Թուրքիոյ հանրապետութեան որդեգրած Հայոց Ցեղասպանութեան իրողութիւնը ուրանալ միտող պաշտօնական ռազմավարութիւնը ժամանակի ընթացքին Հայկական Սփիւռքին պարտադրեց այդ ուրացման դէմ բոլոր միջոցներով պայքարելու կամքը: Այդ կամքի բնական դրսեւորումն է Եւրոպայի զանազան երկիրներու մէջ Հայոց Ցեղասպանութեան զոհերը յիշատակող յուշարձաններու կառուցումը: Սակայն, Թուրքիոյ պետական միտքը նաեւ հանդուրժողութիւն չունի զոհերու յիշատակը յարգելու երեւոյթին հանդէպ: Այդ անհանդուրժողութիւնը արձագանգ կը գտնէ արեւմտեան իբրեւ թէ քաղաքակիրթ երկիրներու մէջ, եւ շատ անգամ եւրոպացիներ տարուելով թրքական քարոզչամեքենայի զրպարտութիւններէն՝ կ՛առարկեն հայոց զոհերու յիշատակման ձօնուած միջոցառումներուն դէմ: Իսկապէս՝ տխուր երեւոյթ՝ որուն հետեւանքով գողտրիկ այգիի մը կամ գերեզմանատան մը անշուք մէկ անկիւնին կանգնեցուած համեստ խաչքար մը իսկ կը ստեղծէ յաղթանակի տպաւորութիւն: Անշուշտ ստիպուած ենք գնահատելու խումբ մը նուիրեալներու սպառիչ աշխատութիւնը, եւ քանի որ այսքան մեծ անհանգստութիւն կը պատճառէ, նաեւ պէտք է ողջունե՛նք կատարուած գործը:
Ժընեւի մէջ «Յիշողութեան Լապտերներ»
Որքան ալ խօսինք համեստ կոթողներու մասին կ՛արժէ խոստովանիլ, որ այդ կառուցուածքները շատ անգամ ունին գեղարուեստական արժէք եւ պատիւ կը բերեն իրենց տեղադրուած վայրերուն: Այդպիսի օրինակ մըն է Ժընեւի լապտերները, որոնք մտայղացումն են ֆրանսահայ քանդակագործ Մելիք Օհանեանի: Օհանեան իր այս գործով թէ՛ քաղաքին հարստութիւն մըն է որ կը պարգեւէ եւ թէ հասարակութեան կը ներկայացնէ բարձր ճաշակով գեղարուեստական կոթող մը:
Արդարեւ, 13 Ապրիլին, Ժընեւի Թրեմպլի անուն զբօսայգիին մէջ պաշտօնական բացումը կայացաւ «Յիշողութեան լապտերներ»ուն: Բացման հանդիսութեան ներկայ գտնուեցաւ Ժընեւի մօտ Հայաստանի Հանրապետութեան դեսպան Շարլ Ազնաւուր: Ինչպէս նշած էինք այս մասին՝ առաջին նախաձեռնութիւնները տեղի ունեցած էին 2008ին, բայց Զուիցերիոյ իշխանութիւնները քաղաքական պատճառներով յարմար չէին գտած նման յուշարձանի մը բացումը: Զուիցերիոյ մօտ Թուրքիոյ դեսպան Մեհմետ Սայիտ Ույանըք բողոքեց յուշարձանի բացման դէմ՝ զայն կոչելով յետին նպատակով կատարուած գործ մը, որ կը սպառնայ Թուրքիա- Զուիցերիա յարաբերութիւններուն:
Ցեղասպանութեան Յուշարձան՝ Քէօլնի Մէջ
Գերմանիոյ մէջ ընդմիշտ աւելի մեծ նշանակութիւն ունեցած է Հայոց Ցեղասպանութեան յիշատակումը: Պատմական իրողութիւն է, որ այդ մեծ ոճիրի պահուն Թուրքիոյ բանակը կը ղեկավարուէր գերմանացի սպաներու կողմէ: Յատկապէս գերմանական խորհրդարանի՝ Պունտեսթակի՝ Հայոց Ցեղասպանութիւնը դատապարտող բանաձեւի ընդունումէն ետք, մանաւանդ ալ դէպի Սուրիա ուղղուած թրքական յարձակումներուն նիւթով յաճախ վերյիշումներ կը կատարուի 100 տարի առաջ հայոց դէմ ալ նոյն գերմանական զէնք ու զինամթերքի գործածութեան օրինակով: Թերեւս այս պարզեցման հետեւանքով Քէօլնի բրգաձեւ յուշարձանին վրայ հայերէնով, թրքերէնով եւ գերմաներէնով յիշուած է Օսմանեան կայսրութեան Հայոց Ցեղասպանութիւնը գործադրելու ընթացքին Գերմանիոյ Ուիլհեմ Բ. կայսրի ցուցաբերած աջակցութիւնը:
