ՊԸՐՊԵՆՔ.- Հիւսիսային Ամերիկայի Արեւմտեան թեմի առաջնորդ Յովնան արք. Տէրտէրեանի հովանաւորութեամբ, Մարտ 19-20ին, Մալիպու քաղաքի Հոգեւոր կեդրոնին մէջ տեղի ունեցաւ թեմի տարեկան հոգեւոր առանձնացումը:
Օրուան պատարագիչն ու քարոզիչն էր Սրբոց Ղեւոնդեանց Մայր տաճարի հոգեւոր հովիւ Խաժակ քհնյ. Շահպազեան: Ս. սեղանին սպասարկեցին եւ ամբողջ ծրագիրի ընթացքին իրենց մասնակցութիւնը բերին թեմի տարբեր հոգեւորականներ:
Առաջնորդ սրբազանը, դիմելով խոկումի մասնակիցներուն՝ յորդորեց ամուր հաւատքի մէջ զօրացնել իրենց կեանքը բարի գործերով եւ առաքինութեամբ:
Գրեթէ երկու օր տեւած խոկումի եւ հոգեւոր առանձնացման ծրագիրէն ետք, հաւատացեալները վերադարձան նորոգուած եւ զօրացած հաւատքով: