ՄՈՍԿՈՒԱ.- «Դէպի Արարատ» կազմակերպութեան նախաձեռնութեամբ՝ Մոսկուայի մէջ տեղի ունեցաւ հանդիպում մը Հայաստանի Հանրապետութեան գիտութեան եւ կրթութեան նախարար Լեւոն Մկրտչեանի եւ Ռուսիոյ երիտասարդական կառոյցներու ներկայացուցիչներու հետ:
Հակառակ անոր, որ անդիպումը ոչ-պաշտօնական էր, Ռուսիոյ հայ երիտասարդներուն եւ զանազան համալսարաններու ուսանողներուն համար ան սպասուած էր եւ կարեւոր:
Նախարարը բաց եւ անկեղծ զրոյց ունեցաւ ոլորտին մէջ գոյութիւն ունեցող ձեռքբերումներուն, հարցերու ու մարտահրաւէրներու, ռուս-հայկական համագործակցութեան, Հայաստանի անվտանգութեան եւ բազմաթիւ այլ հարցերու վերաբերեալ:
Նկատի ունենալով արտաքին մարտահրաւէրները եւ անվտանգութեան հարցը՝ նախարարը կարեւոր նկատեց երկրին մէջ բնական գիտութիւններու զարգացումը եւ խօսեցաւ այդ ուղղութեամբ իրականացուող ծրագրերուն մասին:
Ան ներկայացուց յատկապէս «Հորիզոն քսան-քսան» նորարարութիւններու եւրոպական ծրագիրին անդամակցութեան կարգը, որ լայն հնարաւորութիւններ կու տայ եւրոմիութեան գիտական դրամաշնորհներէն օգտուելու համար:
Նախարարը խօսեցաւ նաեւ Հայաստանի մէջ համալսարանական կրթութեան համակարգը բարեփոխելու եւ Ռուսիոյ մէջ ուսանող հայ երիտասարդները այդ գործընթացներուն մէջ ընդգրկելու հնարաւորութիւններուն մասին:
«Այստեղ հաւաքուած ուսանողներն արդէն իրենց հիմնական խնդիրը լուծել են, եթէ համախմբուել են այստեղ՝ «Դէպի Արարատ»ի ներքոյ, ուրեմն արդէն կապուած են իրենց հայրենիքի հետ, դա նշանակում է, որ Ռուսաստանում սովորող ուսանողները անկախ որեւէ բանից պէտք է տեղեկացուած լինեն հայաստանեան կրթական ոլորտից, պէտք է պատկերացնեն այն խնդիրները, որ կայ Հայաստանում, որպէսզի իրենց գիտելիքներով կարողանան օգտակար լինել մեր երկրին», նշեց նախարարը:
Խօսելով կրթութեան ոլորտին մէջ իրականացուող բազմաթիւ բարեփոխումներու եւ նոր ծրագիրներու մասին՝ նախարարը յայտնեց, որ Հայաստանի կրթական համակարգը պէտք է պատրաստ ըլլայ դիմագրաւելու աշխարհի մէջ տեղի ունեցող մարտահրաւէրներուն եւ կարեւոր նկատեց «Դէպի Արարատ» կազմակերպութեան շուրջ համախմբուած հայ երիտասարդներուն դերը այդ գործին մէջ: «Ձեր սերունդը պէտք է հաւատայ Հայաստանի վաղուայ օրուան ու լինի նախանձախնդիր տարբեր ծրագրերի իրականացման գործում», նշեց նախարարը:
Հանդիպման մասնակիցները նախարարին ուղղեցին կրթութեան ոլորտին վերաբերուող բազմաթիւ հարցումներ:
Մոսկուայի Դիւանագիտական ակադեմիոյ մագիստրոս Նարեկ Յարութիւնեանի համար հանդիպումը շատ կառուցողական էր. «Ես շատ օգտակար տեղեկութիւններ ստացայ Հայաստանի կրթութեան համակարգում իրականացուող ծրագրերի ու բարեփոխումների, ինչպէս նաեւ ոլորտի զարգացման հեռանկարների վերաբերեալ, որը մեզ ներկայացրեց կրթութեան նախարարը, եւ յոյս ունենք, որ այս ամէնը կ՛իրականացուի, քանի որ բոլորս էլ ցանկութիւն ունենք վերադառնալ հայրենիք»:
Կուպքինի անուան Նաւթի ու Գազի ինստիտուտի ուսանող Արշակ Շուգեանի համար հանդիպումը հնարաւորութիւն մըն էր ոչ միայն ծանօթանալու կրթութեան եւ գիտութեան նորութիւններուն, այլ նաեւ նոր լոյսի տակ տեսնելու Հայաստանը ու անոր ապագան:
«Հայաստանում իրականացուող գիտակրթական ոլորտների գործընթացներն աւելի խորքային հասկանալու ցանկութիւնն ու բարձրացուած հարցադրումները ցոյց տուեցին, որ ռուսահայ երիտասարդները շատ աւելի խորը արմատներով են կապուած հայրենիքին եւ պատրաստ են իրենց գիտելիքները ծառայեցնել Հայաստանի զարգացման ու հզօրացման նպատակին«, յայտնեց Մոսկուայի Հայ Դատի գրասենեակի պատասխանատու Ներսէս Ներսիսեան՝ աւելցնելով, որ նման հանդիպումները պիտի դառնան շարունակական եւ հնարաւորութիւն պիտի ընձեռեն համախմբելու ռուսահայ երիտասարդներու ներուժը: