Յ. ՁՈՐԵՑԻ
Եթէ շիտակ խօսքերու ցանկ մը պատրաստել ուզենք, այբբենական կարգը նկատի չեմ առներ, եւ ամէնէն վերը կը գրեմ այս խօսքը:
Իսկապէս, ամէնէն վերը, նոյնիսկ՝ դժբախտաբար, մեծ գիրերով գրուելու արժանի՛ է այս խօսքը, զոր հաստատած եւ ճշմարտութեան հասցուցած են հայ գրականութեան մեծ դէմքերէն շատե՜ր:
Այո՛, դաժանութեան դիցուհին, չըսելու համար ճիւա՛ղը ըլլալու չափ անողորմ մամա մըն է Հայ գրականութիւնը:
Լսեցէք իր մեծ զաւակներուն մեծ թշուառութեան պատմութիւնը…
***
Յ. ՊԱՐՈՆԵԱՆ
Մեր երգիծաբանութեան հանճարեղ վարպետը, որուն արձանը այսօր հպարտօրէն կանգնած է վարդագոյն Երեւանի մէջ, որքա՜ն դեղին ու թշուառ օրեր անցուց իր կենդանութեան:
Ո՛վ չի գիտեր թէ Պարոնեան՝ Հայ գրականութիւն կոչուող իր մօր դաժանութիւնը՝ մեռա՛ծ վիճակին մէջ իսկ հաստատեց… սոխով մը միայն:
Այս պարագային մարդ կը տարուի մտածելու, թէ միայն թշուառութիւնը չէ՛ր որ սոխը դրած ու պահած ըլլար Պարոնեանի պարա՜պ գրպանին մէջ:
Թերեւս, երգիծողի իր եզակի հանճարը պարտադրած էր իրեն, որ ազգային ճոճերու, Մեծապատիւ մուրացկաններու, Պաղտասար աղբարներու եւ Հոսհոսի ձեռատետրին անցած էֆէնտիներու կարգին՝ տայ Հայ գրականութեան իր վերջին եւ անգիր երգիծանքը… սոխով մը միայն: Չէ՞ որ Պարոնեան՝ էջեր լեցնող հեգնաբանութիւն մը մէ՛կ խօսքով (այս պարագային ալ մէ՛կ սոխով) իսկ տալու սուղ կարողութիւնը ունէր:
Տուաւ ու գնաց:
Բայց ի՞նչ կրնայ ըլլալ, կամ ի՛նչ վերնագիր կրնայ ունենալ անբախտ Պարոնեանի վերջին, անգիր երգիծանքը:
«Հայ գրողի թշուառութիւն»:
Ուրիշ ոչինչ:
***
Պ. ԴՈՒՐԵԱՆ
Սկիւտարի սոխակը, իր հիւանդ օրերուն, նո՛յն «դաժան մօր» պա՜ղ ծոցին մէջ, ի՛նչ ձմեռ օրեր անցուց, ու գրեց իր բարեկամին.
– «Տաքցի՛ր այն վառարանին քով եւ մի՛ նախատեր զայն, թէեւ նժդեհ ալ ըլլայ»:
Ուրիշ նամակի մը մէջ ալ՝
– «Հոգիս կրակ չունի արդէն, տունն ալ ածուխ չկայ»…
Տառապած Պարոնեանի տառապող աշակերտն էր Դուրեան, որ հուր աղերսեց իրեն եւ հոգիին համար:
Ու երանի՜ տուաւ հրապաշտ պապերուն…
***
Ե. ՏԷՄԻՐՃԻՊԱՇԵԱՆ
Հայ գրականութիւն կոչուող դաժանուհին շատո՜նց պարպած էր այս բանաստեղծ-փիլիսոփային գրպանը:
Մի քանի մէճիտի պէտք ունէր Եղիան՝ կատարելու համար, իր մօր մահուան տարեդարձին՝ մուրացկաններու ողորմութիւն տալու ուխտը:
Չկա՛ր: Չունէ՛ր:
Բայց որոշած էր որդիական իր ուխտը անկատար չձգել՝ հոգիին խաղաղութեան համար անո՛ր, որ անիծած էր զինք այսպէս.
– «Կը լսեմ մայրս,
Որ կ՛անիծէ զիս,
– Բանաստեղծ եղար
Անօթի պիտի մեռնիս»…
Ուստի, Տէմիրճիպաշեան, Պոլսոյ Հայոց մայր եկեղեցւոյ դռան առջեւ նստած՝ ողորմութիւն խնդրած էր ժամուորներէն՝ …քիչ վերջ ուրիշներուն ողորմելու:
***
ՄԿՐՏԻՉ ՊԷՇԻԿԹԱՇԼԵԱՆ
Կ՛ըսեն թէ այս անբախտ բանաստեղծը իր կիսանդրին ծախած է հրեայ հնավաճառի մը:
Նկատելով, որ պրոնզեայ Պէշիկթաշլեանը հարազատօրէն ինքը չէ, անոր արծաթ զարդերէն ու ժպիտէն ինք չունի: Վերջապէս՝ սեղանին վրայի փայլող, ուրախ, մետաղ Պէշիկթաշլեանը՝ իր դէմքին վրայ, ո՛չ մէկ գիծ ունի եւ ո՛չ մէկ արտայայտութիւն՝ մարդ Պէշիկթաշլեանի տառապանքը պատմող:
Բայց իրականութեան մէջ, այս նկատումները նեղ կացութեան մատնուած մարդու անիրաւ պատճառաբանութիւններ են՝ կեանքի նեղ ու նեղացնող բեմին վրայ, որուն ղեկավարը Հայ գրականութիւն կոչուող նո՛յն «մայրը» կ՛ըլլայ՝ երբ… դերակատարը հայ գրողն է:
***
ԵՐՈՒԱՆԴ ՕՏԵԱՆ
Կարելի՞ է շարքէն դուրս ձգել երանելի այս մարդը:
Օտեան, անխոնջ աշխատող մը ըլլալուն հակառակ, «պտիկ մը օղիէն մահրում» մնացած է յաճախ: Եւ, կոնծողի համար անվիճելիօրէն դժբախտ իր այդ օրերուն, սապէս գրած է.
– Զալը՛մ ես, Հա՛յ գրականութիւն:
Եւ ըսածը հաստատելու համար՝
– Ինծի չափ աշխատող եւրոպացի կամ ամերիկացի գրող մը քաղաք մը գինովցնելու բաւարար դրամ կ՛ունենայ: Իսկ ես ինքզինքս չեմ կրնար գինովցնել յաճախ…
Մարդ երբ կարդայ այս խօսքը, չի կրնար… խայեամահաճոյ ուխտ մը չընել՝ հազարնոց շիշ մը օղի թափելու թանկագին Օտեանի գերեզմանին վրայ…
***
ՍԻԱՄԱՆԹՕ
Հայկական Պառնասի բնակիչներէն դեռ շատե՜ր բացառութիւն չեն կրցած ըլլալ՝ թշուառութեան նետերուն առջեւ:
Մեր գրականութեան դիւցազնաշունչ ասպետը՝ Եարճանեան, Փարիզի փողոցներուն վրայ… դիւցազնօրէն քաշած է իր… կառքը, տանելով բեռն ու անգթութիւնը Մայր գրականութեան:
– Ծօ՛, ինչ կ՛ընես, Ատո՛մ… – հարցնողը Օտեանն է:
Սիամանթօն կը պատասխանէ.
– Ալ մի հարցներ, մտածումներուս երիվարն եղայ…
Շարունակենք՝ խօսքը տալով Ահարոնեանին.
