ԱՍՊԵՏ ՄԱՆՃԻԿԵԱՆ
Անթիլիասի տպարանէն 2017ին լոյս տեսաւ «Մեծ Եղեռնի Առաջին Վաւերագրողը Շաւարշ Միսաքեան» խորագրեալ հատորը, բաղկացած՝ 483 էջերէ: Խմբագիր՝ Երուանդ Փամպուքեան: Գիրքը հրատարակուած է «Խաչիկ Պապիկեան հրատարակչական հիմնադրամ»ին միջոցով:
Յառաջաբանին մէջ, Փամպուքեան ընդհանուր գիծերու մէջ ներկայացուցած է Շաւարշ Միսաքեանի կեանքն ու գործունէութիւնը:
Աւազանի անունով Եղիազար, Միսաքեան ծնած է 1884 Օգոստոս 15ին, Սեբաստիա նահանգի Զիմառա գիւղը, Տիվրիկի շրջան: 1890ին փոխադրուած է Պոլիս եւ 16 տարեկանին մտած լրագրական ասպարէզ: Համիտեան բռնատիրութեան օրերն էին եւ խիստ գրաքննութեան պայմաններուն տակ, անհրաժեշտ էր ազատ արտայայտութեան բեմ, զոր ան պիտի գտնէր Թուրքիայէն դուրս, դրացի Պուլկարիոյ Ֆիլիբէ (այժմ Փլովտիւ) քաղաքին մէջ, Ռուբէն Զարդարեանի խմբագրութեամբ լոյս տեսնող դաշնակցական «Ռազմիկ» թերթին մէջ: 1908ին Շ. Միսաքեան կը ձեռնարկէ, Գեղամ Բարսեղեանի, Վահրամ Թաթուլի եւ Զապէլ Եսայեանի հետ, «Ազդակ» շաբաթաթերթի հրատարակութեան. կը հիմնէ նաեւ «Արծիւ» գրատունը եւ «Ազդակ»ի մատենաշարը:
1911ին, Շ. Միսաքեան Կարին կը գտնուի, եւ տարի մը ամբողջ կը խմբագրէ տեղւոյն «Յառաջ» թերթը: Պոլիս վերադարձին կը մտնէ «Ազատամարտ»ի մեծ ընտանիքին մէջ:
1915ի արհաւիրքի օրերուն, Միսաքեան փախստական է. թաքստոցէ թաքստոց, ձերբակալութիւն՝ մատնութեամբ, ոստիկանական անվերջանալի հարցաքննութիւններ, բանտային չարչարանքներ, անձնասպանութեան փորձ, 5 տարուան բերդարգելութեան վճիռ եւ ազատագրում՝ յաղթական դաշնակիցներու Պոլիս մուտքով:
Այնուհետեւ խմբագրած է Պոլսոյ «Ճակատամարտ»ը, մինչեւ 1922 նոյեմբեր:
Ֆրանսա հաստատուելէն ետք, 1925 Օգոստոսին հիմնեց «Յառաջ»ը, որուն խմբագրութիւնը վարեց մինչեւ մահը՝ 1957 Յունուար:
Փամպուքեան այնուհետեւ կը ներկայացնէ Մեծ Եղեռնի առաջին վկայագրող Շաւարշ Միսաքեանը։ Ան կ՛ըսէ, թէ բախտի բերմամբ ճողոպրածներէն Շ. Միսաքեան, ինք եւս տեւաբար հետապնդումի առարկայ, նախաձեռնող կը հանդիսանայ «Վիշապի առժամեայ մարմին» անունով գաղտնի կազմի մը յառաջացման: Փամպուքեան կը շարունակէ՝ ըսելով, որ արտաքին աշխարհին հետ հաղորդակցութեան միակ միջոցը սահմանակից Պուլկարիան էր, տակաւին ոչ-պատերազմիկ երկիր, ուր կը գտնուէր ՀՅԴ Պալքանի Կեդրոնական կոմիտէութիւնը. կարգադրուած էր, որ այդ մարմինին մօտ կեդրոնացուին Պոլիսէն ու ներքին գաւառներէն ստացուած տեղեկութիւնները, բազմացուին անոնք եւ հաղորդուին անմիջապէս հետեւեալ վայրերուն. Ժընեւ՝ «Դրօշակ»ի խմբագրութեան, Թիֆլիս՝ ՀՅԴ Արեւելեան Բիւրոյին եւ Ամերիկայի ու Եգիպտոսի կուսակցական մարմիններուն, որոնք, իրենց կարգին, մամուլով եւ այլ միջոցներով պէտք է իրազեկ դարձնէին հայ ու օտար հանրային կարծիքը Օսմանեան կայսրութեան տարածքին տեղի ունեցող այն արհաւիրքներուն մասին, որոնցմով թուրք պետութիւնը կ՛աշխատէր բնաջնջել ամբողջ հայ ժողովուրդը:
