ՄԻՀՐԱՆ ՔԻՒՐՏՕՂԼԵԱՆ
Հայոց Ցեղասպանութեան զոհերու սրբադասումէն ետք, շատ գրելիք չի մնար անոնց մասին: Սրբութեան պատուանդանին գտնուողներուն կը պատշաճի գոհաբանական աղօթքը միայն: Այդպէս ուզեցինք, այդպէս ալ եղաւ: Բայց գերակայ ցեղի զգացողութեամբ կամ ռազմաքաղաքական նպատակներու ի խնդիր գործադրուած իբրեւ ահռելի միջոցառում՝ ցեղասպանութիւնը ըստ ամենայնի դատապարտելի ըլլալով, բնականաբար խոկումի եւ խորհրդածութեան մնայուն խնդիր է անիկա մեզի, յատկապէս հայ քաղաքական մտքին համար: Խնդիր է մանաւանդ ցեղասպանութեան հետեւանքներուն տարողութիւնը խորաչափելը եւ համապատասխանաբար այսօրուան ու վաղուան մեր ընելիքը ծրագրելը:
Մարդկային կեանքերու, քաղաքակրթական ու մշակոյթի, լեզուի ու նիւթական-տնտեսական բնոյթի անչափելի մեր կորուստներուն, ինչպէս եւ սերունդներու վիճակուած ողբերգութեան մասին բազմիցս ըսուած-գրուածներու կրկնութենէն խուսափելով, եւ մեզի սպառնացող ներկայի մեծ վտանգը մտաբերելով՝ պիտի ընդունինք, որ հասցուած խոշորագոյն հարուածը եղաւ մեր ազգին՝ հայրենական հողերէ արմատախիլ ըլլալը, որուն հետեւանքով այսօրուան հայորդիներու մեծ տոկոսին ազգային ինքնութիւնը զգալիօրէն գունաթափած է , իսկ շատերու մօտ՝ բոլորովին կորսուած: Տխուր է նաեւ նախատեսութիւնը եկող սերունդներուն համար:
Հայրենական հողէն ու տունէն արմատախիլ ըլլալը, բռնադատուած թէ կամաւոր, մարդկային ողբերգութիւն ըլլալէ ետք, է՛ նաեւ ազգային մեծ աղէտ:
Ցեղասպանութեան զուգահեռ, Արեւմտեան Հայաստանի ու Կիլիկիոյ հայութիւնը բռնագաղթի ենթարկուեցաւ եւ արմատախիլ եղաւ, իսկ այսօր, վերանկախացումէն ասդին, ահա 25 տարիներէ ի վեր Արեւելեան Հայաստանէն հայեր կամաւորապէս արտագաղթի կը դիմեն եւ արմատախիլ կ՛ըլլան՝ հայրենի քաղաքական ղեկավարութեան ապիկարութեան թէ ընչաքաղցութեան պատճառով: Շարունակուող այս ընթացքը, ի շարս այլ վտանգներու, կը քայքայէ նաեւ ընտանիքը, ինչ որ ազգին հիմնաքարն է:
Հայու աւանդապահ նկարագիրը, ընտանեկան սրբութեան հանդէպ հաւատքը, թերեւս նաեւ վերապրումի համար օրապահիկի անհրաժեշտութիւնը գաղթականի պայմաններու տակ ամրապինդ պահեցին ընտանիքները, որոնց շնորհիւ հայահոծ բոլոր շրջաններուն մէջ համայնքներ կազմուեցան, ապա՝ կազմակերպ հայօճախներ (Գաղութ): Սակայն հիմակուան ծայր առած արտագաղթը հակառակ ընթացքը ունի, ինչ որ խոշոր օրակարգ մը կ՛աւելցնէ Սփիւռքի (նաեւ Հայաստանի) պահպանման արդէն իսկ շատ դժուար օրակարգին վրայ:
Շատ համառօտակի տեսնենք, թէ ի՛նչ ըրինք անցնող տարիներուն:
Առաջին յիսնամեակին, տարին հեղ մը՝ Ապրիլ 24ի օրը սգացինք-ողբացինք մեր նահատակները: Վերապրողներու պատումներէն 2-3 սերունդի յիշողութեան մէջ դրոշմուեցաւ ցեղասպանութիւնը, ինչ որ կը նշանակէ, թէ մտքերու մէջ կարելի եղաւ վերապրեցնել եղեռնագործութեան չարիքն ու ահաւորութիւնը: Յիշողութիւնը, այսինքն մտովի վերակենդանացումը, շատ կարեւոր է, որ փոխանցուի սերունդներուն, առանց սակայն անոնց հոգիներուն մէջ սրսկելու ցեղասպանուած ազգի մը ժառանգորդները ըլլալու հոգեբեկումը: Որովհետեւ սերունդը, բոլոր ժամանակներու մէջ, առաւել քան երբեք պէտքը ունի հպարտութեան…:
