«ԱՍՊԱՐԷԶ»
Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութիւնը կորնսցուց հաւատաւոր ընկեր մը՝ «Ասպարէզ»ի անգլերէն բաժինի նախկին խմբագիր, Հայ Դատի յանձնախումբի Արեւմտեան Ամերիկայի գրասենեակի նախկին գործադիր տնօրէն Սերժ Սամոնեանցը: Ան իր այդ պարտականութիւնները ստանձնած էր այնպիսի ժամանակաշրջանի մը, երբ Քալիֆորնիոյ հայ համայնքը սկսած էր արդէն դիմագրաւելու նորեկներու ալիքի պատճառած ընկերային ճնշումները, ներքին պրկումները եւ ազգային կառոյցները նոր իրականութեան համապատասխանեցնելու մարտահրաւէրները:
Ընկեր Սերժը մեծ ներդրում ունի մեր համայնքի կազմաւորման մէջ: Յատկապէս եօթանասունական թուականներուն ան միշտ առաջին գիծի վրայ էր Հայ Դատի պահանջատիրական ու ցուցական պայքարի դաշտին վրայ՝ իր նուիրումով ու յեղափոխական ոգիով ներշնչելով բազմաթիւ երիտասարդներ, որոնք այսօր ղեկավար դերեր ստանձնած են մեր համայնքին մէջ:
Ան լուռ էր, համեստ, բայց եւ միշտ պատրաստակամ՝ իր գաղափարները կիսելու բոլոր անոնց հետ, որոնք լուրջ էին, հետաքրքրուած մեր պատմութեամբ, մեր ազգային իրականութեամբ, որոնց մասին իր ճանաչումը շատ խորն էր թէ՛ մասնագիտական առումով՝ իբրեւ խմբագիր ու լրագրող, թէ՛ իբրեւ հասարակական գործիչ:
Տարիներու թաւալքին հետ, ընկեր Սերժ մնաց իր համոզումներուն ու գաղափարներուն հաւատաւոր զինուորագրեալը, բացառիկ պատասխանատուութեամբ կատարելով իր ստանձնած բոլոր պարտականութիւնները, արժանանալով իր շջապատի սիրոյն ու յարգանքին:
Արժանաւոր հայորդի մը կորսնցուցինք, յանձինս մեր ընկերոջ՝ Սերժ Սամոնեանցին: