ԱԲՕ ՊՈՂԻԿԵԱՆ
Հայաստանի կառավարութիւնը իր Հինգշաբթի, 29 Մարտի նիստի օրակարգին վրայ ունեցած է մեր երկրին դիմագրաւած ամէնէն լուրջ տագնապներէն մէկը՝ ժողովրդագրական աղիտալի վիճակը:
Օրակարգի քննարման մասին տեղեկագրութիւնը շատ անորոշ է. «Վարչապետ Կարէն Կարապետեանի գլխաւորութեամբ՝ կառավարութիւնում ժողովրդագրական խնդիրներին նուիրուած խորհրդակցութիւն է տեղի ունեցել: ՀՀ աշխատանքի եւ սոցիալական հարցերի նախարարութեան պատասխանատուները ներկայացրել են այդ ուղղութեամբ իրականացուած վերլուծութիւնների եւ ուսումնասիրութիւնների արդիւնքները: Քննարկուել են ժողովրդագրական իրավիճակի բարելաւման հնարաւորութիւնները, անդրադարձ է կատարուել ժողովրդագրական պատկերի վրայ ազդող հիմնական գործօններին եւ ներկայացուել են իրավիճակի բարելաւմանն ուղղուած միջոցառումները: Քննարկումների արդիւնքներով, վարչապետը պատասխանատուներին յանձնարարել է լրամշակել ներկայացուած միջոցառումները՝ կարեւորելով դրանց արդիւնաւէտութիւնն ու ազդեցութիւնը»:
Նախ եւ առաջ, այսպիսի լուրջ խնդիրի վերաբերեալ նման տեղեկագրութիւն մը կարծես պարզապէս կ՛ուզէ հանրութիւնը ապահովցնել, որ կառավարութիւնը կը կատարէ իր դերը ու կը փնտռէ արտագաղթը կասեցնող, բազմածնութիւնը խթանող եւ այլ ու այլ լուծումներ:
«Արտագաղթի կասեցումը եւ ժողովրդագրական խնդիրը ՀՅԴ օրակարգի առաջնահերթ հարցերից է», վերջերս տակաւին ՀՅԴ Հայաստանի Գերագոյն ժողովէն ետք հրաւիրուած մամլոյ ասուլիսի ընթացքին յայտարարեց ՀՅԴ ԳՄի նորընտիր ներկայացուցիչ Արսէն Համբարձումեանը:
Արտագաղթի ու ժողովրդագրական աղիտալի վիճակի մասին կ՛ազդարարեն ու տագնապ կը հնչեցնեն Հայաստանի գրեթէ բոլոր քաղաքական ուժերը:
Ազգովին գիտակից ենք, որ աղէտը անկանխատեսելի լուրջ հետեւանքներ պիտի ունենայ՝ եթէ չգտնուի լուծումը:
Իսկ լուծումը՝ դիւրին չէ՛, մանաւանդ այս հանգրուանին, երբ անշրջելի գործընթացներ ստեղծած են առարկայական այնպիսի՛ պայմաններ, զորս շատ դժուարութեամբ կարելի պիտի ըլլայ յաղթահարել, նոյնսիկ եթէ մեր պաշտօնեաները այլեւս հրեշտակի թեւեր ձեռք ձգեն:
Երկրին մէջ արդար համակարգ ստեղծելը կը մնայ նախապայման՝ գոնէ բազմահազար ազգականներու ու բարեկամներու միանալու բնական ձգտումով օրէ օր աւելի թափ ստացող արտագաղթի հոսքը նուազեցնելու համար:
Արդար իրակա՛ն համակարգի կողքին՝ համազգային ծրագիրի մը անհրաժեշտութիւնը կայ, ծրագիր, ուր ամէն մարդ, ամէն պաշտօնեայ, ամէն կուսակցութիւն, ամէն հայ՝ Սփիւռքի մէջ թէ Հայաստանի, պիտի ունենայ իր ներդրումը, իր ոգեւորող շունչը, իր յանձնառութիւնը, իր վճռականութիւնը՝ ետ շրջելու հայրենիքը քամող, հիւծող ալիքը: Վտանգի գիտակցումին վերաբերեալ համախոհութիւն կա՛յ, սակայն այդ վտանգը վերացնելու ուղղութեամբ հիմնական գործօն հանդիսացող ազգային-պետական լո՛ւրջ կեցուածք տակաւին չկայ, չ՛երեւիր: