ՊԷՅՐՈՒԹ, «Ազդակ».- Հովանաւորութեամբ Լիբանանի հայոց թեմի առաջնորդ Շահէ եպս. Փանոսեանի եւ նախագահութեամբ Ցոլինէ Խաչատուրեանի, Կիրակի, 25 Մարտի երեկոյեան, Ազգային միացեալ վարժարանի «Ժիրայր եւ Ցոլինէ Խաչատուրեան» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ Ազգային վարժարաններու շրջանաւարտներու կատարողութեամբ երաժշտական բարձր մակարդակի երեկոյ մը, որ նաեւ սրահին մէջ կազմակերպուած անդրանիկ ձեռնարկն էր:
Ազգային Միացեալ վարժարանի կրթական համակարգող Գրիգոր Էքմեքճեան իր բարի գալուստի խօսքին մէջ նկատել տուաւ, որ հայ դպրոցի գոյութեան ու յարատեւութեան կարեւոր ուժերէն եւ լծակներէն մէկը կը հանդիսանայ հայ շրջանաւարտը, որ լաւագոյն ներկայացուցիչը եւ դեսպանն է հայ դպրոցին, որովհետեւ ինք պատկերն է երկար տարիներու դաստիարակութեան, որ ստացաւ հայեցի շունչին եւ կրթութեան հետ, որոնցմով սնանեցաւ երկար տարիներ շարունակ: Ան ըսաւ, թէ ազգային տարբեր վարժարաններէ շրջանաւարտներ կը վերադառնան իրենց տունը՝ Ազգային Միացեալ վարժարան, որ իր յարկին տակ մէկտեղած եւ համախմբած է հայ աշակերտը, հայ ուսուցիչը, հայ դաստիարակը: «Անոնք իրենց ասպարէզներուն մէջ փայլուն յաջողութիւններ արձանագրած եւ միջազգային ու օտար բեմերու վրայ հայ ազգին անունը եւ պատիւը բարձր պահած կը վերադառնան վերստեղծելու ամուր կապը՝ հայ դպրոցին եւ շրջանաւարտին միջեւ», հաստատեց Գ. Էքմեքճեան՝ աւելցնելով, որ իրենց ուրախութիւնը կրկնապատկուած է, որովհետեւ սոյն երեկոն սրահին անդրանիկ ձեռնարկն է, որով պաշտօնապէս բացուած կը յայտարարուի Ժիրայր եւ Ցոլինէ Խաչատուրեան ընտանիքին բարերարութեամբ կառուցուած սոյն սրահը:
Այնուհետեւ Ազգային վարժարաններէ հինգ շրջանաւարտներ ներկայացուցին բարձրորակ երաժշտական երեկոյ մը, որ մեծապէս գնահատուեցաւ հանդիսականներուն կողմէ:
Աւարտին, երաժշտական երեկոյի հինգ մասնակիցներուն անունով Զաքար Քէշիշեան շնորհակալութիւն յայտնեց, որ սրահի բացման հանդիսութեան համերգը վստահուած էր իրենց:
Ազգային վարչութեան ատենապետ Յակոբ Հաւաթեան խօսք առնելով գնահատեց մասնակիցներուն կատարումները՝ հաստատելով, որ անոնք արդէն նուաճած են միջազգային բեմերու վրայ ելոյթ ունենալու ինքնավստահութիւն, ցուցաբերելով համապատասխան որակ:
«Խաչատուրեան ընտանիքը, հանգուցեալ Ժիրայր Խաչատուրեանի օրով, այս դպրոցի (Ազգային Միացեալ Դպրոց) շինութեան մէջ ունեցաւ հիմնական դերակատարութիւն: Անկէ ետք Հրայր Խաչատուրեանը թէ՛ կազմակերպչական, թէ՛ շինարարական աշխատանքներուն ուղղակիօրէն առնչուած, նաեւ իր եւ իր եղբայրներուն բարերարութեամբ շարունակեց երթը, եւ վստահ ենք, որ երթը պիտի շարունակուի իրենց եւ իրենց զաւակներուն ճամբով», եզրափակեց Յակոբ Հաւաթեան:
Սրբազան հայրը խօսք առնելով ըսաւ, թէ Ազգային Միացեալ վարժարանին մէջ ըլլալը մեզի կը յիշեցնէ, թէ այս կառոյցը իրականացաւ, որպէսզի պատիւ ընծայենք հայ դպրոցին, որուն արդիւնքով ահաւասիկ տակաւին մեր միջավայրը կը մնայ ազգային նկարագիրով եւ ազգային շունչով:
Ան եզրափակելով իր խօսքը՝ բարձրօրէն գնահատեց կատարումները եւ սոյն մշակութային երեկոյթով բացուած յայտարարեց «Ժիրայր եւ Ցոլինէ Խաչատուրեան» սրահը, որուն նպատակը միայն աշակերտական ելոյթներու վայր հանդիսանալ չէ, այլ նաեւ մշակութային ձեռնարկներով նոր արժէք հաստատել մեր ժողովուրդի կեանքին մէջ:
Այնուհետեւ սրբազան հայրը բեմ հրաւիրեց Խաչատուրեան ընտանիքը եւ կարդաց Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Արամ Ա. վեհափառ հայրապետի սրբատառ կոնդակը, ըստ որուն՝ վեհափառ հայրապետը Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան «Ասպետ»ի շքանշանով կը պարգեւատրէր Ցոլինէ Խաչատուրեանը, եւ շքանշանը յանձնեց բարերարին:
Աւարտին շնորհակալական խօսք ուղղեց Ցոլինէ Խաչատուրեան: Ան շնորհակալութիւն յայտնեց Արամ Ա. կաթողիկոսին, որ մեծապէս գնահատելով ազգային ծառայութիւնը՝ շքանշանի արժանացուցած էր զինք, նաեւ՝ Շահէ եպս. Փանոսեանին, որ իրերայաջորդ Ազգային վարչութիւններուն մշակած ծրագիրը երկար սպասումէ ետք իրականացուց: Ց. Խաչատուրեան ըսաւ, թէ Հայոց Ցեղասպանութեան 100ամեակի մեծ իրագործումն էր Ազգային Միացեալ վարժարանը՝ աւելցնելով, որ անիկա նորահաս սերունդին համար ստեղծուած արժանավայել դպրոց մըն է, որ կ՛արդարացնէ նոր օրերու պահանջները: Ան գնահատեց սրահի բացման առիթով ներկայացուած երաժշտական համերգը եւ շնորհակալական խօսք ուղղեց երեկոյին իրենց մասնակցութիւնը բերած արուեստագէտներուն: «Յաջող սկիզբ էր: Աւետող գալիք ձեռնարկներու, որոնք մեր ազգի զաւակներուն պիտի պարգեւեն մշակութային վայելք եւ հպարտութիւն», եզրափակեց Ցոլինէ Խաչատուրեան: