ՊՈՒԷՆՈՍ ԱՅՐԵՍ, «Աժենսիա Փրենսա Արմէնիա».- Արժանթինեան երկու համալսարաններ՝ «Պելկրանօ»ն եւ Ազգային Արեւմտեան համալսարանը, կասեցուցած են Անգարայի համալսարանին կողմէ կազմակերպուած եւ Հայոց Ցեղասպանութեան ուրացման նպատակը հետապնդող երկու «գիտաժողով»ներու կայացումը։
«1915. Օսմանեան կայսրութեան ամենաերկար տարին» խորագրուած սոյն «գիտաժողով»ներուն մասին տեղեկութեանց բացայայտումէն ետք, երկրի հայկական երիտասարդական կազմակերպութիւնները միացեալ յայտարարութիւն մը հրապարակեցին՝ դատապարտելով անոնց կազմակերպումը, միաժամանակ անընդունելի համարելով Հայոց Ցեղասպանութիւնը ուրացողներուն կողմէ համալսարաններու նման շահագործումներ։
Արժանթինի Հայ Դատի յանձնախումբը եւս դիտել տուած է, թէ այս «գիտաժողով»ը, որ 2015էն ի վեր տեղի կ՛ունենայ Չիլիի, Էքուատորի, Փարակուէյի եւ Հարաւային Ամերիկայի քանի մը այլ երկիրներու մէջ, Ցեղասպանութիւնը ուրանալու գծով Թուրքիոյ իշխանութիւններու ջանքերուն համար գործիքի մը վերածուած է։
Նշենք, որ արժանթինեան համալսարաններուն մերժումէն ետք, կազմակերպիչները նոյն հաւաքը Մարտ 20ին կատարած են Արժանթինի Իսլամական կեդրոնին մէջ։