ՈՒԻԹԻԸՐ, Քալիֆորնիա.- Իւրաքանչիւր Ապրիլ ամսուան, Ուիթիըր քաղաքի հանրային գրադարանը գիրք մը կ՛ընտրէ, որպէսզի քաղաքի բնակիչներուն կողմէ ընթերցուի՝ «Մէկ գիրք, մէկ քաղաք» ծրագրի ծիրին մէջ։
Այս տարուան գիրքը Ալին Օհանէսեանի «Օրհանի Ժառանգութիւնը» («Orhan՛s Inheritance») հատորն է, որ նուիրուած է Հայոց Ցեղասպանութեան եւ առիթ պիտի ընծայէ այդ մասին շարք մը քննարկումներու։
Քննարկումներէն առաջինը՝ «Ինչպէ՞ս հասկնալ «Օրհանի Ժառանգութիւնը» հատորը» նիւթով, պիտի առաջնորդէ յայտնի պատմաբան դոկտ. Ռիչըրտ Յովհաննէսեան, Չորեքշաբթի, Ապրիլ 4ին, երեկոյեան ժամը 6։30ին, քաղաքի Կեդրոնական գրադարանի սրահին մէջ։
Նոյն սրահին մէջ, հատորի հեղինակը գիրքի պատրաստութեան մասին յաւելեալ մանրամասնութիւններ պիտի փոխանցէ՝ հեղինակ եւ խմբագիր Տէյվիտ Ուլինի հետ հանրային հարցազրոյցի մը ընթացքին, որ տեղի պիտի ունենայ Շաբաթ, Ապրիլ 14ին, երեկոյեան ժամը 5ին։
Երկուշաբթի, Ապրիլ 16ին, երեկոյեան ժամը 6։30ին, գրադարանի Ուիթուուտի մասնաճիւղին մէջ տեղի պիտի ունենայ Սիւզան Խարտալեանի՝ «Grandma՛s Tattoos» («Տատիկիս Դաջուածքները») վաւերագրական ֆիլմին ցուցադրութիւնը, իսկ Ապրիլ 25ին, երեկոյեան ժամը 6։30ին, «Iwitness» ծրագիրէն Սեդա Անթեքելեան եւ Մանուկ Աւետիկեան պիտի խօսին «Շօա» հիմնարկի արխիւներուն մէջ գտնուող Հայոց Ցեղասպանութենէն վերապրողներու վկայութեանց մասին՝ դարձեալ Ուիթուուտի մասնաճիւղին մէջ։
Վերջապէս, Չորեքշաբթի, Ապրիլ 27ին, երեկոյեան ժամը 6։30ին տեղի պիտի ունենայ գեղարուեստական յայտագիր մը՝ մասնակցութեամբ Կրեկ Հօշարեան եռեակին եւ Արա Մելքոնեանի պարախումբին։
Կեդրոնական գրադարանի հասցէն է՝ 7344 S. Washington Ave., Whittier, CA 90602, իսկ Ուիթուուտի մասնաճիւղին հասցէն՝ 10537 Santa Gertrudes Ave., Whittier, CA 90603։
Ձեռնարկներուն մուտքը ազատ է։ Յաւելեալ տեղեկութեանց կամ տեղեր ապահովելու համար, դիմել (562) 567-9900 թիւին, կամ այցելել www.whittierplf.org կայքը։