Փամպուքեան կը հաստատէ՝ ըսելով, որ Շ. Միսաքեանի այս նամակներուն շարքը կը սկսի 14/27 Ապրիլին, որ կը գուժէ Ապրիլ 11/24ի ձերբակալութիւնները. վերջինը 22 Սեպտեմբեր/5 Հոկտեմբեր 1915 թուականը կը կրէ: Սեպտեմբերի վերջերուն, Պուլկարիա, յարած ըլլալով գերմանա-աւստրա-թրքական զինակցութեան՝ Պոլսոյ եւ Սոֆիայի միջեւ ստեղծուած այս կապը կը կասի:
Լրատուութեան այս հոսքը վերջնապէս պիտի խափանուէր 1916 թուականի Մարտ 16ին, Պոլսոյ մէջ Շ. Միսաքեանի ձերբակալութեամբ:
* * *
«Նամակներ Պոլսոյ Թաքստոցներէն» բաժինը Շաւարշ Միսաքեանի նամակներն են, գրուած՝ 1915ին եւ ուղղուած Սոֆիա, ՀՅԴ Պալքանեան Կեդրոնական կոմիտէին:
14 Ապրիլ (հին տոմար) 1915 թուակիր նամակին մէջ Միսաքեան կը գրէ. «Իմացած կ՛ըլլաք անշուշտ օրուան դէպքը. մեր հարեւանները անորակելի դաւադրութեամբ, գիշերանց յանկարծակի ձերբակալեցին բոլոր ծանօթ ընկերները եւ ուղարկեցին կեդր(ոնական) բանտ, ուրկէ փոխադրուած են արդէն կէս գիշերուընէ դէպի Գոնիա կամ Էնկիւրի, լաւ չենք գիտեր:
Դէպքը տեղի ունեցաւ առանց նախընթաց պատճառի. օրերէ ի վեր չարագուշակ շշուկներ կային, բայց դժուար թէ կարելի ըլլար երեւակայել այսպիսի զանգուածային կալանաւորում, առանց նայելու դաւանանքի, հպատակութեան, կուսակցականի կամ աղայի:
Շաբաթ առտուընէ Պոլսոյ բովանդակ ոստիկանութիւնը շարժման մէջ դրուած էր եւ ցերեկուընէ սկսան հատ-հատ ձերբակալումներ ընել նախապէս պատրաստուած ցանկի մը վրայ: Գիշերը տեղի ունեցաւ բուն դաւադրութիւնը, տեւելով ժամը 9էն մինչեւ Կիրակի: Մեր յայտնի ընկերներէն գրեթէ բոլորն ալ բռնուեցան կէս գիշերէն ու փոխադրուեցան օթոմոպիլներով հսկողութեամբ ոստիկաններու եւ ժանտարմաներու, շատերու անձնական թուղթերն ու գոյքերը միասին տանելով:
Ազատամարտի խմբագրատունը հսկողութեան տակ առնուեցաւ կէս գիշերին եւ ով որ կար ներսը ձերբակալուեցաւ»:
* * *
