ԱԲՕ ՊՈՂԻԿԵԱՆ
Ճիւան Աւետիսեանի ֆիլմարուեստին արդէն իսկ ծանօթ ենք՝ «Թեւանիկ» եւ «Վերջին Բնակիչը» շարժապատկերներով:
Արցախցի բեմադրիչը արդէն ձեռնարկած է աւելի յանդուգն՝ երրորդ շարժապատկերի մը պատրաստութեան, որուն մասնակցելու կը հրաւիրէ իւրաքանչիւր հայորդիի՝ նուազագոյն մէկ տոլարի նուիրատուութեամբ:
Լայնագոյն շրջանակ ընդգրկելու այս ճիգը կը գնահատենք եւ կը ձայնակցինք բեմադրիչին, կոչ ուղղելով մեր ընթերցողներուն՝ մէկ կամ՝ մեր օրինակին հետեւելով՝ տասը տոլարով մասնակցելու այս ֆիլմի պատրաստութեան ի նպաստ հանգանակային արշաւին։
Fish eye Art Cultural Foundation-ի անունով բացուած crowdfunding հանգանակութեան կրնաք մասնակցիլ՝ այցելելով https://www.indiegogo.com/projects/gate-to-heaven-a-film-from-artsakh-movie# կայքէջը: Ֆիլմի ընդհանուր պատրաստութեան ծախսերուն միայն մէկ մասը գոյացնելու կը միտի այս արշաւը: Նախնական թիրախ ճշդուած է 53,000 տոլար: Ցարդ, արդէն իսկ գոյացած է 13,915 տոլար: Այս գումարը գոյացած է 45 անձերու նուիրատուութեամբ, որ կը նշանակէ՝ իւրաքանչիւրը միջին հաշուով 310 տոլար նուիրած է:
Ճիւան Աւետիսեանը վերջերս Լոս Անճելըս էր, ուր հանդիպումներ ունեցաւ հաւանական նուիրատուներու հետ, որոնց հանգամանօրէն զեկուցեց «Դրախտի Դարպասը»ի պատրաստութեան ընթացքին մասին:
Արցախեան պատերազմը արուեստի, յատկապէս՝ ֆիլմարուեստի ճամբով միջազգային հանրութեան ներկայացնող երիտասարդ բեմադրիչին այս երրորդ աշխատանքին մասնակցութիւն բերելը՝ փոքր նուիրատուութեամբ հոգեկան մեծ գոհունակութիւն ստանալու առիթ մըն է, զոր կ՛առաջարկենք չփախցնել: Իսկապէ՛ս մասնակիցներու թիւի բազմութեամբ եւ փոքր նուիրատուութիւններով մասնակցինք այս հանգանակային արշաւին, եւ վստահ եմ, որ կրնանք նոյնիսկ գերազանցել ճշդուած նախնական 53,000 տոլարի թիրախը: