ԿԱՐՕ ԱՐՄԵՆԵԱՆ
Այսպէս կը բնորոշէ ՀՅԴ Հայաստանի Գերագոյն Մարմինը քաղաքացիական բողոքի այս շարժումը: Միաժամանակ ան կոչ կ՛ուղղէ ՀՀ Ազգային ժողովի բոլոր կուսակցութիւններուն անմիջապէս խմբուելու արտախորհրդարանական յատուկ հարթակի մը շուրջ երկիրը ներկայ քաղաքական տագնապէն դուրս բերելու անյետաձգելի հրամայականով: Դաշնակցութիւնը նաեւ կ՛առաջարկէ, որ խորհրդակցութիւններու այս հարթակը գործէ ՀՀ նախագահ Արմէն Սարգիսեանի հովանաւորութեան տակ, որպէս վերկուսակցական հեղինակութիւն, որուն պէտք ունի երկիրը այս պահուն: Ուրախ ենք, որ այս կապակցութեամբ արդէն իսկ հրապարակուած է պր. նախագահի ջերմ հաւանութիւնը:
Ի սրտէ կը յուսանք, որ այս խիզախ նախաձեռնութիւնը արագ ընդառաջում ստանայ բոլոր մեր գործընկերներուն կողմէ եւ երկրի խաղաղեցման գործընթացը մտնէ վճռական փուլ բոլոր կողմերու անվերապահ գործակցութեամբ եւ ի փառս հայրենի ժողովրդավարութեան:
Այնուամենայնիւ զգաստութիւնը կը թելադրէ, որ դուրս չգանք իրապաշտութեան սահմաններէն եւ խօսինք բաց բնագիրով: Մեծ աւեր գործուած է անկախութեան առաջին տարիներէն սկսած եւ մեծ ճեղք մը բացուած՝ մեր հասարակութեան կեանքին մէջ ղեկավարողի եւ ղեկավարուողի փոխադարձ յարաբերութիւններու ոլորտին մէջ: Դաշնակցութեան կոչը միայն սկիզբն է երկանց: Ազգային համաձայնութեան անխախտ եզրեր պէտք է կեանքի կոչուին: Հետեւաբար կարեւոր է կրկնել ու յիշեցնել, որ այս պատմական ճիգը պէտք է ըլլայ բծախնդրօրէն խորքային եւ այս բանին հիմնական պարտաւորութիւնը այսօր կը ծանրանայ պր. վարչապետի եւ իր կառավարութեան ուսերուն:
Այսօրուան թախանձագին պատգամն է, որ վարչապետական նոր իշխանութիւնը եւ առաջին հերթին‘ Հանրապետական կուսակցութիւնը մտնեն այս գործընթացին մէջ այն անկեղծ ակնկալութեամբ, որ ջրբաժան տեղի պիտի ունենայ երկրի կեանքին մէջ: Յարացոյցի վճռական փոփոխութեան մը մեկնա՛րկը՝ որուն իրենք մաս պիտի կազմեն ոտքէն մինչև գլուխ: Այն ինչ, որ պիտի ծնի այս գործընթացէն, չի կրնար մակերեսային «կրակմար»ի մը բնոյթը կրել: Այն ինչ, որ պիտի ծնի սահմանադրական նոր գործընթացի այս շեմին, պէտք է ունենայ Ազգային Ուխտի մը գերադիր հանգամանքը բանաձեւելով էութիւնը սահմանադրութեան, որպէսզի կարելի ըլլայ վճռական լուծում բերել աղքատութեան, արտագաղթի, ազգային եկամուտի վերաբաշխման, աշխատատեղերու ստեղծման եւ ազգին բարոյական զինարանը կոփելու մեծ հարցերուն:
Յաճախ կը խօսուի երկրի դիմագրաւած արտաքին սպառնալիքի առաջնահերթ բնոյթին մասին: Հասած ենք այն կէտին, ուր այլեւս յստակ է, որ մեր երկրի արտաքին սպառնալիքը միայն այս ձեւով է, որ կարելի է յաջողապէս չէզոքացնել: Արտաքին ու ներքին սպառնալիքները այսօր ընդելուզուած իրարու եւ կռուի ճակատը այս պահուն կը գտնուի մայրաքաղաքի հրապարակներուն վրայ:
Մեր ժողովուրդը պէտք է սկսի հաւատալ իր հայրենիքին, ինչպէս հաւատացին Սարդարապատի, Բաշ Ապարանի, Ղարաքիլիսայի, Լեռնահայաստանի եւ Արցախի մարտիկները: Այլ չափանիշ ընդունելի չէ: Եւ եթէ յանկարծ այս հարթակի դերակատարները իյնան փորձութեանը մէջ քաղաքական մեքենայութիւններո՛վ այս հարցը «լուծելու», յաջորդ հանգրուանը ապահովաբար պիտի ըլլայ աղիտալի ամբողջ երկրին եւ ամբողջ ազգին համար: Այդ մէկը այժմէն իսկ պէտք է բացառուած նկատել:
Մարտահրաւէրը, որ այսօր կայ ազգին առջեւ, ընբոստները միայն տուն բերել չէ: Մեր մարտահրաւէրը այս հսկայ ուժականութիւնը ոգեզինելն է եւ զայն անմնացորդ ընդգրկելն է վաղուան մեծ վերելքին մէջ: Մեր իսկական հարստութիւնը այս պահանջատէր երիտասարդութիւնն է, որ կը պատկանի հայոց հայրենիքի ներկային եւ ապագային եւ այդ ապագան մսխելու լուսանցքը գոյութիւն չունի այլեւս: Հասկնանք միանգամընդմի՛շտ:
Ապրիլ 19, 2018
Ուաշինկթըն