29 Ապրիլ թուակիր նամակին մէջ կ՛ըսուի. «Այժմ գրեթէ բոլոր ընկերներէն լուր ունինք: Ակնունի, Շահրիկ(եան), Խաժակ, Շամիլ, Փաշայեան, Զարդարեան, Գ. Բարսեղեան, Համբարձումեան, Ներսէս Փափազեան եւ ուրիշներ կը գտնուին Այաշ, Էնկիւրիէն ասդին, զօրանոցի կամ բանտի մէջ: Միւսները չէզոքներուն հետ խառնիխուռն փոխադրուած են Չանղըրը եւ մաս մըն ալ Չորում: Գրեթէ բոլորէն ալ թուրքերէն քարտեր հասան, 10 օր առաջ թուագրուած, եւ կը խնդրեն, որ պատասխաններն ալ թուրքերէն գրուին: Նամակները եկած են Ընդհանուր ապահովութեան տեսչութեան միջոցաւ: Առաջին քարտերու տակի հայերէն ստորագրութիւններն անգամ աւրուած են: Բոլորին ալ ղրկեցին դրամ (35 ոսկի եւ ոչ թէ 30), յետոյ դարձեալ տասը, եւ ճերմակեղէններ: Խօսք կայ որ չէզոքներէն շատերը ետ պիտի դառնան: Մասնաւորապէս Չանղըրըի խմբակը. դեռ ոչ ոք եկած է: Հնչակեան Մուրատը ղրկեր են Էվերէկ, երեւի ծանօթ դէպքին հետ կապուելու համար ու կ՛ըսուի, թէ մեր ընկերներէն ալ մաս մը պիտի ղրկուի Վան: Չենք գիտեր որքան ստոյգ է: Կ՛իմանանք, թէ Այաշի մէջ մերինները շարունակ ներկայ բացակայի կ՛ենթարկուին, բոլորն ալ իրենց հանգստութենէն կը ճառեն ի հարկէ…»
* * *
19 Մայիս 1915 թուակիր նամակին մէջ Շաւարշ Միսաքեան կը գրէ. «Բաղէշէն հեռագիր հասաւ պատրիարքարան, որով հազար ոսկի կը պահանջեն հեռագրով: Անշուշտ չարաշուք դէպք մը կը բացատրէ այս հեռագիրը: Թերեւս դուք աւելի լաւ գիտէք բուն իրողութիւնը: Ամէն պարագայի մէջ կը ջանանք իմանալ:
Զէյթունցիներուն մէկ մասը աքսորած են Էնկիւրիի Սուլթանիէ կոչուած տեղը, որ ճախճախուտ եւ վատառողջ անկիւն մըն է, ուրկէ Թուրքերն անգամ կը փախչին եղեր, իսկ մաս մըն ալ ղրկած են Միջագետքի Տէյր Զօր կոչուած վայրը, վրանաբնակ վայրենիներու մէջ: Պատրիարքը ամերիկեանի միջոցով խնդրած է, որ արտօնեն դեղ, առողջապահական նիւթեր եւ եկեղեցական գոյքեր (Մաշտոց, միւռոն) ղրկելու: Թալէաթը նախ ծամծմեր է, իսկ երկրորդ անգամուն երբ թարգմանը ներկայացած է վերջնական պատասխան ստանալու, յայտներ է, թէ չեն կրնար արտօնել: «Մեր կայսրութեան գերագոյն շահերը կը պահանջեն այսպէս վարուիլ. կը խնդրեմ որ ալ չխօսինք այս մասին»: Հակառակ այս պատասխանին, դեսպանը երկու երեք օրէ ի վեր նոր ժամադրութիւն մը կը խնդրէ, եւ երէկ պիտի տեսակցէր: Չգիտենք արդիւնքը: Ինչպէս կը տեսնէք, Իթթիհատը կատարելապէս հետեւողական է իր ծրագրին մէջ: Բնաջինջ ընել բոլոր հայկական համախմբումները, նոյնիսկ յատկապէս դէպի մահ առաջնորդելով զանոնք: Այս ուղղութեամբ առնուած վերջին քայլը այն է, որ արդէն իսկ կազմուած է յայտնի Թուրքերու անդամակցութեամբ յանձնաժողով մը, գործադրելու համար տոքթ. Ռորպախի համբաւաւոր ծրագիրը՝ Միջագետքի Արաբները տեղաւորել Հայաստանի մէջ, որպէսզի ոչ մէկ հնարաւորութիւն մնայ հայկ. մեծամասնութեան կամ համախմբման, հետեւաբար եւ ինքնավարութեան:
* * *
