասուց հատուցում պահանջելով։
Հիւպատոսարանը, որ աւելի քան չորս տասնամեակներէ ի վեր, ամէն Ապրիլ 24ի ականատես դարձած է այս հաւաքներուն, այս տարի եւս ցնցուեցաւ հայութեան արդար հատուցման պահանջներով։
Քայլարշաւի եւ բողոքի ցոյցի տեսանիւթը կարելի է դիտել՝ այցելելով www.facebook.com/asbarez/videos/10155451456683201 կայքէջը։