Քէօլն քաղաքի խորհրդանշան համարուող ՏՈՄի տաճարին մերձակայ այս յուշարձանի տեղադրման դէմ եւս եղան զանազան առարկութիւններ: Քաղաքապետարանը որոշած էր այդ բողոքները քննարկել եւ որոշումի մը յանգիլ Կիրակի, 22 Ապրիլի իր ժողովին ընթացքին:
Թրքական Նախաձեռնութիւններ
24 Ապրիլի նախաշեմին, Թուրքիոյ մէջ եւս կը տեսնենք զանազան խլրտումներ: Այսպէս, «Կազեթէ Քարընճայ»ը «Օրօրա»ի մրցումներու նախագիծէն քաղելով՝ պատրաստած էր «1915էն Ցայսօր Հայկական Դէմքեր» գործը: Այժմ այդ թարգմանութիւնը «Հայնրիխ Պէօլլ Շթիֆթունկ»ի աջակցութեամբ գիրքի կը վերածուի:
Ցեղասպանութեան 103ամեակին ձօնուած այս աշխատութեան մէջ վերապրածներու որդիները կամ թոռները կը պատմեն իրենց նախնեաց ապրածներուն մասին: Այսպիսով, ընթերցողը իրազեկ կը դառնայ զանազան ընտանիքներու Ուրֆայէն Պուէնոս Այրես, կամ Ամասիայէն Ֆրանսա երկարող ոդիսականներուն: Հանրածանօթ շարժապատկերի բեմադրիչ Ատոմ Էկոյեան այս հրատարակութեան համար գրի առած ներածականին մէջ յատուկ շնորհակալութիւն կը յայտնէ սոյն աշխատութիւնը նախաձեռնողներուն: «Այստեղ Սփիւռքի ձայները մէկտեղուած են: Եթէ իրենց հայրենի հողին վրայ ապրած ըլլային՝ բոլորովին տարբեր կեանք մը պիտի ապրէին անոնք, բայց միակ բան մը, որ գիտենք՝ մեզի համար առեղծուածային, իսկ իրենց համար շատ հարազատ լեզուով մըն է, որ կը պատմեն սեփական կեանքի դառն պատմութիւնը», գրած է Էկոյեան:
Գիրքի թարգմանութիւնները կատարած են Թոլկա Էր եւ Լոքման Սազան:
Սոյն հրատարակութեան մէջ կը հանդիպինք Օրօրա Մարտիկանեանին, Արթօ Թունչպոյաճեանին, Լիլիան Քէշիշեանին, Մարք Նշանեանին, Ճիւան Գասպարեանին, Ատոմ Էկոյեանին, Կոր Աւետիսեանին, Պրենտա Վանեշեհեանին, Դաւիթ Նալպանդեանին, Ժանին Ալթունեանին, քոյր եւ եղբայր Եւա եւ Յարութ Արզումանեաններուն, Տիգրան Ալթունին, Վարդան Մելքոնեանին, Արսինէ Խանճեանին, Սերժ Աւետիկեանին, Քիմ Քարտաշեանին եւ ուրիշներէ բաղկացած 50 հայերու կերպարներու: Գիրքը հրապարակ պիտի ելլէ 24 Ապրիլ 2018ին:
Միջոցառումներ, Միջոցառումներ…
Բացի այս բոլորէն, ինչպէս նախորդ տարիներուն, այս տարի եւս՝ գլխաւորութեամբ Պոլսոյ, Թուրքիոյ զանազան քաղաքներու մէջ միջոցառումներ կը կայանան բազմաթիւ հասարակական կազմակերպութիւններու նախաձեռնութեամբ: Կեդրոնը Փարիզ գտնուող EGAM (Եւրոպայի ցեղապաշտութեան դէմ շարժում) կազմակերպութիւնը 23 Ապրիլին կէսօրէն ետք ժամ 1ին մամլոյ յայտարարութիւն մը կը կատարէ Մարդու իրաւունքներու միութեան Պոլսոյ մասնաճիւղին մէջ: 24 Ապրիլին, կէսօրուան ժամը 12ին, պոլսահայ մտաւորականները պիտի յիշատակուին դէպի իրենց մահուան ճամբորդութեան մեկնած Հայտարփաշայի կայարանին առջեւ: Նոյն օրուան երեկոյեան ժամը 7։15ին, Թիւնելի հրապարակին վրայ «Տուրտէ» հարթակին նախաձեռնութեամբ պիտի յիշատակուին Մեծ Եղեռնի զոհերը: Նաեւ, նախորդող եւ յաջորդող օրերուն համար նախատեսուած են բազմաթիւ բանախօսութիւններ եւ ասուլիսներ՝ տար-բեր դահլիճներու մէջ:
«ԱԿՕՍ»
ԵՂԵՌՆԻՆ ՆՈՒԻՐՈՒԱԾ ԱՅՍ ԹԻՒԻ ՀՈՎԱՆԱՒՈՐՆԵՐԷՆ
Մեր նոր սերունդին մօտ
Հայկական Ցեղասպանութեան
հետապնդումը ապահովելու լաւագոյն կռուաններէն մին հայ դպրոցն է
Շամլեան Ազգային Վարժարան
Օրենճ Քաունթի
Ս. Քառասնից Մանկանց Եկեղեցի
Արի Կիրակոս Մինասեան Ազգային Վարժարան