Եղեռնի յիսնամեակը անկիւնադարձ մը եղաւ հայութեան համար՝ Հայաստանէն-Սփիւռք: Սուգի-ողբի աւանդոյթը եւ գաղթականի հոգեբանութիւնը փոխակերպուեցան քաղաքական պայքարի ու պահանջատիրութեան՝ աշխարհին բացուած: Սկսաւ համազգային արշաւ՝ Հայոց Ցեղասպաութեան փաստը միջազգային բեմերու վրայ ճանաչումի արժանացնելու համար, ինչը կը շարունակուի ցայսօր: Այս ճակատին վրայ մեր ծաւալած բազմերես պայքարը մեզմէ խլեց տիտանեան ճիգ ու սպառում եւ արձանագրուած յաջողութիւնները բնաւ արհամարհելի չեղան: Թերեւս ամէնէն կարեւորը պէտք է համարել այն, որ այդ պայքարին ու արձանագրուած յաջողութիւններուն շնորհիւ Սփիւռքի մէջ ու իբրեւ Սփիւռք՝ ինքնահաստատուեցանք եւ ագովին միաւորուեցանք միեւնոյն նպատակին շուրջ, որ Հայ Դատն է: Բայց այդ բոլորը յօդս ցնդելու վտանգին ենթակայ դարձան, երբ Հայաստան-Թուրքիա տխրահռչակ արձանագրութիւններու նախօրերուն ՀՀի նախագահը՝ Սերժ Սարգսեան կամակորութիւնը ունեցաւ ընդունելու Հայոց Ցեղասպանութեան փաստը քաղաքական պայքարի ոլորտէն պատմաբաններու քննութեան սեղանին փոխադրելու Թուրքիոյ առաջարկը, ինչ որ կը նշանակէր հարցականի տակ առնել Ցեղասպանութիւնը: Իր նախորդին՝ Ռ. Քոչարեանի արտօնութեամբն ալ սկիզբ դրուած էր արդէն հայ-թուրք «հաշտութեան» լպրծուն յանձնախումբի մը վիժած բանակցութիւններուն:
Ազգասպանութեան իր մե՛ծ յանցանքին, անչափելի՛ հարստութիւն եւ ամբո՛ղջ Արեւմտահայաստանը մեզմէ խլած ու իւրացուցած ըլլալուն դիմաց՝ ի խնդիր ճանաչումի մեր հետապնդած քաղաքական պայքարի ընտրանքը Թուրքիոյ հաշուոյն կու գա՞ր թէ ոչ, կարելի չէ յստակ ըսել: Փաստօրէն սակայն, պետական իր կշիռով եւ քաղաքական-դիւանագիտական խոհանոցներու մէջ ունեցած հմտութեամբ, Թուրքիոյ համար այնքան ալ դժուար չեղաւ ուրանալու-մերժելու, յերիւրա՛նք համարելու Հայոց Ցեղասպանութիւնը:
Տասնամեակներ շարունակ «Եղածը ցեղասպանութիւն էր-չէր»ի պարանաձգութիւն մը, որուն ընթացքին հայրենահանուած հայերու գաղթականի «նանսենեան» անցագիրները բոլորովին չքացան, յաջորդական սերունդները իրենց բնակած երկրին լիիրաւ քաղաքացիները դարձան, կենսաձեւով, մշակոյթով ու լեզուով , շուկայական յարաբերութեանց մէջ, թէ առօրեայ տագնապներով համարկուեցան իրենց ապրած երկիրներուն, նոյնիսկ նոյնացան տեղական պայմաններուն հետ: Բաւական ժամանակ անցած է արդէն, որ Սփիւռքի սերունդներուն համար հողային պահանջքը դադրած է վերապրումի առաջնահերթ անհրաժեշտութիւն ըլլալէ եւ վերածուած՝ գիտակցական մակարդակի վրայ ազգային իրաւունքի, որուն ի խնդիր տարին մէկ-երկու հեղ կը բարձրաձայնուի:
Ահա թէ ինչու յստակ կարելի չէ ըսել՝ Թուքիոյ հաշուոյն կու գա՞ր թէ ոչ՝ ճանաչումի մեր հետապնդումը:
Ահա նաեւ թէ ինչո՛ւ հայ կեանքը մեծ ցնցումներ չունեցաւ Հայաստան-Թուրքիա արձանագրութիւններէն, հակառակ անոր, որ ձգ-ձգման 9 տարիներուն ընթացքին ՀՀի նախագահին կողմէ յաճախակի յիշեցումներ եղան Թուրքիոյ, թէ պէտք է կատարուին զանոնք վաւերացնելու յանձնառութիւնները:
Այնքան ատեն, որ Թուրքիան ցեղասպանութեան իր յանցագործութիւնը չէ ընդունած, անոր մօտ բարեկամութեան հաւանականութիւն գտնելու յոյսով սնանիլ՝ կը նշանակէ առաւել տկարութիւն ցուցաբերել եւ արհամարհանքի արժանանալ: Զօրաւորն է, որ յարգանք կը ներշնչէ: Մենք զօրաւոր ենք իրաւունքի մէջ, ան տկար է յանցապարտութեամբ: Արհամարհանքի նշոյլ մը տեսանելի չէ՞ր արդեօք առանց համոզիչ պատճառաբանութեան արձանագրութեանց ձգձգումին մէջ…: Երբեք չկարծուի, որ արձանագրութիւնները շահաւէտ չէին Թուրքիոյ: Ընդհակառակն. երազի մէջ փնտռուածը ան կը գտնէր ափսէի վրայ իրեն հրամցուած…:
Կը թուի, թէ ռազմաքաղաքական ներկայ իրադրութեանց բերումով Թուրքիան տեղի տուաւ Ատրպէյճանի ահաւոր ճնշումին, ձգձգեց արձանագրութեանց վաւերացումը, հաւանաբար յուսալով նաեւ, որ մեր «տկարութենէն» աւելին ձեռք կը ձգէ՝ ի նպաստ իր ցեղակիցին Ղարաբաղի խնդրին մէջ: Արձանագրութիւնները չեղարկուեցան, բայց անոնց հե՞տքը..:
Կասկած չունենանք, որ Թուրքիան անկեղծ է «անցեալը մոռնալու» իր առաջարկին մէջ, որպէսզի միանգամընդմիշտ իր դէմքէն հեռացնէ եաթաղանին ստուերը եւ նուիրագործուած համարուի իր կողմէ հայրենական մեր հողերուն բռնագրաւումը: Իսկ մեզի համար մոռնալը հոգեկան տեղատուութիւն է, ինչ որ կը կազմալուծէ մեր դիմադրականութիւնը:
Անցնինք:
Վերջին (շուրջ) քսանամեակին պայքարունակ իր ջիղը կորսնցուցած ըլլալով, Սփիւռքը չէ կրցած քաղաքական պայքարի նոր ոլորտ մը գտնել եւ կարծես փակուղիի մատնուած՝ միտքերու մէջ հետզհետէ կը հասուննայ մեր պայքարը քաղաքականէն իրաւական դաշտ փոխադրելու վտանգաւոր ընտրանքը: Վտանգաւոր այն պատճառով, որ իրաւականը լպրծուն գետին մըն է: Այդ միջավայրին մէջ նոյնիսկ ամէնէն փառաւոր «յաղթանակ»ը ոչ մէկ երաշխիք կու տայ, կրկնենք՝ ոչ ոք կ՛երաշխաւորէ, որ արդարութիւնը պիտի վերականգնի մեզի համար: Բարոյական յաղթանակ մը եւս արձանագրած պիտի ըլլանք, ինչպէս տարբեր երկիրներու խորհրդարաններու պարագային է: Մինչ հակառակը եթէ պատահի, իրաւական մարզի մէջ պարտութիւն մը մեծ հարուած պիտի հասցնէ մեզի եւ մեզ պիտի վերադարձնէ զերօ կէտին, հո՛ն, ուրկէ սկսանք…:
Ուրեմն՝ ի՞նչ ընել.
Ներկայի մեր գերխնդիրը, պայքարի ընդարձակ դաշտը ահազանգի հռետորական շեշտով բանաձեւուեցաւ հայրենիք-Սփիւռք վերջին համաժողովին՝ Կիլիկիոյ Արամ Ա. կաթողիկոսին կողմէ. «Սփիւռքը կը մաշի, հայրենիքը կը պարպուի»:
Ըսենք նաեւ, որ Ցեղասպանութեան 100ամեակը իսկական ծովաշարժ մը (ցունամի) եղաւ ներազգային կեանքին մէջ: Ազգայինէն արտագաղթած հայ մարդոց հոգիները ցնցեց, անոնց յիշեցուց իրենց պատկանելիութիւնը թէ՛ Սփիւռքի տարածքին՝ ուծացած եւ թէ Թուրքիոյ տարածքին՝ թրքացուած- քիւրտացուած հայերուն:
Այդ մարդոց դէպի հայութիւն վերադարձը մեր մեծ մարտահրաւէրն է, պայքարի ընդարձակ դաշտը: Սերունդին ազգային ինքնութիւնը ամրապնդելու խնդիրը ներկայի ամէնէն հրատապն է, անյետաձգելին:
Ազգային ինքնութիւնը կը կազմաւորուի իրաւունքի գիտակցութեամբ, ապագայի տեսլականով ու նպատակներով:
Իրաւունքը չի մեռնիր այնքան ատեն, որ իրաւատէրը կ՛ապրի ու կը պահանջէ:
Իրաւատէր սերունդ ունենալու վաղուան պէ՛տքը այսօրուան մեր պա՛րտքն է :
Ահա մեր ընելիքը, օրահրամա՛նը: Ներկայի մեր ճշմարտութիւնը:
Աթէնք
ԵՂԵՌՆԻՆ ՆՈՒԻՐՈՒԱԾ ԱՅՍ ԹԻՒԻ ՀՈՎԱՆԱՒՈՐՆԵՐԷՆ
Sinanian Development, Inc.
In Memory of my parents Hampartsoum and Ovsanna Chitjian
Sara Chitjian