29 Մայիս 1915 թուակիր նամակին մէջ կ՛ըսուի. «1.- Խաժակէն նամակ եկաւ, թուրքերէն եւ հայերէն խառն, Էնկիւրիի կայարանէն. կ՛իմացնէ որ ինք, Ակնունին, Զարդարը եւ Ս. Մինասեանը կ՛երթան Էնկիւրի պատերազմական ատեանի առաջ դատուելու. միւսներէն լուր չունինք դեռ, երբ իմանանք իրիկունը նորէն կը գրենք:
2.- Փաստ է արդէն. Հայաստանը առանց Հայու… Երզնկացիները քշեր են Խարբերդ: Արդէն հասեր են Ակն, ուրկէ հեռագրով դրամ կը պահանջեն. Կարինն ալ սկսեր են պարպել: Մարաշ, Այնթապ, Հաճըն, բոլոր հայկ. շրջանները պարպուած են: Կայանէ կայան կը փոխադրեն դէպի Միջագետքի խորերը, թէեւ կը խաբեն բուն տեղի մասին: Այս լուրերը կու տայ Զաւէնին գերմանացի բարեկամը, որ կ՛աւելցնէ, թէ ամէն ջանք թափեցին գոնէ ծերերուն եւ տղոց խնայելու, բայց անօգուտ:
3.- Կիլիկիոյ ամէն կողմը սարսափելի խուզարկութիւններ եղած են. Վահագնը բանտարկուած է:
Կաթողիկոսին ընդարձակ մէկ տեղեկագիրը հասաւ, որ կը պատմէ սարսափները: Խուզարկեր են առաջնորդին սենեակը, ննջարանը, եկեղեցի, գերեզմանատուն, ամէն բան ու ամէն տեղ: Կաթողիկոսարանն ալ կոխեր են: Մինչեւ մօտեցեր են կաթողիկոսին ննջարանին, այն ատեն կաթողիկոսը յայտներ է, որ կը հրաժարի եւ իր բանալիները կը յանձնէ կուսակալին ու կը մեկնի: Ասոր վրայ ննջարանէն վազ անցեր են («ՆՅ», հրաժարեր են): Տեղեկագիրը առնելով կ՛արտագրենք ու կ՛ուղարկենք այս ձեւով: Օրը օրին:
4.- Բոլոր հայ պաշտօնեաները խումբ խումբ կը ճամբեն: Բարձրաստիճան պաշտօնեայ մը յուսահատօրէն կը յայտնէր, որ մեծ բան է, եթէ մեր կաշին ազատենք: Թալէաթը հայ պաշտօնեայի մը ըսեր է. «Եթէ մատնութիւն կ՛ընես, քեզի պաշտօն կու տանք: Խօսք կայ, որ Պոլսոյ հայութիւնն ալ պիտի քշեն: Կը ստուգենք»:
* * *
13 Յուլիս 1915 թուակիր նամակին մէջ Միսաքեան կը գրէ. «Խղճի հանգստութեան համար հարկը կը զգանք անգամ մըն ալ ձեր միջոցաւ վերին մարմիններու լուրջ նկատողութեան յանձնել մեր արդի վիճակը, մեր տագնապներն ու տանջանքները: Վերջին երեք ամսուան ընթացքին, ուրիշ փորձառու ընկերներու հետ ալ յաճախակի խորհրդակցելով, եկանք այն եզրակացութեան, թէ երբ թշնամին Պոլիս մտնէ, մեզի ուրիշ բան չի մնար ընել, բայց միայն ահաբեկել արդէն իսկ ցուցակագրուած 8-10 յայտնի հայ լրտեսներ, խուճապի տեղի չտալ, արգիլել ամբոխային ցոյցեր, հակապետական ձեռնարկ կամ փոխվրէժ, քանի որ ոչ միայն մեր թանկագին ընկերները, այլեւ ամբողջ հայ ժողովուրդը պատանդ կը մնայ իթթիհատեան բռնապետութեան ձեռքը: Ապագային կը ձգուէր բոլոր հաշիւներու կարգադրութիւնը: Դուք ալ այս տեսակէտը պաշտպանեցիք, առանց սակայն բարձրագոյն խորհուրդի մը կամքը յայտնելու: Վերջին պահուն միայն հաղորդեցիք Ժընեւի տեսակէտը, որ կարծես երբեք կապ չունի օրուայ իրականութեան հետ: Մինչ այս մինչ այն, հալածանքը սաստկացաւ. ոչ միայն մեր ընկերները, այլեւ հազարաւոր թանկագին ուժեր կալանաւորուեցան, բանտ կամ դատարան նետուած կը մնան այսօր, շատերը սպաննուեցան, բայց մանաւանդ ամբողջ հայ ժողովուրդը զինաթափ, տեղահան, մօրէ մերկ, քշած են լեռներէ ու ձորերէ անդին, կը թափառին անապատները, սովամահ մեռնելու, կամ վայրկեանէ վայրկեան ջարդուելու վտանգին տակ: Ամբողջ շրջաններ ջարդուած են արդէն (Խնուս, Տիգրանակերտ, Շ. Գարահիսար, Մարզուան, նորերը յիշելով): Երկրորդ հանգրուանն է այս, եւ տակաւին չենք գիտեր կուսակցութեան կամքը: Այժմ մենք շուարած, ելք մը կը փնտռենք: Կատարե՞լ որեւէ ձեռնարկ: Բայց ո՞վ կու տայ մեզ այդ իրաւունքը, եւ մանաւանդ ո՞վ կրնայ կշռել հետեւանքները:
* * *
Իսկ 11 օգոստոս 1915 թուակիր նամակին մէջ Շաւարշ Միսաքեան կը գրէ. «Կացութիւնը ոչինչով բարւոքած է: Ձերբակալումները կը շարունակուին հարիւրներով: Երէկ միայն բռնեցին 500 հոգի: Ճիշդ է, որ առ այժմ ընտանիք ունեցող գաւառացիները ազատ կը ձգեն, բայց ո՞վ գիտէ: 1300 հոգի քշած են արդէն: Բոլորն ալ կը տանին կոտորելու: Չգիտենք, վերջը ի՛նչ փրկուած պիտի ըլլայ: Յօդուածով եւ նամակով քաղուածներ կը ներկայացնենք Գոնիայի առաջնորդին նամակէն: Կը տեսնենք, որ մերձակայ շրջաններուն համար անգամ ոչ մէկ մեղմացում կայ եւ 75 առ հարիւրը կոտորուած պիտի ըլլայ մինչեւ աքսորավայրը:
Տեղեկութիւններ քաղեցինք Այնթապի տոքթ. Շեփրտէն: Այս միսիոնարը շատ ալ բարեացակամ չէ հայերու մասին եւ տեղական ապստամբութիւնները կը նկատէ պատճառ՝ այդ դժոխային բարբարոսութեանց, բայց եւ այնպէս իր տեղեկութիւններն անգամ քարերը կը լացնեն: Ահա իր պատմութիւնը. «Այնթապի տեղահանութեան հրամանը տրուեցաւ նախ Յուլիս 21ին, իր մեկնած օրը, երբ 60 ընտանիքներ պիտի քշուէին: Երկրորդ հրամանը տրուեցաւ քանի մը օր յետոյ, 70 ընտանիքի համար: Յետոյ քշուեցան 1500 հոգի եւ ճիշդ յաջորդ օրը՝ հազար հոգի, որով պարպուած կ՛ըլլար Այնթապի փոքրաթիւ հայութիւնը. բոլոր ջանքերը՝ ամերիկեան հաստատութիւնները այս կարգադրութենէն զերծ պահելու՝ մնացին ապարդիւն: Քշուողները ազատ չեն իրենց հետ վերցնելու ուզածնին. կրնային ունենալ միայն մէկ անասուն, իւրաքանչիւր ընտանիքի պէտքերը բեռցնելու համար:
