ԵՐԵՒԱՆ, «Էրմենիհապեր».- Թուրքիոյ ամենամեծ քրտաբնակ քաղաքը հանդիսացող Տիգրանակերտի մէջ վերցուած են թրքերէն-քրտերէն երկլեզու այն ցուցատախտակները, որոնք զետեղուած էին գլխաւոր պողոտաներու վրայ։
Ցուցատախտակները վերցնելու աշխատանքները սկսած էին Մարտին, նախագահ Էրտողանի Տիգրանակերտ կատարած այցելութենէն ետք։ Երկլեզու ցուցատախտակները քաղաքին մէջ զետեղուած էին այն տարիներուն, երբ քաղաքի կառավարումը անցած էր քրտամէտ կուսակցութեան։
Յիշեցնենք, որ 2016ի Դեկտեմբերին, Տիգրանակերտի Սուր շրջանի տեղական կառավարման մարմինի շէնքի պատէն հեռացուած էր նաեւ բազմալեզու ցուցատախտակի մը հայերէն ու ասորերէն հատուածը։ Սուրի քաղաքապետին ձերբակալութենէն ետք, այդ ցուցատախտակին փոխարէն կախուած էր թրքական դրօշակը։ Բազմալեզու ցուցատախտակը կախուած էր 2012ին, քիւրտ քաղաքապետ Ապտուլլահ Տեմիրպաշի իշխանութեան օրերուն, երբ քաղաքապետութիւնը որոշում կայացուցած էր շրջանի զանազան հատուածներուն մէջ զետեղել բազմալեզու ցուցատախտակներ՝ ընդգրկելով լեզուները այն ազգերուն, որոնք տարբեր ժամանակաշրջաններու ապրած էին այդ քաղաքին մէջ։