– Այս շրջանում էր որ ես ծանօթացայ նրա (Սիամանթոյի) հետ Փարիզում: Կուրծքը թոյլ էր, ինքը նուազ, ապրուստը ծանր: Հազիւ 50-60 ֆրանք ունէր ամսական: Յիշում եմ, մի օր, Սեն Միշելի վրայ հարցրի ճաշի մօտ, թէ ո՛ր ճաշարանն էր գնում:
– Ի՞նչ կ՛ըսես, պատասխանեց նա դառն ժպիտով, ճաշարանին առջեւէն կատաղօրէ՛ն կ՛անցնիմ…
***
Ա. ԱՐՓԻԱՐԵԱՆ
«Կարմիր Ժամուց»ի սեւաբա՜խտ հեղինակ:
Այս պատկառելի գրագէտը, «Արեւ»ի եւ մահուան ճամբուն վրայ, իր արիւնաթաթախ, անշո՛ւնչ վիճակին մէջ իսկ հաստատեց հայ գրողին թշուառութիւնը՝ …ծակ կօշիկէն դուրս ցցուած խոշոր ոտնամանով…
***
Մ. ԶԱՐԻՖԵԱՆ
Սիրոյ գեղեցկաձայն, բայց տխուր երգիչ Մատթէոսը, իր հիւանդ օրերուն, կա՜յծ կ՛ուզէր Դուրեանին պէս, կ՛ուզէր ապրի՜լ, ապրի՜լ… նշանուա՜ծ էր…
Բժիշկները թելադրած էին իրեն, որ Լիբանանի ամառանոցները մնայ ժամանակ մը:
Հիւպոկրատի զաւակները, իրենց գեղագիրներուն եւ թելադրութեանց մէջ նկատի չեն առներ անշուշտ հիւանդին միւս հիւանդութիւնը, որ պարապ գրպանէն կու գայ…
Զարիֆեան հաւատացած էր անշուշտ, թէ Լիբանանի լեռները կեանք պիտի տային իրեն:
Բայց աւա՜ղ, ինք՝ տրտմութեան, խաղաղութեան, կեանքի եւ մահուան երգերէն զատ ուրիշ ոչի՛նչ, ոչի՛նչ ունէր…
Խեղճ Մատթէոսը կը խոստանար վերադարձին գրքերը, գրադարանը ծախելու եւ աւելի՛ տոկոսով վճարելու՝ եթէ Լիբանան հասցնող ճանապարհածախս մը գոնէ փոխ տուող ըլլար իրեն…
Կ՛ուզէր Լիբանան գալ. կ՛ուզէր ապրի՜լ…
Բայց գնաց Մեծ Կղզի, արհամարհեց դառն ճակատագիրը ու չապրեցաւ…
***
Ս. ՈՍԿԱՆ
Տաղանդաւոր գրագէտ եւ հմուտ լեզուաբան այս Հայը, փարիզեան «խան»ի մը մէջ, գրեթէ տախտակամածի վրայ, բժիշկէ, խնամողէ, դեղէ եւ սնունդէ զուրկ՝ տառապեցաւ, դէպի մահ երթալէ առաջ իրաւունք տալու այն խօսքին, որ կ՛ըսէ.
– Հայ գրողը ոչ միայն կը գրէ այլեւ կը տանջուի՛…
***
ՕՀԱՆ ԿԱՐՕ
Այս անոյշ մարդը, իր վերջին օրերուն, թշուառութեան մէջ, մահը սիրեց եւ այսպէս գրեց.
– «Առանց տարակուսանքի
Քեզ կը սպասեմ
Կարօտալի հարսս,
Չքնա՛ղ մահ»…
Ալ երեւակայեցէք, թէ «դաժան մամային» դաժանութիւնը որքա՜ն բազմապատկուած էր հէք Օհան Կարոյին հանդէպ:
***
ՎԱԶԳԷՆ ՇՈՒՇԱՆԵԱՆ
Ի՛նքն է «Հայ գրականութիւնը դաժան մայր մըն է» խօսքին հեղինակը:
Մահը կարօտալի չէ՞ր եղած արդեօք. գեղեցիկ հարս մը չէ՞ր եղած այս թախծոտ գրողին համար նաեւ:
Շատ տառապած, գրականութեան լեղի դաժանութիւնը ճաշակած Վազգէնը իր անշուշան կեանքին մէջ չէ՞ր սիրած արդեօք Օհան Կարոյի «առանց տարակուսանքի սպասումը»:
***
Տակաւին կարելի է երկարել շարքը թշուառ հայ գրողներուն: Բայց սիրտ չմնաց: Անցնինք եզրակացութեան:
Հայ գրողը հացին դրամը թղթավաճառին տուաւ ու գնաց:
Հայ գրողը իր անյոյս հիւանդութեան վատնելիք դրամը տպարանին նետեց ու գնաց:
Տառապեցաւ ու չորցաւ՝ ծաղկեցնելու, գեղեցկացնելու համար գրականութիւնը:
Մնաց բարի եւ աշխատող:
Սքանչելի անձնուիրութեամբ գլուխ ծռեց իր կոչումին հանդէպ, թշուառացաւ բայց գրե՛ց՝ վեր պահելու համար իր մայր գրականութիւնը, եւ… գրականութեան մայրը, Հայ ժողովուրդը: Մեղքը վզի՜ն, հազա՛ր անգամ:
(Քաղուած՝ «Բագին» ամսագիրի 1964ի 4րդ թիւէն)