ԿԱԶԱ, ԱՆԳԱՐԱ, «Ուաշինկթըն Փոսթ».- Մարտ 30ին, Իսրայէլի կողմէ բռնագրաւուած Կազայի մէջ պաղեստիցներու կողմէ կազմակերպուած քայլարշաւը պատճառ դարձաւ նոր ողբերգութեան մը, երբ Իսրայէլի սահմանապահ ուժերը անհամեմատ ուժով յարձակեցան քայլարշաւի մասնակցող հազարաւորներուն վրայ՝ սպաննելով առնուազն 15 պաղեստինցի ցուցարարներ։ Նաեւ, վիրաւորուեցան 1400 պաղեստինցիներ, որոնցմէ 750ը հրազէնային վէրքեր ստացած են։
Յաջորդող օրերուն նուազ տարողութեամբ ցոյցեր շարունակուեցան, իսկ Երկուշաբթի օրուան տուեալներով, սպաննուած պաղեստինցիներուն թիւը 18ի հասաւ։
Մեծաթիւ այս կորուստին դիմաց, Պաղեստինեան իշխանութեան նախագահը ազգային սուգի օր հռչակեց։
Պաղեստինցիները որոշած են ցոյցերը շարունակել մինչեւ Մայիս 15, որ Իսրայէլի հիմնադրութեան 70ամեակն է եւ որ «Աղէտի օր» հռչակուած է պաղեստինցիներուն կողմէ։
Նաեւ, հակառակ անոր որ ՄԱԿը կոչ ըրաւ անկախ հետաքննութիւն մը կատարելու այս սպանութեան գծով, Իսրայէլ յայտարարեց, թէ նման հետաքննութիւն մը հարկաւոր չէ՝ պաշտպանելով իսրայէլացի զինուորներուն արարքները։
Ակնարկելով այս իրադարձութեանց՝ Թուրքիոյ նախագահ Ռեչեփ Թայիփ Էրտողան անգամ մը եւս «ահաբեկչական» կոչեց Իսրայէլի կառավարութիւնը, որուն հակադարձելով՝ Իսրայէլի վարչապետ Պենիամին Նեթանիահու շեշտեց. «Ա՛ն, որ բռնագրաւուած կը պահէ Կիպրոսը, քրտական հողատարածքներ կը ներխուժէ եւ Աֆրինի գործողութեան ընթացքին խաղաղ քաղաքացիներ կը սպաննէ, իրաւունք չունի մեզի արժէքներու եւ բարոյականութեան մասին դասեր տալու»։
Իր կարգին, Էրտողան փոխադարձած է՝ ըսելով. «Նեթանիահու, դուն շատ տկար մնացած ես։ Դուն քեզ սրբագրէ քիչ մը։ Քու խնդիրը ահաբեկիչներու հետ չէ՛. դուն արդէն ահաբեկիչ երկիրի մը վարչապետն ես։ Աշխարհի վրայ ո՛չ մէկը կը սիրէ քեզ»։