Աքսորականներու առաջին հանգրուանը կը կազմէր Հալէպ, ուր իր անցած ատեն կային 1500 հայեր, դէպի ներսերը քշուելու համար: Դիմադրութեան շատ քիչ փորձեր եղած են. միայն Մարաշի մօտերը, Ամանոս լեռներու մէջ Ֆընտըճաք հայ գիւղը սպաննած էր տեղահանութեան համար ղրկուած ժանտարմը, որու հետեւանքով երեք ջոկատ զօրք ղրկուեցաւ եւ գիւղը գերեզմանի ու մոխրակոյտի վերածուեցաւ: Զէյթունցիները քանի մը անգամ յաջող փորձեր ըրին աքսորականներու կարաւաններ կեցնելու եւ ազատելու…։ Կիլիկիոյ շրջանի տեղահանումը կը կատարուի համեմատաբար աւելի լաւ պայմաններու մէջ: Անշուշտ բոլոր քշուածները կը կողոպտուին ասպատակներու կողմէ, բայց առեւանգումներ եւ սպանութիւններ այնքան խոշոր տոկոս մը չեն կազմեր, որքան բուն իսկ հայկական նահանգներու մէջ: Այն սակաւաթիւ մնացորդները, որոնք կը վերապրին այդ տաժանելի ճամբորդութենէն, ցանուցիր կը տեղաւորուին թուրք եւ արաբ գիւղերու մէջ: Մեծագոյն տոկոսը չտեսաւ Տէր Զօր, ուր 15000է աւելի հայեր արդէն հասած էին: Իսկ ատկէ սկսելով մինչեւ վարը, Ճերապլուս, Սասրլան եւ այլն. ցամաք ու անապատ տեղեր, ցանցնուած են ամէն կողմէ քշուած հայերով: Ճամբան մինչեւ Պոլիս հասնիլը, ամէն քաղաքէ հայեր կամ արդէն տեղահան եղած, կամ ըլլալու վրայ են»»:
* * *
«Մեծ Ճգնաժամը» բաժինը կ՛ընդգրկէ Շաւարշ Միսաքեանի յօդուածաշարքը, որ լոյս տեսած է Սոֆիայի «Հայաստան» թերթի 1915 Մայիս 13/Սեպտեմբեր 19ի համարներուն մէջ:
Միսաքեան կը գրէ. «Ամէն կողմ, ուր հայ համախմբում մը կայ, կառավարութիւնը կը գործէ երկաթեայ թաթերով, լարած ու պրկած արեւելեան գազանութեան բոլոր միջոցները:
Սիստեմաթիկ ծրագիր մը կայ, որ աստիճանաբար եւ անողորմաբար կը գործադրուի Իթթիհատի գործակալներուն ձեռքով, զինուորական ճշդութեամբ: Ահա Կիլիկիան՝ իր Զէյթունով, Տէօրթեոլով, Մարաշով եւ միւս հայաշատ կեդրոններով: Արու բնակչութիւնը զինուոր առած են արդէն, այսինքն իբրեւ բանուոր կը տանջեն ճամբաներու շինութեան համար, կիներ եւ աղջիկներ կը մնան անպաշտպան այս ամէն կարգի բռնութեանց հանդէպ»:
* * *
Ցիրուցան Միջագետքի ճախճախուտ տափաստաններուն մէջ, կամ Գոնիայի եւ Էնկիւրիի խաւարակուռ անկիւնները, ենթակայ սելճուկեան մնացորդներու բիւրազան քմահաճոյքներուն, զրկուած իրենց բոլոր ստացուածքներէն՝ ցնցոտիներով, բոպիկ ոտքերով, թափառական գնչուներու պէս կը հիւծեն այժմ Զէյթունի խրոխտ լեռնականները՝ իրենց հայրենի կայանը ձգած Սարմանլը անուն վայրագ աշիրէթի մը, որ բացարձակ տէր ու տիրականն է հիմա…
* * *
«Տերեւները Դեղնած Յուշատետրէ Մը» բաժինին մէջ, Շաւարշ Միսաքեան կը պատմէ իր թաքստոցային կեանքին, մատնութեամբ ձերբակալման, կրած չարչարանքներուն, դատավարութեան եւ պատերազմի աւարտին՝ ազատ արձակման մասին:
«Յաւելուած» բաժինին մէջ ներկայացուած է Եզիտ Արշակը եւ անոր կողմէ մատնիչ պուլկար Վլատիմիր Տիմիթրեւիչի ահաբեկումը: