ՄԱՐՕ ՔԷՇԻՇԵԱՆ
ՊԸՐՊԵՆՔ.- Շաբաթ, 24 Մարտ 2018ի կէսօրին, Պըրպենքի «Արպաթ» ճաշարանի սրահին մէջ տեղի ունեցաւ ՀՕՄի փառատօնի յանձնախումբին կազմակերպած ճաշկերոյթը՝ շուրջ 180 համակիրներու եւ ՀՕՄի անդամներու մասնակցութեամբ:
Ճաշկերոյթը երգիծական բնոյթ ունէր, ինչ որ մեծապէս ոգեւորեց ներկաները: Ձեռնարկի բացումը կատարեց ՀՕՄի փառատօնի համաատենապետ Սեդա Դարբինեան, որ բացատրելով ճաշկերոյթին նպատակը՝ ըսաւ, թէ անիկա կը միտի նիւթապէս օգտակար հանդիսանալ ՀՕՄի Շրջանային վարչութեան եւ ՀՕՄի երկօրեայ փառատօնի վեր-սկսման աշխատանքներուն, որ տեղի պիտի ունենայ29-30 Սեպտեմբեր 2018ի շաբաթավերջին: Ապա, ան հրաւիրեց յանձնախումբի համաատենապետ իր գործընկեր Էմմա Կարապետեանը, ներկայացնելու համար օրուան անակնկալը, որ պարգեւատրումն էր ՀՕՄի «Կարս» մասնաճիւղէն վաստակաշատ ՀՕՄուհի Սաթենիկ Նալպանտեանի:
Էմմա Կարապետեանը, Պարոյր Սեւակի «Մարդ կայ ելել է շալակն աշխարհին, Մարդ կայ շալակած աշխարհն ա տանում» խօսքերը մէջբերելով՝ այսպէս բնութագրեց Ս. Նալպանտեանը. «Այսօր մեր մէջ ունինք ընկերուհի մը, որ ՀՕՄի հոգը ուսերուն վրայ շալակած կը պտըտի: Համեստ, գիտակից, խելացի, անսակարկ նուիրումով օժտուած. մէկ խօսքով՝ օրինակելի ընկերուհի մը, որ արժանի է ՀՕՄի ընտանիքի գնահատանքին»։
Անակնկալի եկած Սաթենիկ Նալպանտեանը, Շրջանային վարչութեան ատենապետ Սիլվա Փօլատեանի ընկերակցութեամբ առաջնորդուեցաւ բեմ, ուր գնահատագիրով մը պարգեւատրուեցաւ՝ «Առ ի երախտագիտութիւն ՀՕՄի Փառատօնի կազմակերպական աշխատանքներու յաջողութեան ցուցաբերած երկար տարիներու իր անխոնջ աշխատանքին ու մեծ ներդրումին»:
Նալպանտեան յուզումնախառն զգացումներով շնորհակալութիւն յայտնեց իրեն ընծայուած պատիւին համար եւ հաստատեց, թէ իւրաքանչիւրիս պարտականութիւնն է օգտակար հանդիսանալ մեր սիրելի կազմակերպութեան՝ ՀՕՄին, որուն համար գնահատանքի չենք սպասեր:
Սրտի խօսք փոխանցեց նաեւ ՀՕՄի «Կարս» մասնաճիւղի ատենապետ Հուրի Գասապեան, որ իր մասնաճիւղի անդամներուն անունով շնորհաւորեց մեծարեալ ընկերուհին, վեր առաւ անոր օգտաշատ գործունէութիւնը մասնաճիւղէն ներս եւ առ ի գնահատանք ՀՕՄէն ներս տարած իր երկար տարիներու ծառայութեան՝ մասնաճիւղին անունով ծաղկեփունջ մը նուիրեց անոր:
Պաշտօնական յայտագիրէն ետք մթնոլորտը զուարճացուց կատակերգակ Մէրի Պասմաճեանը: Իսկ երգիչ Վարանդը իր պարային երգերով ոտքի հանեց բոլոր ներկաները: Ձեռնարկը վերջ գտաւ կէսօրէն ետք ժամը 3ին: Մասնակիցները գոհունակութեամբ մեկնեցան տուն՝ ՀՕՄին առաւել զօրակցելու հաստատակամութեամբ:
***
ՀՕՄի ԱՄՆի Արեւմտեան շրջանը հիմնուած է 1984ին, իր կեդրոնատեղին ունենալով Քալիֆորնիոյ նահանգի Կլենտէյլ քաղաքին մէջ: Ան 26 մասնաճիւղերով մարդասիրական կազմակերպութիւն մըն է՝ հինգ նահանգներու մէջ գործող աւելի քան 1200 անդամներով: Շրջանիս ՀՕՄը ունի Ընկերային ծառայութեան բաժանմունք՝ հինգ գրասենեակներով, Հոգեբանական կեդրոն, եւ կը հովանաւորէ պատանեկան-երիտասարդական զանազան ծրագիրներ, կրթանպաստներ եւ այլ նպաստներ: Մանրամասնութիւններու համար, այցելել ՀՕՄի www.arswestusa.org կայքը, կամ հեռաձայնել (818) 500-1343 թիւին: