ԵՐԵՒԱՆ, «Նիուզ».- Վարչապետի պաշտօնակատար Կարէն Կարապետեանի մօտ անցեալ Ուրբաթ, 13 Ապրիլին տեղի ունեցած խորհրդակցութեան ընթացքին քննարկուեցան արեւային ուժանիւթի զարգացման հեռանկարներն ու հնարաւորութիւնները:
Ուժանիւթի ենթակառուցուածքներու եւ բնական պաշարներու փոխնախարար Հայկ Յարութիւնեան զեկուցեց, որ արեւային կայաններու կառուցման ծրագիրիծիրուն մէջ ձեւաւորուած է արեւային ուժանիւթի զարգացման նոր քարտէս մը: